Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Թուային Մառախուղին Մէջ Կորսուած Խօսքը

Լիզա Բանճարճեան Թելվիզեան

March 5, 2026
in Յօդուածներ
0
Թուային Մառախուղին Մէջ Կորսուած Խօսքը

Լուռ սենեակին մէջ միայն մատներուն թեթեւ զարկերն են, որ կը հնչեն։ Այդ մատները կը վազեն, կը սահին․․․ իսկ բառերը կը հեւան, կը կրճատուին, կը կծկուին եւ կը դառնան նշաններու շղթայ մը, որուն իմաստը կը բացուի միայն անոնցմէ ներս, որոնք կը բնակին նոյն թուային աշխարհին մէջ։

Քանի մը շաբաթ առաջ, բարեկամուհիներով հաւաքուած էինք սուրճի շուրջ։ Երկար ատենէ իրար չէինք հանդիպած եւ մեր զրոցը հաճելի ընթացք առած էր, երբ բարեկամուհիներէս մէկը ըսաւ, թէ իր համալսարանական տղան սկսած է նոր ինքնաշարժ վարել , սակայն Լիբանանի ճամբաներու անխնամ վիճակը, անզգոյշ  եւ սանձարձակ կերպով  ինքնաշարժ վարողները մտահոգութիւն կը պատճառէին իրեն։ Քիչ ետք, ան հաղորդագրութիւն մը ստացաւ իր բջիջային հեռախօսին վրայ։ Յանկարծ դէմքին արտայայտութիւնը փոխուեցաւ եւ մեզի դառնալով ըսաւ։

—Տղաս մէսէյճ մը գրած է, բայց կրճատուած ձեւով․ բան չհասկցայ․․․ ձեզմէ մէկը գիտէ՞ ինչ ըսել կ’ուզէ։

Բոլոր խօսակցութիւնները դադրեցան եւ մեր հայեացքները ուղղուեցան դէպի այդ «անհասկնալի» գրութիւնը, որ ոչ ոքի ծանօթ էր։ Արդեօ՞ք շտապ կամ կարեւոր իրողութիւն մը  կ’ուզէր յայտնել այդ գրութիւնը․․․ չէինք գիտեր։

Պահ մը մտածեցի, թէ ի՜նչ զարմանալի է, երբ պատանի մը կամ երիտասարդ մը յապաւուած հաղորդագրութիւն մը կը գրէ, առանց անդրադառնալու, թէ դիմացի անձը պիտի հասկնա՞յ արդեօք նշանակութիւնը։ Ի՞նչ է պատճառը․․․ ժամանակին սեղմ ըլլա՞լը, թէ՞պարզապէս ներկայ հոսանքին հետեւիլը։

Թուային աշխարհը ստեղծած է նոր բարբառ մը՝ արագ, շարժուն եւ պատկերաւոր։

Երբ «IDK»-ն չեմ գիտերն է։

«TTYL»-ը յետոյ հետդ կը խօսիմն է,

Եւ շարքը երկար է․․․

Բառերը կը կրճատուին եւ անոնց մէջ ամփոփուած նրբութիւններն ալ կը մարին։ Ճիշդ է, թէ կրճատումը ժամանակ կը խնայէ, բայց կը նուազեցնէ իմաստին խորութիւնը։ Երիտասարդները մեղաւո՞ր են։ Թերեւս ոչ․ անոնք այս ժամանակի զաւակներն են։ Ժամանակ մը, որ ոչ միայն կը պաշտէ արագութիւնը, այլ կը մեծարէ հապճեպը եւ կը քաջալերէ կրճատումը։

Ժամանակին նամակ մը կը գրուէր դանդաղ, թուղթի մը վրայ, ուր ամէն մէկ բառ ընտրութիւն մըն էր, ամէն նախադասութիւն՝ շունչ մը։ Այսօր, այդ շունչը կը դառնայ շտապ շշուկ մը, կիսատ ձայն մը, որ կը փորձէ հասնիլ դիմացինին։ Կրճատ բառերը երբեմն կը թուին անմեղ։ Անոնք կը խնայեն վայրկեաններ, կը թեթեւցնեն հաղորդագրութիւն մը, բայց լեզուն միայն հաղորդագրութիւն չէ, ան զգացումի տարողութիւն է։ Երբ բառերը կը կրճատուին, կը կորսնցնեն իրենց ձգողութիւնը, տաք շունչը եւ կը դառնան սառն ու անհաղորդ։ Երբ նախադասութիւն մը կը փշրուի, մտածումն ալ կը բաժնուի կտորներու։

Հարցը կրճատումներու մէջ չէ միայն, հարցը այն է, թէ մենք ի՞նչ լեզուով կը մտածենք, ի՞նչ լեզուով կը զգանք եւ ի՞նչ լեզուով կը կառուցենք մեր ապագան։ Հակասութիւններու մթնոլորտ մը կը ստեղծուի։ Անգլերէն տառեր, հայկական միտք․․․ իսկ ժամանակի ընթացքին արդեօք չե՞նք կորսնցներ հայերէն մտածելու կերպը եւ միտքը կը սկսի անգլերէն կաղապարներով կազմուիլ։

Մենք կրնանք պահ մը մտածել, թէ իւրաքանչիւր խօսք իր շունչը ունի։ Լսենք անոր զարկը, զգանք անոր ջերմութիւնը, եւ յիշենք, որ բառերը պարզ նշաններ չեն, այլ մեր հոգիին արտացոլացումը։ Այս ընթացքով՝ թուային մառախուղը կրնայ ծածկել հորիզոնը, բայց չի կրնար խափանել արեւը։

Share63Tweet39
Previous Post

«Կոր» Մասնիկը

Next Post

Նոր Հրատարակութիւններ

Next Post
Նոր Հրատարակութիւններ

Նոր Հրատարակութիւններ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.