Լիբանանի ելեւմտական նախարարի պաշտօնակատար Եուսէֆ Խալիլ յայտարարեց« որ մօտ օրէն պետական պաշտօնեաները պիտի վերադառնան իրենց աշխատանքին: Ան դրական համարեց հաղորդակցութիւնը վարչապետին եւ կառավարական յանձնախումբին միջեւ այս հարցին լուծում գտնելու համար: Ան աւելցուց« որ կը փորձէ համոզել Ելեւմտական նախարարութեան պաշտօնեաները որպէսզի ներկայանան եւ իրենց գործընկերներուն աշխատավարձի ցուցակները պատրաստեն« ստանալու համար իրենց աշխատավարձը: