Աշխարհի ֆութպոլի ախոյանութեան կիսաեզրափակիչները արդէն պատմութեան անցան։ Սպանիա՝ Ֆրանսայի, իսկ Արժանթին՝ Անգլիոյ դէմ իրենց յաղթանակներով ապահովեցին եզրափակիչի ուղեգիրը եւ այժմ աշխարհի ֆութպոլասէրներուն ուշադրութիւնը սեւեռած է գլխաւոր աւարտականին վրայ։
Հետաքրքրական զուգադիպութիւն մըն է, որ եզրափակիչ հասած երկու երկիրներուն պաշտօնական եւ հիմնական լեզուն սպաներէնն է, բնականաբար հնչիւնաբանական չնչին տարբերութիւններով։
Երկու հաւաքականներուն խաղաոճերուն միջեւ եւս կարելի է նկատել որոշ ընդհանրութիւններ։ Երկուքն ալ կը նախընտրեն խաղը կառուցել դարպասապահէն սկսող եւ երկրպագուներուն երկիւղ պատճառող կարճ փոխանցումներով, սառնասրտօրէն դիմակայել՝ հակառակորդը ճնշելով (pressing), ապա յանկարծակի երկար փոխանցումներով վտանգ ստեղծել՝ մէկ կողմէ Լամին Եամալի, միւս կողմէ Լիոնել Մեսսիի ստեղծագործական կարողութիւններուն միջոցով։ (Յատկանշական էր, որ 48 մասնակից հաւաքականներուն մէջ Արժանթինը հազուագիւտ բացառութիւն էր: Անոր ամենավտանգաւոր ճեղքումները դէպի «մեծ քառակուսի» կը ծնէին կեդրոնէն, մինչ մնացեալ կազմերուն ճնշող մեծամասնութիւնը իրենց յարձակողական գործողութիւնները կը կառուցէին եզրային գօտիներէն)։
Այս բոլորին լոյսին տակ, ֆութպոլասէրները իրաւամբ կրնան սպասել յարձակողական, բաց եւ դիտարժան եզրափակիչ մը։ Կողմերուն ուժերու հաւասարակշռութիւնը այնպիսի տպաւորութիւն կը ձգէ, թէ 90 վայրկեանները գուցէ բաւարար չըլլան աշխարհի նոր ախոյանին անունը որոշելու համար, եւ բացառուած չէ, որ մրցումը երկարաձգումներու կամ նոյնիսկ «փենալթի»ներու հարուածներուն հասնի։
Մինչ այդ, արժէ հպանցիկ անդրադառնալ երկու հաւաքականներուն շուրջ ստեղծուած քննարկումներուն։
Շատ գրուեցաւ եւ խօսուեցաւ Արժանթին–Եգիպտոս հանդիպման մասին։ Բնական է, որ պարտուած կողմը, ինչպէս նաեւ Արժանթինի նկատմամբ վերապահութիւն ունեցող շրջանակները, քննադատէին մրցավարական որոշումները։ Իրաւարարական վիճելի դէպքերը միշտ ալ եղած են ֆութպոլի անբաժանելի մասը, եւ զարմանալի է, որ նոյնիսկ VAR համակարգի դարաշրջանին այդ բանավէճերը տակաւին չեն դադրած։ Ամէն մարդ իր տեսանկիւնէն կը փորձէ ապացուցել, որ մրցավարները կողմնակալ եղած են, թէ Եգիպտոսը զրկուած է իր իրաւունքէն, հրէական «բարեխնամ» կամ նոյնիսկ քաղաքական ու միջազգային ազդեցութիւններու մասին խօսքեր տարածուեցան։ Այս մտածելակերպը յատկապէս տարածուած է մեր Միջին Արեւելքի հասարակութիւններուն մէջ, ուր յաճախ կը գերակշռէ այն համոզումը, թէ յաղթանակները միայն խաղադաշտին վրայ չեն որոշուիր, այլ արտաքին միջամտութիւններու շնորհիւ։
Միւս կողմէ, Արժանթին-Անգլիա կիսաեզրափակիչը կ’անցնէր բոլորովին այլ հոգեբանական մթնոլորտի մէջ։ Յատկապէս առաջին կիսախաղին ընթացքին կը զգացուէր, թէ պատմական ծանր բեռ մը կը կախուէր երկու կազմերուն վրայ։ Թէեւ ֆութպոլային մրցում էր, բայց խաղային բազմաթիւ դրուագներ կը վկայէին, որ խաղադաշտին վրայ կը շարունակուէր 1982-ի «Ֆոլքլենտեան» պատերազմի հոգեբանական արձագանգը։ Այդ պատերազմը, յիշեցնենք, աւարտած էր Մեծ Բրիտանիոյ յաղթանակով՝ շուրջ 649 արժանթինցի եւ 255 բրիտանացի զինուորներու կեանքը խլելով։ Բնականաբար, որեւէ մարզական մրցում չի կրնար պատմական վրէժի դաշտ դառնալ, սակայն խաղացողներուն վճռակամութիւնը եւ պայքարի ուժգնութիւնը երբեմն այնպիսի տպաւորութիւն կը ձգէին, կարծէք պատմութեան չսպիանացած էջերէն մէկը կրկին կը բացուէր։
Իսկ Սպանիա-Ֆրանսա կիսաեզրափակիչը շատերուն համար իսկական անակնկալ մը եղաւ։ Ֆրանսան, որ մինչ այդ ցուցադրած էր կայուն եւ համոզիչ խաղաոճ, շատերու կողմէ կը նկատուէր աշխարհի ախոյանութեան գլխաւոր յաւակնորդը։ Սակայն, կազմակերպուած եւ բարձր մակարդակի ֆութպոլ ցուցադրած Սպանիան ամբողջովին գերազանցեց իր մրցակիցը՝ 2–0 արդիւնքով դիւրին եւ արժանի յաղթանակ տանելով:
Այժմ մնացած է վերջին եւ ամենակարեւոր հարցումը: Աշխարհի ախոյանութեան բաժակը պիտի վերադառնա՞յ Եւրոպա՝ Սպանիոյ միջոցով, թէ՞ պիտի շարունակէ մնալ Հարաւային Ամերիկայի մէջ՝ Արժանթինի երրորդ հիւրընկալութեան ներքոյ։
Պատասխանը պիտի տրուի խաղադաշտին վրայ՝ Կիրակի ուշ երեկոյեան։ Իսկ մինչ այդ, աշխարհի միլիոնաւոր ֆութպոլասէրներուն կը մնայ եւս մէկ օր ապրիլ սպասումով, վերլուծութիւններով եւ, անշուշտ, անվերջ գուշակումներով։

