Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԿԱՄԵԱՅ ԴԱԴԱՐԷ ՅԵՏՈՅ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԳՈՐԾԱՐԿՈՒԻ ՙՆԵՐՈՒԺ՚ ԾՐԱԳԻՐԸ

July 26, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԵՐԿԱՄԵԱՅ ԴԱԴԱՐԷ ՅԵՏՈՅ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԳՈՐԾԱՐԿՈՒԻ ՙՆԵՐՈՒԺ՚ ԾՐԱԳԻՐԸ

Երկամեայ դադարէ յետոյ ՙՆերուժ՚ սփիւռքի արհեստագիտական սթարթափներուն աջակցող պետական ծրագիրը կը վերադառնայ: ՀՀ բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Ռոպերթ Խաչատրեան նշեց, որ ծրագրին նպատակն է խթանել մասնագիտական հայրենադարձութիւնը, ինչ որ պիտի նպաստէ Հայաստանի տնտեսական առաջընթացին ու սթարթափ էքոհամակարգի զարգացման:

ՙՆերուժ՚-ը այն ծրագիրն է, որ կը կամրջէ Հայաստանի եւ սփիւռքի նորարարական միտքը` դառնալով Հայաստանի ապագային միտուած նախագիծերու հնարաւորութեան կարեւոր անկիւնքարը: Ծրագիրը լաւ հնարաւորութիւն է աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն համար վերադառնալու հայրենիք, այստեղ առեւտուր հիմնելու, ապրելու եւ ներդրում ունենալու Հայաստանի յառաջընթացի գործին մէջ՚, նշեց ան:

ՙՆերուժ 3.0՚-ը տեղի պիտի ունենայ 26-30 Սեպտեմբերին, Դիլիջանի մէջ: Կը նախատեսուի աշխարհի տարբեր անկիւններէ Հայաստանի մէջ հիւրընկալել շուրջ 30 սթարթափներու 60 ներկայացուցիչներ: Սփիւռքի արհեստագիտական սթարթափներու ծրագիրը պիտի իրականացուի ՙԻմ քայլը՚ հիմնադրամին հետ գործակցութեամբ: Նոր կայքը գործարկուած է, յայտերը կ՛ընդունուին 25 Յուլիսէն մինչեւ 22 Օգոստոս:

ՙԻմ քայլը՚ հիմնադրամի տնօրէն Մխիթար Հայրապետեանը լիայոյս է, որ համատեղ ջանքերով ծրագիրը պիտի լաւարկուի: Ան վստահեցրեց, որ հիմնադրամը չափազանց կը կարեւորէ Հայաստանի մէջ սփիւռքի համահայկական մարդկային դրամագլուխի կեդրոնացումը:

Ծրագրին կրնան մասնակցիլ այն սթարթափները, որոնց հիմնադիրներու կամ համահիմնադիրներու առնուազն կէսը սփիւռքահայեր են: Նախքան ծրագրին դիմելը սթարթափը պէտք է ունենայ կազմաւորուած խմբակ: Լաւագոյն գաղափարները պիտի արժանանան դրամաշնորհի` հնարաւորութիւն տալով մասնակիցներուն` զարգացնելու գաղափարն ու վերածելու առեւտրային նախաձեռնութեան: Ծրագրի մրցանակային ֆոնտը 45 միլիոն դրամ է:

ՙԵնթանպատակներէն ամենակարեւորներէ է` ստեղծել միջազգային ընկերութիւններ եւ ապահովել Հայաստանի մէջ արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ ներդրումային միջավայրի զարգացումը: Որպէս արդիւնք, մենք կ՛ակնկալենք մօտ 10 ընկերութիւն ստեղծել, զարգացնել եւ հանել միջազգային շուկայ՚, նշեց ՀՀ բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սահակեանը:

Ծրագրի կարեւոր նախապայմաններէն է Հայաստանի մէջ սթարթափ արձանագրելը, գործունէութիւն ծաւալելը եւ առնուազն մէկ տարի Հայաստանի մէջ բնակիլը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԹՐՔԱԿԱՆ ԾԱՒԱԼԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՙԵՒՐՈՏԵՍԻԼ 2023՚ ԵՐԳԻ ՄՐՑՈՅԹԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Next Post
ՙԵՒՐՈՏԵՍԻԼ 2023՚ ԵՐԳԻ ՄՐՑՈՅԹԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

ՙԵՒՐՈՏԵՍԻԼ 2023՚ ԵՐԳԻ ՄՐՑՈՅԹԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.