Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԿՈՒ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

July 29, 2022
in Յօդուածներ
0

Երեք օր տարբերութեամբ Երեւան այցելեցին երկու հզօր պետութիւններու` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի հետախուզական ծառայութիւններու տնօրէնները, որոնք իրենց կարճատեւ կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Աւելի անակնկալ էր ԱՄՆ Կեդրոնական Հետախուզական Վարչութեան (CIA) տնօրէն Ուիլիըմ Պըրնզի այցելութիւնը, որու մասին նախապէս չէր յայտարարուած: Ուրբաթ օր Պըրնզի ժամանումին անդրադարձաւ ռուսաստանեան ՙՍփութնիք Արմինեան՚, իսկ երբ հայաստանեան լրագրողները փորձեցին ամերիկեան դեսպանատունէն ստուգել լուրին հաւաստիութիւնը, հոն ոչ հաստատեցին եւ ոչ ալ հերքեցին լուրը: Աւելի ուշ, տարածուեցաւ պաշտօնական հաղորդագրութիւն, որ վարչապետ Փաշինեան ընդունած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեան, որուն հետ քննարկած է միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցեր եւ Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը:

Հոս հարց կր ծագի, թէ արդեօ՞ք Պըրնզի այցելութիւնը նախատեսուած էր որ մնար գաղտնի, սակայն Ռուսաստան, որ Հայաստանի մէջ ունի հետախուզական լայն ցանց, բացայայտած է Պըրնզի ժամանումը, Հայաստանի իշխանութիւններուն ստիպելով, որ հանդէս գան յայտարարութեամբ:

Իր կարճատեւ կեցութեան ընթացքին Ուիլիըմ Պըրնզ հրապարակային յայտարարութիւն չունեցաւ եւ խիստ անհաւանական է, որ ան եկած է քննելու Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը: Այդ պարագային ան պէտք էր այցելէր նաեւ Պաքու, որուն մասին ոչ մէկ տեղեկատուութիւն եղաւ:

Այս եզակի այցելութեան ծալքերը առայժմ կը մնան չբացայայտուած:

Ուիլիըմ Պըրնզի այցելութենէն երեք օր ետք, Երեւան ժամանեց Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինը: Վարչապետին հետ հանդիպումէն ետք հրապարակուած յայտարարութիւնը ունէր գրեթէ նոյն բովանդակութիւնը:

Ի տարբերութիւն Ուիլիըմ Պըրնզի, ռուս պաշտօնեան պատասխանեց ռուսաստանեան լրատուամիջոցներու հարցերուն, յայտարարելով թէ Մոսկուան պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին` նոր ստեղծուելիք արտաքին հետախուզական ծառայութեան հարցով: Ան խոստացաւ պաշտպանել Հայաստանը, առանց յստակացնելու թէ ինչպէս:

Թէ արդեօ՞ք իր այցելութիւնը կապուած է ամերիկացի պաշտօնակիցին այցելութեան հետ, Սերկէյ Նարիշքին հարցին պատասխանեց այլ հարցով, որ Ուիլիըմ Պըրնզի այցելութիւնը արդեօ՞ք կապուած էր իմ այս այցելութեան հետ:

Մեծ հաւանականութեամբ Սերկէյ Նարիշքին արագօրէն ժամանեց Երեւանª իմանալու համար Ուիլիըմ Պըրնզի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ կայացած խօսակցութեան բովանդակութիւնը:

Այս երկու այցելութիւնները անգամ մը եւս ցոյց կու տան Հայաստանի ներկայացուցած կարեւորութիւնը` կովկասեան տարածաշրջանէն ներս, նոյն ատեն փաստելով, որ Երեւան կը կարողանայ վարել բազմաբեւեռ յաջող արտաքին քաղաքականութիւն:

 

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

ՙՄԱՍԻՍ՚

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ

Next Post

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅԻ ԱՓԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ԾՈՎԻ ՄԱԿԱՐԴԱԿԸ 32 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷՋ 16,5 ՍԱՆԹԻՄԵԹՐՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ Է

Next Post
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅԻ ԱՓԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ԾՈՎԻ ՄԱԿԱՐԴԱԿԸ 32 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷՋ 16,5 ՍԱՆԹԻՄԵԹՐՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ Է

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅԻ ԱՓԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ԾՈՎԻ ՄԱԿԱՐԴԱԿԸ 32 ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷՋ 16,5 ՍԱՆԹԻՄԵԹՐՈՎ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0

ԳԻՏԱԿԱՆ

March 18, 2023
ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ ԵՒ ԽՕՍԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ ԵՒ ԽՕՍԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

March 18, 2023
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԴՐԱՄԱՇՆՈՐՀԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

March 18, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱԹԷՆՔԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

March 18, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.