Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հողմաղացներէն Մինչեւ Հայելիներ. Տոն Քիշոթ, Համլէթ եւ ժամանակակից գիտակցութեան ճակատագիրը

Անի Թորանեան (Երեւան)

February 5, 2026
in Յօդուածներ
0
Հողմաղացներէն Մինչեւ Հայելիներ. Տոն Քիշոթ, Համլէթ եւ ժամանակակից գիտակցութեան ճակատագիրը

«Դասական կը սեպենք այն գիրքերը,

որոնց մասին սովորաբար կը լսենք՝

“Ես կը  վերընթերցեմ…”»

Իթալօ Քալվինօ

 

Հողմաղացներուն, հսկաներուն եւ ուրուականներուն չանդրադարձած, ուշադրութեան արժանացնենք գրական հետեւեալ փարատոքսը. Սերվանթէս, որ համաշխարհային գրականութեան ամէնէն ճանչցուած հեղինակներէն է, հանրաճանաչ է գլխաւորաբար մէկ երկով։

Ի տարբերութիւն դասականներ՝ Շէյքսփիրի, Տանթէի կամ Կէօթէի, որոնց հեղինակութիւնը հիմնուած է բազմաթիւ գրութիւններու վրայ, Սերվանթէս հանդէս կու գայ  որպէս «Տոն Քիշոթի» հեղինակ, թէեւ բազմաթիւ ուրիշ գործեր ունի՝ թատրերկ, բանաստեղծութիւն եւ արձակ ստեղծագործութիւն։

Այս փաստը, սակայն, կը խօսի ոչ թէ հեղինակին վաստակը անտեսելու, այլ  «Տոն Քիշոթ»-ի պատմական ուժի չափանիշին մասին։

«Տոն Քիշոթ» ոչ միայն ստուերած է Սերվանթէսի միւս ստեղծագործութիւնները, այլեւ կլանած է զանոնք, հեղինակը հաստատելով որպէս գրական նոր գիտակցութեան ստեղծիչ։

Այն, որ Սերվանթէս ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի կը յիշուի իր «Տոն Քիշոթ»-ով, հազուագիւտ նուաճումի վկայութիւն է։ Վէպը ոչ թէ պատմութիւն կը հիւսէ, այլ փոփոխութեան կ’ենթարկէ բոլոր այն պայմանները, որոնց առկայութեան պարագային կարելի է պատմութիւն հիւսել։

Ինչպէս կ’ընդգծէ Միլան Քունտերա գրող-քննադատը, «Տոն Քիշոթ»-ով սկիզբը դրուեցաւ արդի վէպին՝ պատումին կիզակէտին մէջ զետեղելով անհատական գիտակցութիւնը։

Սերվանթէս իր վէպը կը սկսի քայլով մը, որ աւելի քան չորս դար  կը շարունակէ արձագանգել։ Միայնակ մարդը, զինուած հինցած իտէալներով եւ երկրորդական պատմութիւններով, մէջտեղ եկած է շտկելու… աշխարհը։ Յաճախ հողմաղացներու յայտնի դրուագը կը մեկնաբանուի որպէս կատակերգական, սակայն անոր կենսունակութիւնը կը մատնանշէ շատ աւելի խորքային շերտեր։ Տոն Քիշոթ ոչ թէ սխալ տեսողական ընկալում ունի, այլ անկեղծօրէն համոզուած է, որ աշխարհը պէտք է համապատասխանեցնել գիրքերէ ժառանգուած բարոյական եւ պատմողական կառուցուածքներուն։

Սերվանթէսին նորարարութիւնը պէտք է փնտռել ոչ միայն ասպետական ​​սիրավէպի ծաղրերգութեան մէջ, այլեւ նոր տեսակի մարդկային էակի բացայայտման՝ մէկը, որ կը ձեւաւորուի ոչ միայն աւանդոյթով, այլեւ գրութեամբ եւ  մտապատկերներով։ Տոն Քիշոթ հսկաներ տեսնելով զգայախաբ չէ, այլ իրականութիւնը կը մեկնաբանէ գրականութեան միջոցով։ Անոր խենթութիւնը կենսաբանական չէ, այլ՝ մշակութային։ Այս իմաստով Տոն Քիշոթով կը նշանաւորուի ժամանակակից անհատին ծնունդը. անհատ, որ յայտնուած է երեւակայութեան ու փորձի, աւանդական պատմութիւններու եւ փորձարարական դիմադրութեան միջեւ։

Տոն Քիշոթի ողբերգականութիւնը կը բխի իր ժամանակավրէպութենէն… Ան կ’ապրի արժէքներով, որոնք ժամանակին կազմակերպած են աշխարհը, սակայն այլեւս դադրած են գործելէ։ Ժամանակային այդ ճեղքուածքին մէջ Սերվանթէս կը բեմադրէ արդիականութեան առաջին մեծ ճգնաժամը՝ այն գիտակցումը, որ անկեղծութիւնը դադրած է ըլլալէ ճշմարտութեան երաշխաւոր, եւ իտէալներուն նուիրուիլը  կրնայ չտարբերիլ խելագարութենէն։

Սակայն Սերվանթէս լուծում չի տար այս ճգնաժամին, այլ  կ’արտօնէ, որ ան ընթացք առնէ երկխօսութեան միջոցով։ Սանչօ Փանսան հիմնաւորուած, գործնական եւ կացութեան յարմարելով կ’ուղեկցի Քիշոթին ոչ միայն որպէս պարզ հակակշիռ, այլ որպէս պարտադի՛ր հակակշիռ։ Անոնց մէջ կը  ծագի հարց մը, որ ժամանակակից գրականութիւնը պիտի չդադրի տալէ. «ինչպէ՞ս ապրիլ, երբ իրականութիւնը կը հրաժարի համագործակցելէ հաւատքին հետ»։

Հիմա փորձենք աղերսներ գտնել գրականութեան պատմութեան երկու ցայտուն կերպարներու միջեւ, որոնց մասին հարիւրաւոր  հատորներ գրուած են։ Երկու կերպարներն ալ մաս կը կազմեն արեւմտեան գրականութեան անկիւնադարձային ստեղծագործութիւններուն եւ մարմին առած են նոյն՝ ԺԷ. դարասկիզբին։

Տոն Քիշոթ եւ Համլէթ։

Սերվանթէս եւ Շէյքսփիր մօտ էին ոչ միայն ժամանակագրական առումով։ Այս երկու հսկաները աշխատեցան արդիականութեան արշալոյսին եւ բախեցան իմաստի փլուզումին։ Եթե Սերվանթէս բացայայտեց հինցած իտէալներով ապրելու վտանգը, ապա Շէյքսփիր թատերականացուց առանց հաւաստի գիտելիքի ապրելու սարսափը։

Յաճախ գրականագէտները նշած են, որ Տոն Քիշոթ եւ Համլէթ, երկուքն ալ կ’արտայայտեն ժամանակակից գիտակցութեան երկուորեակ ազդակները՝ հաւատը, որ հաւաստիութենէն անդին է, եւ կասկածը՝ որ կ’անցնի օգտակարութեան սահմանը։ Քիշոթ կը գործէ անմիջապէս, իր տեսածին էութիւնը ընդունելով որպէս իմաստի ապացոյց, իսկ Համլէթ գործնականին չանցած կը մտածէ, վախնալով սխալ ընկալումի ելքէն։

Այս երկընտրանքը կ’արտացոլէ արդի գիտակցութեան սահմանները եւ գործողութեան լարման չափը։

Տոն Քիշոթին եւ Համլէթին կառուցուածքային կապը աւելի ակնյայտ կը դառնայ անոնց մօտեցման մէջ: «Հողմաղաց» դրուագին մէջ Տոն Քիշոթ կը պնդէ, որ հսկաները իրական են (վերանայելով պատճառահետեւանքային կապը, ոչ թէ հաւատը) հսկաներուն մեքենաներու վերածուիլը վերագրելով կախարդանքին: Մինչ Համլէթ, ուրուականին հանդիպելով, կ’ընդունի հակառակ ռազմավարութիւն։ Ան գործողութիւնը կը կասեցնէ, քանի որ այլեւս կարելի չէ վստահիլ ընկալումին։ Կարելի չէ՝  վախնալով, որ ուրուականը կամ խաբուսիկ, կամ դիւային է:

Եթէ Քիշոթ հաւատը կը պաշտպանէ իրականութենէն, ապա Համլէթ իրականութիւնը կը պաշտպանէ հաւատէն, բայց երկուքն ալ կը բացայայտեն նոյն պատմական խզումը՝ ընկալման փլուզումը, որպէս ճշմարտութեան երաշխաւոր:

Այս տարաձայնութիւնը կ’ազդէ նաեւ գործողութեան վրայ. Քիշոթ կը գործէ դեռ կասկածը չյայտնուած, գործողութիւնը դիտարկելով որպէս իմաստի ապացոյց, իսկ Համլէթ կը կասկածի, մինչեւ որ գործողութիւնը դառնայ բարոյապէս վտանգաւոր:

Իւրաքանչիւր կերպար կը բացայայտէ ժամանակակից գործողութեան սահմանը՝ հաւատը առանց ստուգումի կը տանի մոլորութեան, իսկ ստուգումը առանց հաւատի՝  կաթուածահարութեան, եւ անոնք, երկուքն ալ կ’արտայայտեն ժամանակակից գիտակցութեան խորքին մէջ նստած ու չլուծուած այն լարումը, որ կը շարունակէ մնալ նուիրումի եւ կասկածամտութեան միջեւ:

Եթէ Տոն Քիշոթ ներկայացուցած է ծայրայեղ հաւատը, ապա շէյքսփիրեան Համլէթը կը մարմնաւորէ նոյնքան ծայրայեղ կասկածը։

Հոն, ուր Քիշոթ տագնապահար կ’երթայ դէպի գործողութիւն, Համլէթ կը յետաձգէ, կը խորհի, կը հարցաքննէ…։ Ան կ’ապրի անորոշութիւններով հարուստ աշխարհի մը մէջ։ Արտաքինը կը խաբէ, լեզուն որքան բացայայտէ,  նոյնքան կը քօղարկէ եւ նոյնիսկ գերբնական իշխանութիւնը՝ հօր ուրուականը, կրնայ կասկածելի ըլլալ։

Յաճախ Համլէթին վարանումները սխալմամբ կ’ընկալուին որպէս անվճռականութիւն կամ տկարութիւն: Սակայն, իրականութեան մէջ ատոնք գիտակցութեան լուրջ փոփոխութիւններ են: Համլէթ կաթուածահար է ոչ թէ վախէն, այլ իմացաբանական անձկութենէն: Ան գործելէ առաջ պէտք է գիտնայ, բայց գիտելիքը ինքնին անկայուն է ու ոչ-վստահելի: Իւրաքանչիւր դրդապատճառ հակազդեցութիւն ունի, իւրաքանչիւր մեկնաբանութիւն՝ ստուեր: Գործողութիւնը, որ անգամ մը յստակ կը դառնայ բարոյական առումով, նոյն առումով ալ կը դառնայ վտանգաւոր:

Այս իմաստով Համլէթ սկիզբը կը դնէ ժամանակակից սքեփթիսիզմին։ Ան կը կանխատեսէ աշխարհ մը, ուր վստահութիւնը քայքայուած է, ուր ճշմարտութիւնը պիտի չընդունին, այլ պիտի մեկնաբանեն։

Եթէ Տոն Քիշոթ կը հարցնէ՝ «Ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ պատմութիւնները ճիշդ ըլլան», ապա Համլէթ կը հարցնէ՝ «Ի՞նչ կ’ըլլայ, եթէ բոլոր պատմութիւնները կեղծ ըլլան»։

Ահա այս երկու կերպարներուն միջեւ է որ կը սահմանուի ժամանակակից գիտակցութեան ներդաշնակեցումը։

Քիշոթի եւ Համլէթի մէջ լարումը ոչ միայն գրական է, այլեւ փիլիսոփայական։ Մէկը չափէն աւելի հաւատալով, շուարած կը դիմէ ռիսքի, միւսը՝ չափէն աւելի քիչ հաւատալով՝ կը դառնայ անզօր։ Արդիականութիւնը կը ծաւալի այս ծայրայեղութեանց տատանումներուն մէջ՝  չկարենալով ամբողջական լուծում տալ բախումին։

ԺԹ. դարը, յատկապէս իրապաշտ ​​վէպին միջոցաւ, կարելի է դիտել որպէս Քիշոթի եւ Համլէթի հաշտութեան փորձ: Օտար հեղինակներէն՝ Պալզաք, Տիքենս, Թոլսթոյ կայուն հիմք  փնտռեցին ընկերային դիտարկումի, հոգեբանական խորքի եւ բարոյական կերպի մէջ: Սակայն հաշտեցումը, որուն մասին վերը նշեցինք, փխրուն է եւ իրապաշտութեան վստահութեան տակ միշտ քօղարկուած կը մնայ ​​անհանգստութիւնը, որ կը շարունակէ բախիլ ընկերային սահմանափակութեան։

Անհատին ​​խիղճը կը բախի պատմական ուժին:

Քիշոթեան երազանքը չ’անհետիր, այլ՝ կ’ընտելացուի, կարգի կը բերուի կամ կը պատժուի: Ճիշդ այդպէս ալ, Համլէթին կասկածը չի փարատիր, այլ կը ներծծուի պատմողական բարդութեան եւ բարոյական երկիմաստութեան մէջ:

ԺԹ. դարավերջի ճնշումը կը դառնայ անտանելի: Արդիւնաբերականացումը, աշխարհականացումը եւ քաղաքական ցնցումները կը քայքայեն այն ենթադրութիւնները, որոնցմէ ընդհանրապէս կախեալ է իրականութիւնը:

Բեմը պատրաստ է անդրադառնալու Սերվանթէսի գործին ոչ թէ որպէս ծաղրերգութիւն, այլ մարգարէութիւն:

Այսպէս, քսաներորդ դարը համարուեցաւ Տոնքիշոթի դար եւ հետաքրքրութիւնը այդ կերպարին հանդէպ բազմապատկուեցաւ։ Ինչպէս Միշէլ Ֆուքօ  նշած է իր «Իրերուն կարգը» աշխատութեան մէջ, Տոն Քիշոթով կը նշանաւորուի արեւմտեան մտածողութեան պատմական խզումը՝ այն պահը, երբ նմանօրինակութիւնը կը դադրի երաշխաւորելէ ճշմարտութիւնը, եւ մեկնաբանութիւնը կը դառնայ անխուսափելի։ Գաղափարական բացարձակութեամբ եւ իմացաբանական փլուզումով բնորոշուող այդ դարուն Քիշոթ կը վերադառնայ որպէս կերպար մը, որուն միջոցաւ գրողները կը փորձարկեն բարոյական գործողութիւններու կարելիութիւնը՝ առանց որոշակիութեան։

Քսաներորդ դարը վերագտաւ Տոն Քիշոթին, քանի որ ինքզինք գտաւ անոր դժուար կացութեան մէջ։ Մեծ պատմութիւններուն փլուզումը, գաղափարական ծայրայեղականութեան աճը եւ երկու համաշխարհային պատերազմներուն աւերածութիւնները վտանգաւոր դարձուցին թէ՛ հաւատը, թէ՛ կասկածը։ Իտէալիսթները դարձան դահիճներ, իսկ սքեփթիքները՝ յանցակիցներ։

Գրողները Սերվանթէսին սկսան անդրադառնալ ոչ թէ Քիշոթը ծաղրելու, այլ զայն վերականգնելու նպատակով: Միկէլ տէ Ունամունօ Տոն Քիշոթը աւելի իրական կը համարէ, քան ինք՝ Սերվանթէս։ Ան բարոյական բացարձակութեան կը հասցնէ յօրինուած ասպետը: Աւելի արմատական է Խորխէ Լուիս Պորխէսին ​​փորձը։ Ան իր «Փիեռ Մենար՝ Քիշոթին հեղինակը» պատմուածքին մէջ վերարտադրած է սերվանթէսեան շարադրանքը, ցոյց տալով, որ իմաստը ոչ թէ ներքին, այլ պատմական է:

Նոյն բառերը, գրուած ուրիշ դարու մէջ, բոլորովին այլ իմաստ կը ստանան։

Կրահամ Կրինին «Մոնսինէոր Քիշոթը» (Monsignor Quixote)  ասպետի ժամանակակից ժառանգին կը տեղադրէ յետֆրանքոյեան Սպանիոյ մէջ, ուր քաղաքական հիասթափութեան մէջ իրարու կը բախին հաւատքն ու գաղափարախօսութիւնը։ Այստեղ Քիշոթ ո՛չ խելագար է, ո՛չ ալ հերոս՝ հին իմաստով։ Ան բարոյապէս յամառ է, խիղճին կառչած աշխարհի մը մէջ,  որ կը խրախուսէ փոխզիջումները:

Քսաներորդ դարը քիշոթեան դար է, քանի որ կը թատերականացնէ նուիրումին գինը: Խորապէս հաւատալ, կը նշանակէ ենթարկուիլ աղէտի վտանգին, իսկ հաւատքէն հրաժարիլ, կը նշանակէ կոչ ընել ոչնչապաշտութեան՝ նիհիլիզմին: Տոն Քիշոթ կը դառնայ բարոյական քաջութեան խորհրդանիշ, բայց… առանց երաշխիքներու:

ԻԱ. դարը յեղաշրջեց ամէն սահմանում եւ անցում կատարեց (դեռ կը կատարէ) հսկաներէն՝ համակարգեր։

Ներկայ դարու զարգացումին համընթաց խնդիրը անդադար կը փոխուի։ Մենք այլեւս չենք բախիր եզակի հողմաղացներու կամ միայնակ ուրուականներու։ Փոխարէնը կ’ապրինք ալգորիթմական, տնտեսական, տեղեկատուական համակարգերու մէջ, որոնք ծայր չունին, վերացական են, անթափանց են ու աղօտ, մինչդեռ ուժը դարձած է անտեսանելի։

Ժամանակակից անհատը չի նմանիր Տոն Քիշոթին, որ չափէն աւելի կը հաւատայ մէկ պատմութեան, ոչ ալ Համլէթին, որ կասկածի տակ կ’առնէ իւրաքանչիւր պատմութիւն։

ԻԱ. դարու խնդիրը տարբեր է։ Մենք այլեւս չենք բախիր հսկաներու կամ ուրուականներու, կը բախինք համակարգերու բազմազանութեան, ինչպէս՝ ալգորիթմեր, տնտեսական մեքանիզմներ, տեղեկատուական հոսքեր։ Ժամանակակից անհատը ստիպուած է կողմնորոշուելու եւ գործելու անտեսանելի ուժերու միջավայրի մէջ։

Եթէ Տոն Քիշոթ հողմաղացները շփոթեց հսկաներու հետ, ապա մենք կը դիմենք սխալելու ռիսքին՝ համակարգերը շփոթելով ճշմարտութեան հետ։ Մերօրեայ գիտակցութիւնը, առաջուան պէս, կը շարունակէ ձեւաւորուիլ հաւատքի եւ կասկածի միջեւ, ուր տարբեր է վտանգը, որ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ անունը ունի։

Հողմաղացներէն հայելիներ անցումը կը խորհրդանշէ այն մարտահրաւէրը (որուն դիմաց կանգնած ենք), որ կը շարունակուի Սերվանթէսի ու Շէյքսփիրի ժամանակներէն` “ինչպէ՞ս բարոյական ըլլալ ու գործել աշխարհի մը մէջ, ուր ոչ հաւատը, ոչ ալ կասկածը ի զօրու են տալ վերջնական երաշխիքներ”։

Մտածենք, սիրելի ընթերցող, քանի որ՝ «Cogito ergo sum»՝ «Ես կը մտածեմ, ուրեմն գոյութիւն ունիմ», դեռեւս ԺԷ. դարուն ըսած է Ռընէ Տեքարթ։

Share62Tweet39
Previous Post

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

Next Post

Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակի Շքեղ Հանդիսութիւն

Next Post
Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակի Շքեղ Հանդիսութիւն

Հայկազեան Համալսարանի 70-Ամեակի Շքեղ Հանդիսութիւն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.