Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսէֆ Խալիլ յայտնեց, որ նախարարական յատուկ յանձնաժողովը որոշած է աշխատանքային օրուայ արդիւնաւէտութեան հիման վրայ 150-350 հազար լիրայի նիւթական գումար յատկացնել հանրային պաշտօնեաներուն, պայմանաւ որ օգտուողները շաբաթական առնուազն երեք օր ներկայանան աշխատանքի: Այս ծրագրով կառավարութիւնը կը փորձէ վերջ տալ հանրային ոլորտի պաշտօնեաներու բաց գործադուլին: