ՙԱյն ինչ տեղի ունեցաւ Հաժ եպիսկոպոսին հետ ոտնձգութիւն էր իմ անձիս եւ եկեղեցւոյ արժանապատուութեան նկատմամբ, իսկ իշխող խմբաւորումը ի զուր կը փորձէ տեղի ունեցածը վերածել պարզապէս օրինական հարցի՚: Այսպէս յայտարարեց մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալը եւ դիտել տուաւ, որ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսին արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած էր քանի մը օր առաջ Նաքուրայի մէջ: Նշելով, որ դատապարտումի բազմաթիւ հաղորդակցութիւններ ստացած էր նախագահէն, վարչապետէն եւ այլ պատասխանատուներէ, Ռահի յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները յանձնառու կը մնան Աւետարանի մշակոյթին եւ մարդու արժանապատուութեան:
ՙԵթէ որոշ օրէնք մը կ’արգիլէ մարդասիրական օգնութիւններու ապահովումը, թող զայն պարզեն՚, ըսաւ Ռահի եւ անընդունելի համարեց առաջնորդի մը ձերբակալութիւնն ու խուզարկութեան ենթարկումը, առանց վերադառնալու համապատասխան պատրիարքութեան, տեղի ունեցածը համարելով Մարոնի պատրիարքութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն: Ան նաեւ պահանջեց Հաժէն գրաւուած նիւթերը անյապաղ եւ ամբողջութեամբ վերադարձնել:
Յիշեցնենք, որ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի մէջ Մարոնի պատրիարքութեան փոխանորդ Մուսա Հաժ եպիսկոպոսը պաղեստինեան հողերէն վերադառնալէ ետք որոշ ժամանակ ձերբակալուած էր Նաքուրայի մէջ եւ հարցաքննուած, որովհետեւ իր հետ կը բերէր դեղորայք եւ դրամական գումար:
Այս առթիւ, ժողովրդային եւ պաշտօնական պատուիրակութիւններ երէկ ուղղուեցան Տիման, ուր դատապարտեցին Հաժի հետ պատահածը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Ռահիի դիրքորոշումներուն: Պատրիարքը այցելուներուն առջեւ նշեց, որ Հաժ եպիսկոպոսի կատարածը մարդասիրական արարք էր, որովհետեւ լիբանանցիներ կան սուրբ հողերուն վրայ, որոնք ունին իրենց ներկայութիւնն ու պատգամը:
Յոյն ուղղափառներու Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Հաժ եպիսկոպոսի հետ տեղի ունեցածը անընդունելի էր: ՙԵկեղեցին կը մերժէ ենթարկուիլ ահաբեկումի եւ կը վախնայ միայն Աստուծմէ՚, ըսաւ Աուտէ: Իսկ մուֆթի Ահմատ Քապալան հակադարձեց Ռահիի յայտարարութիւններուն եւ կարծիք յայտնեց, որ Իսրայէլ իր գործակալներուն միջոցաւ կը փորձէ ականահարել եւ քայքայել Լիբանանը: ՙԻսրայէլը թշնամի համարել կը նշանակէ թշնամի համարել նաեւ անոր գործակալները ու խեղդել անոնց նիւթական կարողութիւնները՚, ըսաւ Քապալան: Ան Ռահիին կոչ ուղղեց տեղի չտալու զգացումներուն ու երկիրը անորոշ ուղղութեամբ չտանելու, աւելցնելով, որ բոլորը օրէնքին տակ հաւասար են, ըլլան շէյխ կամ եպիսկոպոս: