Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Օլեկ Սիրոմոլոտով Microsoft ընկերութիւնը ամբաստանեց ամերիկեան Փենթակոնի յատուկ պատուէրները կատարելու մէջ« ՙորուն նպատակն է ամբողջութեամբ վերահսկել Ուքրանիոյ ամբողջ տեղեկատուական ենթակառուցուածքը եւ զայն զրկել թուային ինքնիշխանութենէ՚: Փոխնախարարը կարծիք յայտնեց« որ Ուքրանիոյ ՙտխրահռչակ տեղեկատուական բանակը՚ եւս կը գտնուի Microsoft-ի տիրապետութեան տակ: