Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Սբ. Ծնունդ Եւ Արժանապատուութիւն

January 8, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Սբ. Ծնունդ Եւ Արժանապատուութիւն

Սուրբ Ծնունդը միայն յիշատակելի տօն չէ, այլ, խորիմաստ յայտարարութիւններու կողքին, մարդկային արժանապատուութեան՝ որպէս Քրիստոսով թանկագոյն պարգեւի մասին է, Աստուծոյ սրտէն ու էութենէն շնորհուած:

Ծննդեան պատգամը կը հասնի մեզի այսօր, մինչ կորսուած կը թուին ըլլալ մարդու արժանիքն ու պատիւը:

Յովհաննէս Աւետարանիչ կը գրէ Տէր Յիսուսի ծնունդին՝ որպէս նշանակալի խորհուրդի մասին․ «Բանը մարմին եղաւ» (Յովհ. 1.14)։ Ծնունդով՝ Աստուծոյ Խօսքը մարդկային կենդանութիւն ստացաւ:  Կարելի է ըսել, թէ այս մէկը կեանքի վերաբերեալ ամենախոր պատգամն է որ կրնանք ստանալ․ մարդ ըլլալը աստուածահաճոյ է, աստուածատուր է, մարդկային կեանքը ունի բարձրագոյն արժէք եւ պատիւ որպէս Աստուծոյ ներկայութեան բնակարան։

Տէր Յիսուսի ծնունդը խոնարհ ու խոցելի պայմաններու մէջ կը շեշտաւորէ պարզութիւնն ու անապահովութիւնը։ Աշխարհի զօրութեան եւ ցուցադրականութեան չափանիշերը նսեմացնելով, Սուրբ Ծնունդի պատգամը կը յայտարարէ, որ մարդկային արժէքը կախեալ չէ նիւթական աշխարհէն, դիրքէն կամ իշխանութենէն, հապա Աստուծոյ փրկարար ներկայութենէն՝ մեր կեանքերուն մէջ։

Հրեշտակներու աւետիսը հովիւներուն՝ «մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ» (Ղուկ. 2.10), կը հաստատէ, որ այս լուրը բոլորին է անխտիր, այսինքն՝ նաեւ անտեսուածներուն եւ մոռցուածներուն։ Սուրբ Ծնունդը կը հռչակէ յաւիտենական փրկութիւն եւ շնորհալի արժանապատուութիւն ամբողջ մարդկութեան։

Սուրբ Ծնունդի պատմութիւնը նաեւ կը վերահաստատէ այն հիմնարար ճշմարտութիւնը, որ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով:  Ամէն մարդ արարած, անկախ իր յաջողութիւններէն կամ ձախողութիւններէն, պիտի արժանի ըլլայ վայելելու անուրանալի պատիւ: Ամէն ծնող երեխայ պէտք է ստանայ արժանապատուութեան նշան:

Մարիամի եւ Յովսէփի՝ Յիսուս մանուկի հետ իջեւան չգտնելու փորձառութիւնը, եւ Յիսուսի խոնարհ ծնունդը կը բացայայտեն Աստուծոյ զօրակցութիւնը նաեւ աշխարհի զրկուածներուն. զրկուածներ ունեցուածքէ, ազատութենէ, հանգիստէ եւ նամանաւանդ պատիւէ: Այսօր ալ Աստուած ներկայ է միայնակներուն, գաղթականներուն, իրաւազրկուածներուն եւ տառապողներուն մէջ՝ հաստատելով անոնց արժէքաւոր մարդկայնութիւնը եւ ներկայի թէ յաւիտենական յոյսը։

Այս Սուրբ Ծնունդի առիթով, կը պատուէ մեզ Աստուծոյ Բարի Լուրը: Միասնաբար լսենք այս լուռ, բայց հզօր պատգամը․ մարդ ըլլալը պատուաւոր արժէք է, Աստուծոյ կողմէ հաստատուած եւ մարմնացուած Յիսուս Քրիստոսի մէջ։

Մեր այս պատգամի աւարտին, յիշենք մեր հայ ժողովուրդի այն մասնիկը, որ կը շարունակէ մնալ ազատութենէ, պատիւէ կամ բարոյական վայելքէ զուրկ: Քրիստոնէական նուիրումով նկատի առնենք հայրենիքի ու հայութեան արժանիքն ու պատիւը: Չմնանք պարզապէս մսուրին մօտ, հապա անկէ անցնինք դէպի քրիստոնէական առաքելութեան: Տանք պատիւ Ծնեալ Յիսուսի՝ արժէք տալով մարդ արարածին: Աշխարհը կարօտ է Քրիստոսի լոյսը՝ արժանապատիւ կերպով տարածող Եկեղեցիին եւ հաւատացեալներուն:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Հաւատքով ու գործով ապրինք մեզի շնորհուած արժանաբեր աւետիսը: Ամէն:

 

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ

ՄԱՀԱԵՄ-ի Նախագահի Տեղապահ

Share63Tweet39
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Պատգամը

Next Post

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

Next Post
Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.