Եւրոպայի կիներու ֆութպոլի ախոյեանութեան քառորդ աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին« Գերմանիոյ հաւաքականը մրցեցաւ Աւստրիոյ դէմ« Միտըլսէքս նահանգի Պրենթֆըրտ քաղաքի մարզադաշտին վրայ: Գերմանիա ունէր տարածքային առաւելութիւն« որ հասաւ 62 առ հարիւր համեմատութեան: Խումբը կատարեց 5 դիպուկ ու 7 անկիւնային հարուած« որոնցմէ երկուքը կոլի վերածեցին ՙՊայըրն Միւնիխ՚ի կիսապաշտպան Լինա Մակուլ« 25-րդ վայրկեանին« Պույլի փոխանցումով եւ ՙՎոլֆսպուրկ՚ի յարձակող Ալեքսանտրա Փոփ 90-րդ վայրկեանին: Աւստրիան ալ կատարեց 2 դիպուկ ու 6 անկիւնային հարուած« սակայն կոլ չկրցաւ նշանակել: Գերմանիա տարաւ յաղթանակ դժուար եւ կազմակերպուած մրցակիցի մը դէմ ու անցաւ կիսաւարտական հանգրուան: Ստորեւ տեսնել արձանագրուած արդիւնքը.
– Գերմանիա – Աւստրիա 2-0