Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՔՈՎԻՏԷՆ ՄԱՀԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԷԿ ՇԱԲԱԹՈՒԱՆ ՄԷՋ ՄԷԿՈՒԿԷՍ ԱՆԳԱՄ ԱՃԱԾ Է

July 20, 2022
in Միջազգային
0
ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՔՈՎԻՏԷՆ ՄԱՀԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԷԿ ՇԱԲԱԹՈՒԱՆ ՄԷՋ ՄԷԿՈՒԿԷՍ ԱՆԳԱՄ ԱՃԱԾ Է

 

Անցեալ շաբաթ աշխարհի մէջ Քովիտով վարակման նոր դէպքերու թիւը գերազանցած է 6,5 միլիոնը, ինչ որ 0,7 տոկոսով աւելի է քան նախորդ նոյն ժամանակամիջոցին: Քովիտով հիւանդացութիւնը բարձրացած է մինչեւ Ապրիլի սկիզբի մակարդակ:

Նաեւ կը նշուի Քովիտի պատճառով մահացութեան կտրուկ թռիչք: Վերջին եօթը օրուան մէջ աշխարհի մէջ մահացած է մէկուկէս անգամ աւելի մարդ քան նախորդ եօթը օրերուն:

Եւրոպայի մէջ կը շարունակուի հիւանդացութեան հերթական վերելքը: Այժմ ամենաբարձր ցուցանիշները Գերմանիոյ մէջ են, ուր օրական կ՛արձանագրեն աւելի քան 140 հազար դէպք, ինչ որ երկրին համար առաւելագոյնն է Մարտի վերջէն ի վեր:

Ըստ որում Ֆրանսայի մէջ անցեալ շաբաթ զբաղեցուցած է առաջին տեղը տարածաշրջանին մէջ հիւանդացութեան հարցով, Քովիտ արձանագրած են 120 հազար բնակիչներու մօտ: Մօտաւորապէս այդ նոյն մակարդակով են ցուցանիշերը նաեւ Իտալիոյ մէջ: Լատինական Ամերիկայի երկիրներուն մէջ վարակի տարածման կշռոյթները կարելի եղած է կայունացնել: Այսպէս, Մեքսիքոյի մէջ անցեալ շաբաթ, ինչպէս եւ նախորդ նոյն ժամանակամիջոցին, արձանագրած են օրական շուրջ 30 հազար հիւանդացած, ինչ որ կը համապատասխանէ Փետրուարի մակարդակին:

Ամենաբարձր ցուցանիշները տակաւին Պրազիլի մէջ են, ուր Քովիտ կ՛ախտորոշեն մօտաւորապէս 70 հազար մարդու մօտ: Այդ մակարդակով հիւանդացութիւնը այնտեղ կը պահպանուի արդէն երեք շաբաթէ:

Գոլոմպիոյ մէջ եօթը օրուան ցուցանիշերը աճած են 10 տոկոսով: Այնտեղ օրական կը յայտնաբերեն շուրջ 3,5 հազար դէպք: Իսկ Չիլիի մէջ կը նշուի ցուցանիշերու նազում գրեթէ 20 տոկոսով: Քովիտի նոր` եօթներորդ ալիքի մասին կ՛ըսեն նաեւ Ասիոյ շարք մը երկիրներու իշխանութիւնները: Այսպէս, Ճափոնի մէջ վերջին օրերուն արդէն կ՛արձանագրեն աւելի քան 100 հազար հիւանդացած, ինչ որ ամենաբարձր ցուցանիշներէն մէկն է համավարակի ամբողջ ժամանակամիջոցին:

Անցեալ շաբթուան համեմատութեամբ աճը եղած է գրեթէ կրկնապատիկ: Կտրուկ թռիչք կը նշուի նաեւ Հարաւային Քորէայի մէջ, ուր արդէն օրական կ՛արձանագրեն ախտահարման 40 հազար դէպք: Ըստ որում Հնդկաստանի մէջ աճը դադրած է. երկրին մէջ երկրորդ շաբաթն է Քովիտով կը հիւանդանայ շուրջ 20 հազար բնակիչ:

Եօթը օրուան մէջ Քովիտի պատճառով մահացած է 17,6 հազար մարդ, ինչ որ 6,1 հազարով աւելի է քան անցեալ շաբաթ: Աշխարհի մէջ մահացութեամբ առաջին տեղն է դեռ ԱՄՆ-ն, ուր եօթը օրուան մէջ արձանագրուած է շուրջ 1,7 հազար մահացու դէպք (նախորդ շաբթուայ համեմատութեամբ աճը` 10 տոկոս):

Մահացութիւնը մօտաւորապէս այդ նոյն մակարդակով է նաեւ Պրազիլի մէջ: Սակայն այն 30-50 տոկոսով աճած է Եւրոպայի երկիրներու մէջ, ուր կը նշուին նոր բռնկումներ: Այսպէս, Սպանիոյ, Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ օրական կը մահանայ արդէն մօտաւորապէս 110-120 մարդ, ըստ որում ամրան սկիզբը մահուան դէպքերը չորս անգամ պակաս էին:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՔԱՆԻ ՄԸ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՆԵՐԸ ՀԱՍԱԾ ԵՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԱՒԵԼԱԳՈՅՆՆԵՐՈՒ

Next Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ՙՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ՚ 19-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՄԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՀԱՏԵՑ ԵԶՐԱԳԻԾԸ.

Next Post
ԵՐԵՒԱՆԻ ՙՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ՚ 19-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՄԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՀԱՏԵՑ ԵԶՐԱԳԻԾԸ.

ԵՐԵՒԱՆԻ ՙՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ՚ 19-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖԻԼՄԻ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՀԱՏԵՑ ԵԶՐԱԳԻԾԸ.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

June 4, 2023
BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

June 4, 2023
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

June 4, 2023
ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

June 4, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.