Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան երէկ ժամանեցին Թեհրան« ուր Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ եռակողմանի եւ երկկողմանի նիստերու ընթացքին պիտի քննարկեն տարածաշրջանային եւ միջազգային քաղաքական ու ապահովական գլխաւոր թղթածրարները« Սուրիոյ հարցի քաղաքական լուծումի ընթացքը« ինչպէս նաեւ երեք երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններըª զանազան ոլորտներու մէջ: Ռուսիա« Իրան եւ Թուրքիա կը համարուին Սուրիոյ հարցով Ասթանայի բանակցային հոլովոյթը երաշխաւորող խմբակին երեք կողմերը« հետեւաբար այս խմբակի 7-րդ գագաթաժողովին քննարկումները պիտի արծարծեն Սուրիոյ առկայ իրավիճակը« հակամարտութեան խաղաղ լուծումի հնարաւորութիւնները: