ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՅԼ ՑԱՐԴ ՉԿԱՅ
Ճիշդ է, որ քանի մը օր առաջ Հռոմի մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան-իսրայէլեան բանակցութիւնները առաջնորդած են հարաւի որոշ շրջաններէն իսրայէլեան նահանջին վերաբերող համաձայնութեան, սակայն գետնի վրայ տակաւին չկան գործնական քայլեր: Տեղական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իսրայէլ կը խուսափի յստակ ժամկէտ մը ճշդելէ իր նահանջին համար, թէեւ ամերիկացիները սկսած են այս հարցով աջակցիլ լիբանանեան դիրքորոշումին: Հարաւի մէջ թէեւ նուազած են իսրայէլեան գործողութիւնները, այսուհանդերձ յաճախ պայթումներ կը կատարուին բռնագրաւեալ գօտիին մէջ: Ազգային լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Պընթ Ժպէյլ քաղաքին մէջ պայթեցուցած է Մըհտիի վարժարաններուն համալիրը:
ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵ՞Ր
Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարը առաջարկեց եւրոպական զինուած ուժերէն կազմուած զօրախումբ մը ուղարկել Լիբանան՝ փոխարինելու համար ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահները, որոնց ծառայութիւնը պիտի եզրափակուի տարեվերջին:

«Մենք կրնանք երաշխաւորել կայունութիւնը, որպէսզի ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի մեկնումէն ետք լարուածութիւն չյառաջանայ Հարաւային Լիբանանի մէջ», յայտնեց նախարարութիւնը:
ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ ՀՈՐՄՈՒԶԻՆ ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՄԸ
Ամերիկեան բանակը կը շարունակէ հարուածել Իրանի հարաւային շրջանները՝ ներառեալ Պանտար Ապպասի տարածքը, Հորմուզի նեղուցին ներձակայ գաւառներն ու կղզիները: Իրանի առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, 22 Յունիսէն ետք բազմացած յարձակումներուն հետեւանքով ցարդ մահացած է առնուազն 38 մարդ, իսկ վիրաւորներուն թիւը կը հատէ չորս հարիւրը: Ըստ Իրանի լրատու գործակալութեան, վերջին ժամերուն կործանուած է վեց կամուրջ: Ամերիկեան կողմը շեշտեց, թէ տասնեակներով կէտեր հարուածած է՝ տկարացնելու համար Իրանի ռազմական կարողութիւնները:

Իրանի յեղափոխական պահակագունդը միւս կողմէ յայտարարեց, թէ ամերիկեան խարիսխներ թիրախաւորած է Քուէյթի, Քաթարի, Պահրէյնի եւ Յորդանանի մէջ, կործանելով ռազմական օդանաւեր, անօդաչու սարքեր եւ հրամանատարական կէտեր, աւելցնելով որ հրթիռարձակումները պիտի շարունակուին մինչեւ Իրանի հարաւային շրջաններուն վրայ ամերիկեան յարձակումին դադրեցումը: Անօդաչու սարքերով յարձակումի ենթարկուեցան նաեւ Իրաքի հիւսիսային Քիւրտիստան գաւառին մէջ գործող եւ Թեհրանի վարչակարգին ընդդիմացող զինեալներ: Քուէյթի բանակը յայտարարեց իրանեան հարուածներուն հետեւանքով 7 զինուորի վիրաւորումին մասին: Իսկ սուրիական բանակէն հրամանատար մը յայտնեց, որ Թենեֆի շրջանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան խարիսխը ենթարկուած է հրթիռարձակումի, սակայն հրթիռները ինկան անապատային շրջանի մէջ: Իսկ Իրաքի մէջ իսլամական դիմադրութիւնը 10 միլիոն տոլար խոստացաւ Թրամփը սպաննողին:

Հարուածներու փոխանակումին զուգահեռ, ամերիկեան Սպիտակ տունը անգամ մը եւս յայտարարեց, որ Թեհրանի իշխանութիւնները Ուաշինկթընին յայտնած են ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու վերաբերեալ համաձայնագիր մշակելու մտադրութեան մասին, աւելցնելով որ երկկողմանի շփումները չեն դադրած, հակառակ ռազմական գործողութիւններուն: Նշենք, որ անցնող չորս ամիսներուն Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տունը եւ անձամբ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ գրեթէ շաբաթական դրութեամբ կատարած են նմանօրինակ յայտարարութիւններ, որոնց ծանրակշիռ մասը անհիմն դուրս եկած է:
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՌՈՒՍ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր ամերիկացի պաշտօնակից Տոնըլտ Թրամփին՝ Հայ-ատրպէյճանական խաղաղ հոլովոյթը յառաջ մղելու ուղղութեամբ ներդրած ջանքերուն համար: Շուշիի մէջ համագումարի մը իր մասնակցութեան ծիրին մէջ, Ալիեւ X-ի իր էջին վրայ գրեց, որ Թրամփին դերը անգնահատելի եղած է Երեւանի հետ Պաքուի կապերը բնականոնացնելու եւ տարածաշրջանային կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն առնչութեամբ:
Ատրպէյճանէն Հայաստան զանազան նիւթերու փոխադրութեան ծիրին մէջ, վերջերս Հայաստան փոխադրուած է շինարարական նպատակներու յատկացուած փլասթիքէ կտոր՝ վառելանիւթի եւ սննդանիւթեր մատակարարումներէն որոշ ժամանակ ետք: 2026-ի Յունուար-Յունիս ամիսներուն ընթացքին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Հայաստան արտահանած են 17 միլիոն 129 հազար տոլարի, իսկ Հայաստանէն Ատրպէյճան փոխադրութիւն չէ եղած:
Իսկ արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով հայ-ատրպէյճանական թղթածրարը, տարածաշրջանի հարցերն ու երկկողմանի կապերը արծարծեց իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ: «Հայաստանի հետ վերջին շրջանին եղած պատմական հոլովոյթները՝ ներառեալ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը, մեր տարածաշրջանին մէջ ստեղծած են երկարաժամկէտ խաղաղութեան հնարաւորութիւն», ըսաւ Պայրամով՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը այսօր գործնականօրէն դարձած է իրականութիւն:
ՄՈՒՏՔԻ ԱՐՏՕՆԱԳՐԵՐՈՒՆ ՀԱՐՑՈՎ ԶՐՈՅՑ
Հայաստան-Եւրոմիութիւն մուտքի արտօնագրերու ազատականացումին նուիրուած երկխօսութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ե շարք մը նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ տեսակցած են եւրոպացի պաշտօնատարներու հետ: Զրուցակիցները խօսած են այս հոլովոյթը աւելի եւս արագացնելու միջոցներուն մասին:
ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
ՄԱԿ-ի հրապարակած զեկոյցներէն մէկուն մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներուն ծաւալը 2024-ին հասած է 7 միլիառ 639 միլիոն տոլարի, մինչ տարի մը առաջ 7 միլիառ 513 միլիոն էր: Նշենք, որ 2000 թուականին Հայաստանի մէջ կուտակուած էր ընդամէնը 513 միլիոն տոլարի օտարերկրեայ ներդրում, իսկ 2010-ին՝ 4 միլիառ 405 միլիոն տոլար:

ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՊԻՏԻ ՉԴԱՌՆԱՅ
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած եւ երրորդ դիրքը գրաւած՝ ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքը որոշած է չհրաժարիլ երեսփոխանական աթոռներէն, թէեւ այդ մասին շշուկներ տարածուած էին ընտրութեան նախորդած եւ յաջորդած փուլին, մանաւանդ «Քաղաքացիական պամանագիր» կուսակցութեան ընտրական յաղթանակէն ետք: 9-րդ գումարումի նորընտիր Ազգային ժողովին մէջ նշեալ դաշինքը պիտի ունենայ 12 երեսփոխան: Դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեան յայտնեց, որ պիտի հրաժարի երեսփոխանի աթոռէն, ուստի այդ պիտի վստահուի դաշինքի ցուցակին մէջ 13-րդ դիրքը գրաւած թեկնածուին:
«3+3» ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐ
Ռուսաստանը կ’ակնկալէ, որ «3+3» տարածաշրջանային խորհրդակցական ձեւաչափով նախարարական հերթական հանդիպումը՝ վեց երկիրներու մասնակցութեամբ, տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային. Մոսկուայի մէջ իր ատրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով։

«Կ’ակնկալենք, որ մօտ ժամանակներս մեր ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերները կը համաձայնեցնեն նախարարական յաջորդ հանդիպման ժամանակացոյցը, եւ մենք կ’որոշենք, թէ այն ուր տեղի կ’ունենայ՝ Պաքուի, թէ Երեւանի մէջ», – ըսած է Լաւրով։
Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարը նշած է, որ «3+3» հարթակը (Ռուսաստան, Ատրպէյճան, Հայաստան, Իրան, Թուրքիա, Վրաստան) զգալի ներուժ ունի տարածաշրջանային մարտահրաւէրները տարածաշրջանի երկիրներու ուժերով լուծելու համար՝ առանց արտաքին ապակառուցողական միջամտութեան։
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆ ՊՂԾՈՂԸ՝ ԿԱԼԱՆՔԻ ՏԱԿ
Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Իսթանպուլի Սկիւտար շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ գերեզմանատունը պղծած մարդը կալանաւորուած է: Ան վնասած էր հինգ գերեզման եւ յուշաղբիւր: Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը դատապարտած էր անյայտ մարդուն արարքը, իսկ ոստիկանութիւնը քանի մը ժամուան ընթացքին ձերբակալած էր ենթադրեալ յանցագործը:

