Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՏՆՕՐԷՆԸ

July 14, 2022
in Գաղութային
0

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Կոնստանտին Թրայանտաֆիլուն` ուղեկցութեամբ ԵՀԽ Հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի տնօրէն պարոն Կարէն Նազարեանի:

Տիար Կարէն Նազարեանը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին տեղեկացուց Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան պատուիրակութեան Հայաստան այցի նպատակներուն եւ ԵՀԽ Հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի հետ նախանշուող նոր` զարգացման ծրագրերուն մասին:

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր գնահատանքը բերաւ տիար Կոնստանտին Թրայանտաֆիլուին` ողջունելով Հայաստանի մէջ Կլոր սեղան հիմնադրամի հետ իրականացուած բարեգործական ծրագրերը եւ զարգացման ծրագրեր իրականացնելու պատրաստակամութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Մայր Աթոռի միջեւ առկայ ջերմ յարաբերութիւններուն եւ փոխգործակցային մթնոլորտին`  գոհունակութիւն յայտնելով նաեւ Հայաստանի համար դժուարին իրավիճակներուն մէջ Քոյր Եկեղեցիներու կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութեան առնչութեամբ:

Զրոյցի ընթացքին խօսուեցաւ Եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող ընկերային,  բարեսիրական եւ առողջապահական ծրագրերուն մասին, որոնք ուղղուած են ինչպէս ընկերային գետնի վրայ անապահով ընտանիքներու, խոցելի խումբերու աջակցութեանը, այնպէս ալ պատերազմի հետեւանքով հաշմանդամութիւն ստացած անձերու կարիքներուն:

Իր հերթին, Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջազգային բարեգործական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնը ներկայացուց կազմակերպութեան կողմէ տարբեր երկիրներու մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագրերը, կարեւորեց ԵՀԽ Հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամին հետ ընդլայնուող համագործակցութիւնը` ի նպաստ առկայ կարիքներու յաղթահարման:

Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութեան կեդրոնի տնօրէն արժանապատիւ Տ. Մարկոս քահանայ Մանկասարեանը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

Next Post

Next Post

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՙԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՎԻՔԹՈՐԻՆԱ՚ ԾՐԱԳՐԻ ՀԱՄԱԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼԸ

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՙԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԳԻՏԵԼԻՔԻ ՎԻՔԹՈՐԻՆԱ՚ ԾՐԱԳՐԻ ՀԱՄԱԲԱՆԱԿԱՅԻՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼԸ

May 31, 2023
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ

May 31, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՔՈՍՈՎՈՅԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՔՈՍՈՎՈՅԻ ՄԷՋ

May 31, 2023
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ

May 31, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.