Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց« որ Լիբանան ներկայ չէ շրջանային ուժերու ժողովներուն« որովհետեւ կը համարուի նոր հայրենիք գաղթականներու համար: Ան անընդունելի համարեց այս վերաբերմունքը:
Իպրահիմ յայտնեց« որ պետութիւնը փլուզում կ’ապրի եւ տակաւին կանգուն են միայն ապահովական կառոյցները: Ան քննադատեց քաղաքագէտները« որոնք ջայլամի քաղաքականութիւն կը վարեն եւ անհոգ ձեւով կը վարեն իրենց առօրեայ կեանքը: Անոնց հոգը չէ երկիրը« այլ իրենց հոգն է« թէ քանի քուէ կրցան ապահովել ընտրութեան ընթացքին: