ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀՐԱՒԷՐ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՈՒՆԻՆ
Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը յայտարարած է, որ Սպիտակ տունը պաշտօնական հրաւէր ուղարկած է Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունին՝ 21 Յուլիսին այցելելու Ուաշինկթըն եւ հանդիպելու ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ։

Դեսպանատունը նշած է, որ այս հրաւէրը կ’արտացոլէ Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ամուր գործընկերութիւնը եւ երկու նախագահներուն հնարաւորութիւն կու տայ քննարկելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր՝ երկկողմ յարաբերութիւններ, տարածաշրջանային անվտանգութիւն եւ ԱՄՆ-ի շարունակական աջակցութիւնը Լիբանանի ինքնիշխանութեան, կայունութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ պետական հիմնարկներուն: Այս այցը արդիւնքն է Լիբանանի դեսպանատան դիւանագիտական տքնաջան գործունէութեան, Լիբանանի նախագահութեան եւ ԱՄՆ վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ սերտ համագործակցութեամբ, որուն ընթացքին դեսպանատունը աշխատած է բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը խթանելու եւ այս պաշտօնական այցելութեան պայմանաւորուածութիւնները հեշտացնելու ուղղութեամբ: Դեսպանատունը նշած է, որ ինք կը համակարգէ նախագահ Աունի այցելութեան բոլոր առումները՝ Լիբանանի նախագահութեան, Սպիտակ տան եւ ԱՄՆ Արտաքին գործերու նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ, երկկողմ հանդիպման յաջողութիւնը ապահովելու համար։
ԱՈՒՆ՝ ԼԱՒԱՏԵՍ
Լիբանանցի գործարարներու միջազգային ֆետերասիոնի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ նախագահ Ժոզէֆ Աուն նշած է, որ ինք ընտրեց բանակցութիւնները, «քանի որ չեմ կրնար դիտորդի հանգամանքով մնալ ու տեսնել որ երկիրս կը տանին դէպի անդունդ՝ այլ երկրի մը շահերը սպասարկելու համար: Ես պէտք է առնէի քայլ մը, որ կարենար կանգնեցնել իսրայէլեան աւերածութիւններն ու ջարդերը, նուազեցնել մարդոց կեանքի եւ գիւղերու կորուստները եւ, ի վերջոյ, վերջ դնել բռնագրաւման», շեշտեց Աուն եւ յաւելեց, որ այս քայլը կը վայելէ լիբանանցիներու մեծամասնութեան աջակցութիւնը, ընդ որում՝ շիի համայնքին, որ ամենաբարձր գինը վճարեց հարաւի մէջ տեղի ունեցած պատերազմներուն համար: Նախագահը ըսաւ, որ իրենք կը շարունակեն ընթանալ իրենց կայացուցած որոշման ուղիով, լիբանանցի ժողովուրդին կոչ ընելով պահպանելու հաւատքը Լիբանանի նկատմամբ, քանի որ ամէն ինչ կ’ընթանայ ճիշդ ուղղութեամբ՝ հակառակ խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն:
Նախագահ Աուն կ’ակնկալէ, որ իր յառաջիկայ այցը Ուաշինկթըն եւ Թրամփի հետ հանդիպումը դրական արդիւնքներ պիտի բերեն Լիբանանի համար, քանի որ այդ կ’արտացոլէ Լիբանանի նկատմամբ ամերիկեան աննախադէպ հետաքրքրութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներուն աջակցութիւնը՝ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմներուն եւ յարձակումներուն մնայուն լուծում գտնելու, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ կայունութեան հասնելու համար:

Միւս կողմէ, ընդունելով վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, նախագահ Աուն անոր հետ քննարկած է երկրին ընդհանուր իրավիճակը եւ հարաւի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները՝ կեդրոնանալով զինադադարը ամրապնդելու եւ փորձնական տարածքներէն Իսրայէլի դուրսբերումը արագացնելու անհրաժեշտութեան վրայ։ Անդրադարձ եղած է նաեւ անհրաժեշտ ճանապարհները բանալու, աւերածութիւնները հեռացնելու եւ ենթակառուցուածքները վերականգնելու նախապատրաստական աշխատանքներուն, որպէսզի բնակիչները կարենան վերադառնալ տուժած տարածքներ իսրայէլեան ետքաշումէն յետոյ։
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՄՕՏԱԼՈ՞ՒՏ
Քննարկումներ տեղի կ’ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններուն թուականը մօտեցնելու հնարաւորութեան վերաբերեալ, չսպասելով երկու տարի երկարաձգման ժամկէտին։ Քաղաքական գործիչները լրջօրէն կը քննարկեն այս առաջարկը եւ այդ առումով միջազգային աջակցութիւն շօշափած են Լիբանանով մտահոգուած մայրաքաղաքներէն։ Քննարկումները նաեւ կ’ընդգրկեն ընտրական օրէնքը, որ շատ հաւանաբար պիտի պահպանուի գործող օրէնքը, նկատի առնելով Լիբանանի քաղաքական համախոհութեան բացակայութիւնը ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ։
ԹՐԱՄՓ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԳՈՐԾԱԿՑԻԼ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ
ԱՄՆ զինուած ուժերը հարուածած են Իրանը՝ ի պատասխան Հորմուզի նեղուցով անցնող առեւտրային նաւերուն վրայ Իրանի վերջին յարձակումներուն: Իրանի մէջ գտնուող 80 թիրախները ներառած են հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, հրամանատարական եւ վերահսկողական ցանցերը, ծովամերձ ռատարային կայանները, հակածովային հրթիռային համակարգերը եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի աւելի քան 60 փոքր նաւակներ։

Իրանը վերջերս յարձակած էր երեք առեւտրային նաւերու վրայ եւ ամերիկեան կողմը համարած է, որ իրանեան ուժերուն կողմէ այս անհիմն յարձակումը զինադադարի յստակ եւ վտանգաւոր խախտում է՝ խաթարելով նաւարկութեան ազատութիւնը։
ԱՄՆ-ի նոր հարուածներու մասին յայտարարութենէն կարճ ժամանակ առաջ Ուաշինկթըն վերականգնած է նաեւ իրանեան քարիւղին նկատմամբ պատժամիջոցները, որոնք վերցուած էին երկու շաբաթ առաջ։ «Իրանեան քարիւղի նկատմամբ ԱՄՆ պատժամիջոցներու վերականգնումը, ինչպէս նաեւ հարուածները համաձայնագրի լուրջ խախտում են», ըսած է Իրանի արտաքին գործերու փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատին: Միւս կողմէ, Իրանի Իսլամական յեղափոխության պահակագունդը յայտարարած է, որ հրթիռներ եւ անօդաչու սարքեր արձակած է Պահրէյնի եւ Քուէյթի 85 ամերիկեան ռազմակառյցներու ուղղութեամբ՝ ի պատասխան Իրանի վրայ ամերիկեան վերջին հարուածներուն։

Իր կարգին, ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ ըսած է, որ կը մերժէ գործ ունենալ Իրանի հետ, կարծիք յայտնելով որ փոխըմբռնման յուշագիրը աւարտած է եւ իրեն համար հարցը փակուած է: Անքարայէն կատարած յայտարարութեան մէջ Թրամփ նշած է, որ «թոյլ պիտի չտանք, որ Իրանը միջուկային զէնք ունենայ: Անոնք խելագար են եւ հազարաւոր մարդիկ սպաննած են: Մենք շատ ժամանակ վատնած ենք Իրանի հետ, եւ պէտք է մեր գործը կատարենք»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը բացատրած է, որ Իրանին ուղղուած պատասխանը անմիջական պատասխանն էր Հորմուզի նեղուցով անցնող անմեղ նաւերու դէմ անոր միջազգային ահաբեկչական գործողութիւններուն, նշելով որ «իրանցիները կը գիտակցին իրենց անխոհեմ գործողութիւններուն հետեւանքները, սակայն անոնք ընտրած են իրականացնել այդ յարձակումները»։ Ան յայտնած է, որ նախագահ Թրամփ հաստատած է Իրանը հարուածելու ծրագիրը եւ հրամայած է անոր իրականացումը ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին համար Թուրքիա գտնուելու ընթացքին:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին ըսած է, որ իրանեան սպառնալիքը կը շարունակէ մնալ եւ Թեհրանը տակաւին ի վիճակի է վերականգնելու իր միջուկային ծրագիրը։
ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՏՐԱՄԱԴՐԱԾ Է ՀԵՌԱԿԱՌԱՎԱՐՈՒՈՂ ԱԿԱՆԱԶԵՐԾՄԱՆ ՄԵՔԵՆԱՆԵՐ
Եւրոմիութեան աջակցութեամբ Հայաստան ներկրուած է հեռակառավարվուղ ականազերծման յատուկ երկու մեքենայ, որոնք պիտի կիրառուին երկրի վտանգաւոր վայրերուն մէջ մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներու համար։
Խրուաթական արտադրութեան այս տեխնիկան նախատեսուած է բոլոր տիպի ականներու համար եւ ունակ է դիմանալու հզօր պայթումներու։

Պաշտօնական գնահատմամբ՝ Հայաստանի հինգ մարզերու մէջ՝ Տաւուշի, Սիւնիքի, Վայոց ձորի, Արարատի եւ Գեղարքունիքի մէջ, առկայ է շուրջ 43 միլիոն քառակուսի մեթր «աղտոտուած տարածք», այսինքն՝ վտանգաւոր հատուածներ։ Անոնք հիմնականին մէջ գիւղատնտեսական հողեր, արօտավայրեր ու ենթակառուցուածքներ են։ Ըստ կառավարութեան՝ նոր սարքաւորումներուն կիրառումը պիտի նպաստէ վտանգներու էական նուազեցման եւ տարածքներու ընկերա-տնտեսական զարգացման։
Այս յատկացումը կ’իրականացուի 2025 թուականի Դեկտեմբերին Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած երկկողմ գործընկերութեան օրակարգի փաստաթուղթի շրջանակին մէջ, որով նախատեսուած է 15 միլիոն եւրօ յատկացնել խաղաղութեան պահպանման ու աւելի դիմացկուն Հայաստանի համար։ Բացի ականազերծման մեքենաներէն, Հայաստանը շուտով պիտի ստանայ նաեւ անհրաժեշտ յագեցուածութեամբ շտապօգնութեան երկու մեքենայ։
Հեռակառավարուող մեքենաները գործի պիտի դրուին 2027-էն եւ պիտի օգտագործուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման աշխատանքներուն մէջ։
ԿՐԻՆԼԵՆՏԸ ՎԱՃԱՌՔԻ ՉԷ
Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսըն ափսոսանք յայտնած է, որ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ չէ փոխած Կրինլենտի վերաբերեալ դիրքորոշումը: «Կրինլենտը վաճառքի չէ: Մենք կ’ակնկալենք, որ բոլորը, ներառեալ մեր դաշնակիցները, յարգեն Կրինլենտի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, քանի որ մենք ինքնիշխան պետութիւն ենք, եւ մեզի անհրաժեշտ է, որ բոլորը յարգեն մեր տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը»։ ԱՄՆ նախագահը ոչ միայն պնդած է, որ Կրինլենտը պէտք է գտնուի Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ, այլեւ կրկնած է այն մեղադրանքը, որ Դանիան բաւականաչափ միջոցներ չի ձեռնարկեր այդ տարածքը պաշտպանելու համար:

