Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԵՒԱՆԻ ՙՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ՚ 19-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՄԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՀԱՏԵՑ ԵԶՐԱԳԻԾԸ.

ՅԱՅՏՆԻ ԵՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐՆԵՐԸ

July 20, 2022
in Հայաստան
0
ԵՐԵՒԱՆԻ ՙՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ՚ 19-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՄԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՀԱՏԵՑ ԵԶՐԱԳԻԾԸ.

Երեւանի ՙՈսկէ Ծիրան՚ 19-րդ միջազգային ֆիլմի փառատօնը հատեց եզրագիծը: 17 Յուլիսին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ  փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ընթացքին դատական կազմը յայտարարեց մրցանակակիրները:

Մրցոյթի դատական կազմի նախագահն էր իրլանտացի օսքարակիր սենարիստ, բեմադրիչ Թերի Ճորճը: Ան երկու անգամ ՙԼաւագոյն սենար՚ անուանակարգին մէջ առաջադրուած է ՙՕսքար՚ մրցանակաբաշխութեան:

Մրցանակները յանձնած ատեն Թերի Ճորճ շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի հիմնադիրներուն, դատական կազմի անդամներուն` կախարդական համարելով Երեւանն ու ՙՈսկէ Ծիրան՚ ֆիլմի փառատօնը:

Մրցանակաբաշխութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ ՙՈսկէ Ծիրան՚ի հիմնադիր նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի դատական կազմի անդամներուն, հիւրերուն, հանդիսատեսին: ՙԿը կարծեմ, որ բոլորս այսօր մրցանակակիրներ ենք, որովհետեւ յաղթահարած ենք դժուարին ժամանակաշրջան: Ե՛ւ ֆիլմի գործիչները աջակցեցան փառատօնի կայացման, ե՛ւ հովանաւորները: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին՚, ըսաւ ան` բեմ հրաւիրելով բոլոր անոնք, որոնք մեծ ներդրում ունեցած են ֆիլմի փառատօնի կայացման գործին մէջ:

Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան յաջորդեց Կարին Յովհաննիսեանի ՙՉտեսնուած հանրապետութիւն՚ ֆիլմի ցուցադրութիւնը: Ըստ սենարին` երբ Արցախի Հանրապետութեան մէջ պատերազմ կը բռնկի, գրող եւ լուսանկարիչ Լիքա Զաքարեանը ապաստան կը գտնէ եւ կը սկսի գրել: Ան դեռ չի գիտեր, որ իր օրագիրը պիտի դառնայ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ամբողջական եւ բազմաշերտ պատմագրութիւն մը:

Երեւանի ՙՈսկէ Ծիրան՚ միջազգային 19-րդ ֆիլմի փառատօնը տեղի ունեցաւ 10-17 Յուլիսն: Փառատօնին ցուցադրուեցաւ շուրջ հարիւր ֆիլմ: Յատուկ փառատօնին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած էին շարք մը պատուաւոր հիւրեր, որոնցմէ էին սպանացի բեմադիչ, Լոքառնոյի ֆիլմի փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիր, Քաննի ֆիլմի փառատօնի մրցանակակիր Ալպերթ Սեռան, Եւրոպական ֆիլմի առաջատար արտադրիչ, 35-է աւելի փառատօներու մրցանակակիր, Քաննի կրկնակի մրցանակակիր ֆիլմերու արտադրիչ Ֆիլիփ Պոպերը, DAU բազմահարթակ մարդաբանական ֆիլմի նախագիծի հեղինակ Իլեա Խրժանովսքին եւ այլք:

Փառատօնը տեղի ունեցաւ Երեւանի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ եւ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՔՈՎԻՏԷՆ ՄԱՀԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԷԿ ՇԱԲԱԹՈՒԱՆ ՄԷՋ ՄԷԿՈՒԿԷՍ ԱՆԳԱՄ ԱՃԱԾ Է

Next Post

ՆՈՐ ՑՈՒՑԱՆՄՈՒՇ ԿԻՒՄՐԻԻ ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

Next Post
ՆՈՐ ՑՈՒՑԱՆՄՈՒՇ ԿԻՒՄՐԻԻ ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

ՆՈՐ ՑՈՒՑԱՆՄՈՒՇ ԿԻՒՄՐԻԻ ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՙԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՎԻՔԹՈՐԻՆԱ՚ ԾՐԱԳՐԻ ՀԱՄԱԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼԸ

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՙԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՎԻՔԹՈՐԻՆԱ՚ ԾՐԱԳՐԻ ՀԱՄԱԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼԸ

May 31, 2023
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

May 31, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՔՈՍՈՎՈՅԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՔՈՍՈՎՈՅԻ ՄԷՋ

May 31, 2023
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

May 31, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.