Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԱՀՐԱՄ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՀԻՄՆՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ

July 21, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՎԱՀՐԱՄ ՏՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՀԻՄՆՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ

 

Հիմնադրուած է Հայաստանի մարզական ծրագրաւորման ֆետերասիոնը` ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Տումանեանի նախագահութեամբ:

Հայաստանի մարզական ծրագրաւորման ֆետերասիոն հասարակական կազմակերպութիւնը ՀՀ քաղաքացիներուն, օտարերկրեայ քաղաքացիներու, քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու եւ իրաւաբանական անձերու հասարակական միաւորում է, որ ունի ոչ-առեւտրային կազմակերպութեան կարգավիճակ:

Կազմակերպութեան նպատակներն են Հայաստանի մէջ մարզական ծրագրաւորման զարգացումը, ծրագրաւորման ողիմպիականներու դերի մեծացումը` նպաստելով միջազգային մրցոյթներու մէջ Հայաստանի դպրոցականներու եւ ուսանողներու արդիւնքներու բարելաւման:

Նորաստեղծ ֆետերասիոնը քայլերու պիտի ձեռնարկէ ՀՀ ամբողջ տարածքին ծրագրաւորման մրցոյթներ կազմակերպելու, ողիմպիական ծրագրաւորմամբ հետաքրքրուող ուսանողներու եւ դպրոցականներու համար ուսումնական հաւաքներ կայացնելու ուղղութեամբ: Առաջնային խնդիրներէն են մրցոյթներու համար ծրագրերու ապահովման նախագծումը եւ մշակումը, կայքերու պատրաստումը, ինչպէս նաեւ մարզական ծրագրաւորման ուսումնական ծրագիրներու եւ ձեռնարկներու պատրաստումը եւ տպագրումը, ուսումնամեթոտական հետազօտութիւններու իրականացումը:

Ֆետերասիոնը պիտի աջակցի տարածաշրջանային, հանրապետական եւ միջազգային կապերու հաստատման եւ համագործակցութեան զարգացման` օժանդակութիւն ցուցաբերելով Հայաստանի դպրոցականներու եւ ուսանողներու` ծրագրաւորման միջազգային ողիմպիականներուն եւ հաւաքներուն մասնակցութեան:

Նորաստեղծ ֆետերասիոնի կանոնադրութեամբ կը սահմաուի, որ իր առջեւ դրուած նպատակներն ու խնդիրները իրականացնելու համար Հայաստանի մարզական ծրագրաւորման ֆետերասիոնը կը համագործակցի պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, միջազգային եւ օտարերկրեայ համանման կազմակերպութիւններու, Հայաստանի մէջ արձանագրուած այլ կազմակերպութիւններու հետ:

Կազմակերպութեան անդամ կրնայ  դառնալ 18 տարին լրացուցած, ՀՀ կամ օտարերկրեայ ոեւէ քաղաքացի, ինչպէս նաեւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձ կամ իրաւաբանական անձ, որ կ՛ընդունի կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ սահմանուած նպատակները եւ կը փափաքի մասնակցիլ անոր գործունէութեան:

Կազմակերպութեան անդամ դառնալու ցանկութիւն ունեցող անձը գրաւոր կը դիմէ կազմակերպութեան գործադիր մարմինին` նախագահին: Կազմակերպութեան անդամներուն համար անդամավճար չի սահմանուիր:

Նախարարութենէն կը յիշեցնեն, որ այս տարուայ Ապրիլին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է աշխարհի ամենահին, ամենամեծ եւ ամենահեղինակաւոր ծրագրաւորման մրցոյթի` ICPC-ի (ՙԱյ Սի Փի Սի՚)` Հիւսիսային Եւրասիոյ տարածաշրջանային աւարտակական փուլը, որուն արդիւնքով ԵՊՀ ՙYerevan SU-2813՚ խմբակը հասաւ աւարտական:

Մրցոյթի աւարտականը 2023 թուականին տեղի պիտի ունենայ Եգիպտոսի մէջ:

Հայաստանի մարզական ծրագրաւորման ֆետերասիոնի կազմին մէջ ընդգրկուած են այդ մրցոյթի ակունքներուն կանգնած անձեր:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

Next Post

ԴԵՍՊԱՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԵՐ ՆՈՒԻՐԱԾ Է ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ

Next Post
ԴԵՍՊԱՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԵՐ ՆՈՒԻՐԱԾ Է ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ

ԴԵՍՊԱՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԵՐ ՆՈՒԻՐԱԾ Է ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.