Փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեան ընդունած է ՙԷյ Էմ Տի՚ (AMD) ամերիկեան ընկերութեան փոխնախագահներ Ամիթ Կուփթայը եւ Ճեյշռի Ռանկառաժան:
Հանդիպմա մասնակցած են նաեւ ՙՆերդրումներու աջակցման կեդրոն՚ հիմնադրամի (ՙԷնթերփրայզ Արմէնիա՚) տնօրէն Լեւոն Օհաննէսեանը, Ընկերութեան հայաստանեան մասնաճիւղի ղեկավար Արա Մարկոսեանը եւ այլք:
Նշենք, որ ամերիկեան ՙԶայլինքս՚ (Xilinx) ընկերութիւնը, որուն հայաստանեան մասնաճիւղը հիմնադրուած էր 2019 թուականին, 2022 թուականի Փետրուարին միաւորուած է միքրոսխեմաներ եւ փրոցեսըրներ արտադրող ՙԷյ Էմ Տի՚ ամերիկեան ընկերութեան: Վերջինս մասնագիտացած է արհեստագիտութիւններու, թուային հեռուստատեսութեան, արդիւնաբերութեան եւ այլ ոլորտներու համար նորարարական եւ ճարտարապետական լուծումներու մշակման աշխատանքներու մէջ:
Փոխվարչապետ Մաթեւոսեան, կարեւորելով ՙԷյ Էմ Տի՚ համաշխարհային արհեստագիտական ընկերութեան` Հայաստանի մէջ ներկայացուած ըլլալը, յոյս յայտնած է, որ, տեղական ներուժը օգտագործելով, հայաստանեան գրասենեակը պիտի դառնայ Ընկերութեան կարեւոր բաղկացուցիչ մասը` նպաստելով համաշխարհային խնդիրներուն արհեստագիտական լուծումներ առաջարկելու առաքելութեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան ու իրականացուցած ծրագրերուն` Համբարձում Մաթեւոսեան նշած է, որ անոնց նպատակն է ինչպէս խրախուսել Հայաստանի մէջ StartUp-ներու հիմնադրումն ու գործունէութիւնը, այնպէս ալ ներգրաւել առաջատար արհեստագիտական ընկերութիւններ, որոնք նոր որակ պիտի հաղորդեն հայաստանեան տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու էքոհամակարգին:
Այս ծիրին մէջ փոխվարչապետը կառավարութեան պատրաստակամութիւնը յայտնած է` քննարկելու Ընկերութեան զարգացման տեսլականը եւ անդրադառնալու այն քայլերուն, որոնք անհրաժեշտ են ընկերութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ ընդլայնելու համար:
Ընկերութեան փոխնախագահները ներկայացուցած են Ընկերութեան կողմէ առ այսօր կատարուած աշխատանքները, անոր զարգացման հեռանկարները եւ ծրագրերը, ինչպէս նաեւ ոլորտին մէջ առկայ խնդիրները: Փոխնախագահները ընդգծած են, որ իրենց Ընկերութեան համար անհրաժեշտ տաղանդաւոր երիտասարդներ Հայաստանի մէջ շատ կան, ու պիտի ընեն առաւելագոյնը զանոնք բացայայտելու, յաւելեալ կրթելու եւ Ընկերութեան կազմում ներգրաւելու ուղղութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ պետական հատուածի թուային օրակարգի շրջանակին մէջ հնարաւոր համագործակցութեան եւ համատեղ միջոցառումներու իրականացման հնարաւորութիւնները եւ, հաշուի առնելով, որ ՀՀ Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը 2020 թուականէն որակեալ մասնագէտներու պատրաստման նպատակով կ՛իրականացնէ շարք մը ծրագրեր, անդրադարձ կատարուած է նաեւ անհրաժեշտ որակաւորում ունեցող մասնագէտներու պատրաստման համատեղ ծրագրերու իրականացման հնարաւորութեան: