Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 7 Մարտ 2026

March 7, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 7 Մարտ 2026

ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԼՈՒԾՈՒՄԻ ԴՈՒՌԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ԲԱՑՈՒԱԾ

Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի տարածաշրջանին երկարատեւ հակամարտութեան նորագոյն բռնկումը այսօր մուտք կը գործէ իր երկրորդ շաբաթը, սակայն տակաւին կ’որոտան ռումբերը եւ կը լռեն բանագնացները: Լիբանանեան եւ իրանեան ճակատներուն վրայ, անցնող երկու օրերը ականատես դարձան յաւելեալ կործանումի, մահերու եւ վիրաւորներու թիւերու աճին ու սպառնալիքներու սրընթաց փոխանակումի, մինչ առնուազն 12 երկրի բնակիչներ կը շարունակեն անզօր եւ սարսափահար հետեւիլ իրադարձութիւններուն, փորձելով գուշակել, թէ ինչ կը խոստանան գալիք օրերը, իսկ մնացեալ երկիրները կը դիտեն, կը դատապարտեն, մտահոգութիւն կը յայտնեն, այս կամ այն կողմին կը զօրակցին, սակայն տակաւին գործնականօրէն չեն փորձեր լուծում գտնել, թէեւ պատերազմը յղի է ուժանիւթային, տնտեսական ու ելեւմտական համաշխարհային կործանարար հետեւանքներով: Այս առումով, երէկ գիշեր քարիւղի միջազգային սակագիները 2023-ի Հոկտեմբերէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հատեցին մէկ տակառին համար 90 տոլարի սահմանը, իսկ ծովային բեռնափոխադրութեամբ զբաղող ընկերութիւնները յայտարարեցին Միջին Արեւելքի հետ կապերու ժամանակաւոր դադրեցումը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՃԱԿԱՏ. 4–ՐԴ ԵՒ 5–ՐԴ ՕՐԵՐ

Անցնող 48 ժամերուն իրավիճակը խիստ լարուած էր Լիբանանի հարաւային սահմանին երկու կողմը, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն եւ Պեքաայի մէջ: Նախանցեալ օր ու երէկ գրեթէ չդադրեցան մէկ կողմէն իսրայէլեան օդային ու հրթիռարին հարուածները, միւս կողմէն Հըզպալլայի հակահարուածները, որոնք ներառեցին ինչպէս սահմանամերձ բնակավայրերն ու զինուորական դիրքերը, այնպէս ալ աւելի հեռաւոր շրջաններ՝ ներառեալ Սաֆատը, Հայֆան եւ Թել Աւիւի մերձակայքը: Հըզպալլա իրերայաջորդ յայտարարութիւններով պարզաբանեց, որ հրթիռներով կը հարուածէ իսրայէլեան զգայուն ենթակառոյցներ եւ լիբանանեան հողերուն վրայ գործող ուժերը՝ պատճառելով ծանր կորուստներ եւ վնասներ: Հըզպալլա նաեւ պատգամ մը յղեց իր անդամներուն, հաւաստիացնելով որ պիտի չհրաժարի զէնքէն, այլ պիտի շարունակէ պայքարը, հակառակ մարտական ծանր պայմաններուն: 5 Մարտին կատարուած է իսրայէլեան ծանրագոյն հարուածներէն մէկը: Իսկ գիշերը, երկու ինքնաշարժ թիրախաւորուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ, որոնց մէջ մահացաւ երեք մարդ, վիրաւորուեցան 7 ուրիշներ:

Պեքաայի կեդրոնական հատուածին մէջ, իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորեց Զահլէ-Քարաք մայրուղիին վրայ երթեւեկող ինքնաշարժ մը, պատճառելով երկու զոհ՝ Ներքին ապահովութեան ուժերու անդամ Ալի Քասէմ Մազլումն ու քրոջորդին: Իսրայէլեան մարտանաւեր կրակ բացին նաեւ Թրիփոլիի վրայ՝ ահաբեկելով Համասէն պատասխանատու մը, իսկ Մաշղարայի մէջ մահացաւ մէկ ընտանիքէն չորս անդամ՝ ներառեալ երկու երեխայ:

Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը երէկ առաւօտեան առաջին հարուածը ուղղեցին Սայտայի մէջ գտնուող դիրքի մը՝ Համասի ղեկավարներէն Մոհամմէտ Սէհլիի գրասենեակին, պատճառելով հինգ մահ եւ 7 վիրաւոր: Ինքնաշարժ մը ռմբակոծուեցաւ նաեւ Տահր Պայտարի ճամբուն վրայ, իսկ վարորդը հրաշքով փրկուեցաւ: Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ զօրավար Իյալ Զամիր շեշտեց, որ պատերազմը մուտք գործած է նոր փուլ, խոստանալով «նորանոր շատ անակնկալներ»: Իսկ բանակին բանբերը յայտնեց, որ «Հըզպալլային կողմէ ճակատը վերաբանալէ ետք, Լիբանանի մէջ հարուածած ենք աւելի քան հինգ հարիւր թիրախ»: Ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, 2 Մարտին սկսած բռնութիւններուն հետեւանքով մինչեւ երէկ երեկոյեան մահացած է 217 մարդ, ինկած են աւելի քան 800 վիրաւորներ: Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ 619 վիրաւոր փոխադրուած է հիւանդանոց:

Լիբանանեան բանակը շարունակեց իր վերատեղակայումը հարաւի մէջ՝ կանխելու համար հաւանական առճակատումներ իսրայէլեան ուժերուն հետ: Իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն ընկերակցեցան քաղաքացիներուն ուղղուած կոչեր՝ հեռանալու հարաւի  եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու իրենց բնակարաններէն եւ ուղղուելու հիւսիս, մինչեւ ռազմական գործողութիւններուն աւարտը: Մեծագոյն սպառնալիքը արձակուեցաւ Հինգշաբթի օր, որուն հետեւանքով տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ լքեցին իրենց բնակարանները եւ ծովեզերեայ մայրուղիով ուղղուեցան աւելի ապահով վայրեր: Իսրայէլ նաեւ Հըզպալլայի «Քարտ էլ-Հասան» ելեւմտական հաստատութեան մէջ աւանդներ ուներողներուն յորդորեց ուղղուիլ մասնաճիւղ եւ փրկել աւանդը, նախքան այդ հաստատութիւններուն ուղղուելիք հաւանական հարուածները: Ընկերային հարցերու նախարար Հանին էլ-Սեյիտ յայտնեց, որ տեղահանուած լիբանանցիներուն թիւը հասած է կէս միլիոնի եւ թէ պետական մարմինները յաջողած են հոգալ անոնց 70 առ հարիւրին պէտքերը: Նախարարութիւնը երէկ որոշեց բանալ Պէյրութի մարզական աւանը եւ Տպայէի լողաւազանային կիսակառոյց համալիրը՝ տեղաւորելու համար յաւելեալ տեղահանուածներ: Իսկ ՄԱԿ յայտարարեց, թէ պատերազմի բռնկումէն ետք աւելի քան 50 հազար սուրիացի վերադարձած է հայրենիք: Հըզպալլա երէկ հաղորդագրութեամբ մը սուտ համարեց բանակցութեան մասին իր անունով տարածուած լուրերը: Միջազգային կազմակերպութիւնը վերստին պահանջեց հետաքննութիւն բանալ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձաձկումներուն շուրջ, կոչ ուղղելով առիթ տալու խաղաղութեան:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց յաւելեալ պատուիրակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց հարաւի վիճակը: Երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պահանջեց վերականգնել պետութեան հեղինակութիւնը եւ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումը պահել կառավարութեան տիրապետութեան տակ: Իսկ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը նախագահին հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական վիճակը կայուն պահելու ջանքերը:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ դեսպաններու հետ տեսակցած ատեն կարծիք յայտնեց, որ ամբողջ Լիբանանը տեղի ունեցածին զոհն է, աւելցնելով որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ գործադրել զէնքի մենաշնորհին որոշումը: Բազմաթիւ երեսփոխաններ դատապարտեցին պատերազմի բռնկումին եւ տեղահանուածներուն անբաւարար օգնութեան հարցով կառավարութեան ուղղուած ամբաստանութիւնները, կոչ ուղղելով զերծ մնալու ամբոխավարական յայտարարութիւններէն եւ կառավարութեան ուղղուած ցեխարձակումէն:

 

ԴԷՊԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՅԵՏԱՁԳՈՒՄ

Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ ճակատին վերաբացումը պատեհ առիթ հանդիսացաւ գործնականացնելու երեսփոխանական ընտրութիւնը յետաձգելու եւ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու նախախագիծերը, որոնց մասին արդէն իսկ շատ կը խօսուէր նոյնիսկ առաջին հրթիռարձակումէն շատ առաջ: Անցնող երկու օրերուն, երեսփոխանական խումբեր ներկայացուցին այս հարցի լուծելու շարք մը առաջարկներ:

Share63Tweet39
Previous Post

Նոր Հրատարակութիւններ

Next Post

Խմբագրական. Ողջո՜յն Կանանց Միջազգային Օրուան

Next Post
Խմբագրական. Ողջո՜յն Կանանց Միջազգային Օրուան

Խմբագրական. Ողջո՜յն Կանանց Միջազգային Օրուան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.