Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳՆԵՑԷՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ՚. ՔՈՒԷՅԹԱՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐԸ Կ՛ԱՇԽՈՒԺԱՑՆԷ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՆՊԱՍՏՈՂ ԻՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

July 27, 2022
in Հայաստան
0
ԳՆԵՑԷՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ՚. ՔՈՒԷՅԹԱՀԱՅ ԲԱՐԵՐԱՐԸ Կ՛ԱՇԽՈՒԺԱՑՆԷ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՆՊԱՍՏՈՂ ԻՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

Քուէյթահայ բարերար, գործարար Կիրակոս Գույումճեան հանդէս կու գայ ՙԳնեցէք Հայաստանի մէջ՚ նախաձեռնութեամբ, որուն նպատակն է նպաստել տնտեսութեան զարգացման: Կիրակոս Գույումճեան նշեց, որ նախաձեռնութեան շուրջ աշխատանքները սկսած էին 2019 թուականէն, սակայն համավարակը ծրագրուած աշխատանքները ետ տարաւ: Այժմ քուէյթահայ բարերարը կրկին Հայաստանի մէջ է, նպատակ ունի տարբեր շրջանակներու մէջ աշխուժացնել ՙԳնեցէք Հայաստանի մէջ՚ արշաւը:

ՙԻնչպէս գիտենք, վերջին շրջանին զբօսաշրջութեան աշխուժութիւն կը նկատուի: Շատերը կը նախընտրեն գալ Հայաստան, իրենց հանգիստը այստեղ կազմակերպել: Այս արշաւին էութիւնը այն է, որ մեր հայրենակիցներուն կոչ ընենք, խրախուսենք, որ իրենց կարիքներուն համար նախատեսուած ապրանքները գնեն Հայաստանի մէջ: Ինչ կարիք կայ դուրսէն բերելու ապրանքներ, եթէ այստեղ ամէն ինչ կայ եւ հնարաւոր է հանգիստի ընթացքին գնել: Եթէ այս նախաձեռնութիւնը տարածում ունենայ, ապա շահաւէտ պիտի ըլլայ Հայաստանի համար՚, ըսաւ Կիրակոս Գույումճեան:

Անոր խօսքով, տնտեսապէս շահաւէտ պիտի ըլլայ տեղի գործարարներուն, արտադրողներուն: Եթէ սփիւռքահայ զբօսաշրջիկները սկսին ամէն այցելութեան ժամանակ գնումներու հիմնական մասը ընել Հայաստանի մէջ, այդ կը նշանակէ, որ այստեղ այդ ապրանքներուն պահանջարկը պիտի աւելնայ: Հետեւաբար ե՛ւ վաճառողներուն համար լաւ պիտի ըլլայ, ե՛ւ արտադրողներուն: Բացի անկէ, երկիր եկած արտարժոյթին ծաւալը պիտի աւելնայ ու անկէ պիտի շահի միայն պետութիւնը:

Հայաստան այցելութեան ժամանակ Կիրակոս Գույումճեան հանդիպումներ ունեցած է Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին մէջ, Զբօսաշրջութեան կոմիտէին մէջ, ներկայացուցած է իր նախաձեռնութիւնը, ինչը դրական արձագանգի արժանացած է:

Կիրակոս Գույումճեանը տարբեր առիթներով կը փորձէ աջակցութեան ծրագիրներով գտնուիլ Հայաստանի ու Արցախի կողքին: Ան արաբական լրատուամիջոցներուն մէջ հանդէս կու գայ հայկական հարցերու հետ կապուած յօդուածներով: Կիրակոս Գույումճեանը նկատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին հետ կապուած արաբական երկիրներու մէջ տեղեկութեան պակաս կայ:

ՙԸնդհանրապէս, արաբական աշխարհին մէջ հայկական հարցերը ներկայացնելու տեսանկիւնէն թերացած ենք: Անհրաժեշտ չափով չենք կրցած մեր հարցը ներկայացնել արաբ ժողովուրդին: Շատերը ամբողջական պատկերացում չունին Հայոց ցեղասպանութեան, հայկական այլ հարցերուն հետ կապուած: Ես ալ որոշեցի յօդուածներով հանդէս գալ` ներկայացնելով հայկական հարցերը, հակադարձելով ժխտողական դիրքորոշումներուն՚, ըսաւ Կիրակոս Գույումճեանը:

Քուէյթահայ գործարարը հիմնած է ՙՆերսէս Շնորհալի՚ կրթական մրցանակը Հալէպի եւ Քուէյթի երկրորդական վարժարաններու սաները խրախուսելու համար: Արդէն 20-է աւելի աշակերտ արժանացած է այս մրցանակին: Կիրակոս Գույումճեանը նկատեց, որ այն նպաստած է մրցակցութեան, յառաջդիմութեան բարձրացման: Նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուիէ նաեւ յառաջիկայ տարիներուն:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՍԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԶԲՕՍԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՙՇՇՆՋԱՑՈՂ ԱՓՍԷՆԵՐ՚ ԳԻՏԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՍԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԶԲՕՍԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՙՇՇՆՋԱՑՈՂ ԱՓՍԷՆԵՐ՚ ԳԻՏԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

ՍԵՒԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ ԶԲՕՍԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՙՇՇՆՋԱՑՈՂ ԱՓՍԷՆԵՐ՚ ԳԻՏԱՐՁԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՙԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՎԻՔԹՈՐԻՆԱ՚ ԾՐԱԳՐԻ ՀԱՄԱԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼԸ

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՙԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՎԻՔԹՈՐԻՆԱ՚ ԾՐԱԳՐԻ ՀԱՄԱԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼԸ

May 31, 2023
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

May 31, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՔՈՍՈՎՈՅԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՔՈՍՈՎՈՅԻ ՄԷՋ

May 31, 2023
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

May 31, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.