Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 28 Հոկտեմբեր 2025

October 28, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 28 Հոկտեմբեր 2025

Խորհրդարանական Պարանաձգութիւն

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ իրեն կը հետաքրքրէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կազմակերպումը նախորոշուած թուականին, աւելցնելով որ արտերկրի լիբանանցիները եւս իրաւունք ունին մասնակցելու Լիբանանի քաղաքական կեանքին: Խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ ընտրական օրէնքին ճակատագիրը քննարկելու համար երէկ խորհրդարանին մէջ տեղի պիտի ունենար նիստ մը, սակայն յետաձգուեցաւ այսօրուայ՝ երեսփոխաններու բաւարար թիւի բացակայութեան պատճառով:

Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները իսկոյն յայտարարեցին, որ պիտի չմասնսակցին այսօուայ նիստին եւս, զայն համարելով ապօրինի, որովհետեւ մտադրութիւն կայ արտերկրի լիբանանցիները զրկել խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունքէն: Իսկ խորհրդարանի նախագահին խորհրդական Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Նեպիհ Պըրրի յանձնառու կը մնայ խորհրդարանական աշխատանքի առողջութեան: «Վաղը պիտի տեսնենք, թէ որոնք կը խոչընդոտեն օրէնսդրական աշխատանքը», ըսաւ ան: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ իր վարգին վարչապետ Նաուաֆ Սալամին տեղեկացուց, որ իրենք պատրաստ են ընտրութեան եւ անյարմար կը համարեն յետաձգումի առաջարկը:

Օրթէյկըս Պէյրութի Մէջ

Երէկ Պէյրութ ժամանեց ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս, որ այսօր պիտի տեսակցի հանրապետութեան նախագահին եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ՝ քննարկելու համար Իսրայէլի հետ անցեալ Նոյեմբերին կնքուած զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան ընթացքը եւ ապահովական այլ թղթածրարներ:

Օրթէյկըսի այցելութեան նախօրէին, իսրայէլեան օդուժը թիրախաւորեց Սուր գաւառի Պայյատ գիւղը, սպաննելով երկու եղբայր: Օր մը առաջ, ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերը իսրայէլեան անօդաչու սարք մը վար առին Քֆարքիլայի շրջանին մէջ, որմէ ետք իսրայէլեան ուժերը թիրախաւորեցին ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի դիրքին մօտակայ կէտ մը:

 

  Լեւոն ԺԴ. Պապին Այցելութեան Ծրագիրը

Վատիկանէն պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Լեւոն ԺԴ. պապին Լիբանան այցելութեան ծրագրին մանրամասնութիւնները: Ան Պէյրութ պիտի ժամանէ Կիրակի, 30 Նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 3:45-ին, Պաապտայի պալատ պիտի հասնի 4:45-ին, ուր պիտի տեսակցի նաեւ խորհրդարանի նախագահին, վարչապետին, քաղաքացիական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն եւ դիւանագէտներուն հետ, ապա պիտի արտասանէ խօսք մը:

Երկուշաբթի, 1 Դեկտեմբերին, Սրբազան քահանայապետը նախ պիտի այցելէ Աննայա՝ Սուրբ Շարպէլի ուխտատեղին, ապա՝ Հարիսա: Կէսօրուայ ժամը 12:30-ին, կաթողիկէ պատրիարքներուն հետ ան տեսակցութիւն պիտի ունենայ պապական դեսպանատան մէջ: Ժամը 4:00-ին, քահանայապետը խօսք մը պիտի արտասանէ Պէյրութի կեդրոնական Նահատակաց հրապարակին վրայ՝ կրօններու միջեւ երկխօսութեան հանդիպումին ընթացքին, իսկ 5:45-ին երիտասարդութեան իր պատգամը պիտի ուղղէ Պքըրքիի մէջ: Երեքշաբթի, 2 Դեկտեմբերին, Լեւոն ԺԴ. պապը իր օրը պիտի սկսի Ժալ էլ Տիպի «Տէյր Սալիպ» հիւանդանոցէն, ապա պիտի այցելէ նաւահանգիստի պայթումին վայրը: Ժամը 10:30-ին, պատարագ պիտի մատուցէ Պէյրութի ծովեզերեայ հատուածին մէջ, ապա 12:45-ին օդակայանին մէջ հրաժեշտ պիտի տրուի մեծ հիւրին: Լեւոն ԺԴ. պապը Հռոմ կը հասնի Երեքշաբթի յետմիջօրէի ժամը 4:10-ին:

 

Արձակուրդային Օրեր

Վարչապետութիւնը յայտարարեց շարք մը արձակուրդային օրեր՝ անկախութեան տօնին եւ Վատիկանի պապին Լիբանան այցելութեան առթիւ: Ըստ յայտարարութեան, 22 Նոյեմբերին փակ կը մնան պետական այն հաստատութիւնները, որոնց համար Շաբաթ օրերը աշխատանքային են, իսկ Երկուշաբթի, 24 Նոյեմբերին փակ կը մնան պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետութիւնները: Իսկ Լեւոն ԺԴ. պապին այցելութեան առթիւ,Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի, 1-2 Դեկտեմբերին արձակուրդ կը յայտարարուի պետական բոլոր հաստատութիւններուն, քաղաքապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ հանրային ու սեփական համալսարաններուն եւ վարժարաններուն մէջ:

 

Փաշինեան. «Ապագան Այսօր Է»

 

Ապագան վաղը չէ, այլ՝ այսօր: Այսպէս յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովին մէջ 2026-ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկումին նուիրուած նիստին ընթացքին: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր գործողութիւնները կը կեդրոնացնէ պետականութեան եւ պետութեան վրայ: «Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններով ինքնաբաւ է եւ անոր նպատակն է ապահովել քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, բարեկեցութիւնն ու երջանկութիւնը», ըսաւ Փաշինեան: Ան քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն տէր կանգնելու խաղաղութեան: «Խաղաղութիւնը մեզի համար անծանօթ երեւոյթ է, ուստի պէտք է խնամք տանիլ անոր նկատմամբ», պահանջեց վարչապետը: Ան հաւաստիացուց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ մեծ աշխատանք կը տարուի «Թրամփի ուղի» նախագիծը իրականացնելու համար, աւելցնելով որ հայկական կողմը այսօր իսկ պատրաստ է ապահովելու բեռնատարներուն Թուրքիայէն Ատրպէյճան տարանցումը:

 

Փաշինեան Սահման Կ’այցելէ

Հայ-ատրպէյճանական սահմանի նոյնիսկ չսահմանագծուած հատուածներուն մէջ այլեւս խախտումներ չկան եւ հայ սահմանապահները իրենց սովորական ծառայութիւնը կը կատարեն առանց սաղաւարտի եւ զրահաբաճկոնի: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Հանրային խորհուրդին հետ սահմանագծուած Կիրանց գիւղ այցելած ատեն:

Անոնք ծանօթացան նորակառոյց ճանապարհին, ենթակառոյցներուն եւ դպրոցի պայմաններուն: «Այս ցոյց կու տայ, որ իրավիճակը կայուն եւ խաղաղ է», ըսաւ վարչապետը: Փաշինեան բացատրեց, որ սահմանի այն հատուածներուն մէջ, ուր սահմանապահներ տեղակայուած են, այլեւս խախտումներ չկան, նոյնիսկ եթէ սահմանազատում չէ եղած:

 

Գերիներու Հարցը Չէ Լուծուած

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի հետ ենթակառոյցները պէտք է բացուին համատեղ, այլապէս լիարժէք պիտի չաշխատին: Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան իր կարգին հաւաստիացուց, որ Եւրոմիութեան հետ մուտքի արտօնագրերու ազատականացումին հոլովոյթը աւելի արագ տեղի կ’ունենայ, քան այլ երկիրներու պարագային: «2026-ին մենք պիտի աշխուժացնենք Եւրոմիութեան անդամակցութեան ջանքերը», ըսաւ Միրզոյեան: Ան վստահեցուց, որ Երեւանն ու Պրիւքսէլը կը պատրաստուին շուտով նոր փաստաթուղթեր ստորագրելու: Խօսելով Ատրպէյճանի հետ առկայ խնդիրներուն մասին, Միրզոյեան անդրադարձաւ Սահամանադրութիւնը բարեփոխելու Պաքուի պահանջին: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ որեւէ խնդիր չկայ եւ հարցերը լուծուած են խաղաղութեան համաձայնագրով: «Մենք կրնանք աւելի շատ բողոքներ յայտնել իրենց սահմանադրութեան վերաբերեալ», նշեց նախարարը՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները հրաւիրած են Երեւան՝ մասնակցելու Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան գագաթաժողովին: «Ատրպէյճանի հետ դիմեցինք ԵԱՀԿ-ին՝ Մինսքի խմբակին կառոյցները փակելու դիմումով», ըսաւ նախարարը: Անոր համաձայն, փոխշահաւէտութիւնը այն պատճառն է, որ երկու կողմերը պիտի մղէ պահպանելու խաղաղութիւնը: Միրզոյեան սակայն դիտել տուաւ, որ տակաւին չէ լուծուած հայ գերիներուն ազատ արձակումի հարցը: Պաքուի մէջ կը շարունակուի հայ գերիներուն մղձաւանջը: Այս առումով, բանտարկուած լիբանանահայ Վիգէն Էօլճէքճեանի փաստաբանները դիմում ներկայացուցին անձերու կամայական կալանաւորումի հարցերով ՄԱԿ-ի աշխատանքային խումբին, պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել Վիգէնը: Յիշեցնենք, որ Վիգէն Շուշիի մէջ ձերբակալուեցաւ 2020-ի 10 Նոյեմբերին՝ զինադադարի համաձայնութենէն օր մը ետք: Ապա Պաքուի մէջ բեմադրուած դատավարութեամբ անով վիճակուեցաւ քսան տարի բանտարկութիւն:

 

Լարուած Պատարագ Յովհաննավանքի Մէջ

Գործադրելով քանի մը օր առաջ տուած խոստումը, վարչապետ Փաշինեան իր հետեւորդներուն հետ Կիրակի օր Յովհաննավանքի մէջ մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարագին, որ մատուցեց օրեր առաջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին որոշումով կարգալոյծ հռչակուած Տ. Արամ Ասատրեան քահանան՝ աւազանի անունով Ստեփան Ասատրեան: Վերջինս կը մերժէ Վեհափառ Հայրապետին որոշումը, զայն որակելով ապօրինի: Պատարագն ու Փաշինեանի այցելութիւնը ընթացան ապահովական խիստ քայլերու ընկերակցութեամբ եւ տեղի ունեցան շատ սահմանափակ խնդիրներ:

Փաշինեան, աւելի ուշ, համացանցով յայտարարեց, որ 2 Նոյեմբերին եւս ներկայ պիտի ըլլայ պատարագի: Ան նորոգումի օրակարգ համարեց «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ազատագրութեան օրակարգը: «Այդ ճանապարհին մենք պէտք է արժանի ըլլանք մեր Սրբութիւն սրբոցին», ըսաւ ան եւ մաղթեց, որ մարդիկ նորոգումի հոլովոյթը կը սկսին իրենց հոգեւոր կեանքի նորոգութեամբ:

 

Արամ Ա. «Մեր Ազգը Մէկ Է»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտնեց, որ մեր եկեղեցին մէկ է, հայրենիքը մէկ է, մեր ազգը մէկ է, իսկ պառակտումի փորձերուն պէտք է հաւաքաբար ըսեն՝ ո՛չ: «Զգոյշ, ժողովուրդ հայոց» խորագրեալ յայտարարութեամբ մը, Վեհափառ Հայրապետը հայութեան կոչ ուղղեց կառչելու արժէքներուն եւ սրբութիւններուն, մերժելով մեր էութեան եւ ազգային արժէքներուն համահունչ չեղող երեւոյթները եւ զերծ մնալով պառակտումի ակնյայտ եւ ծածուկ փորձերէն:

 

Յարգանք 27 Հոկտեմբերի Զոհերուն

Հայաստանի մէջ երէկ ոգեկոչուեցաւ յիշատակը այն պետական այրերուն, որոնք զոհուեցան 1999-ի 27 Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով: Ազգային ժողովի այգիին մէջ, զոհերու հարազատներուն կողքին զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ ծաղիկներ խոնարհեցին նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը:

Նշենք, որ յարձակումին հետեւանքով զոհուեցան Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Տեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, Ազգային ժողովի փոխնախագահներ Եուրի Բախշեանն ու Ռուբէն Միրոյեանը, երեսփոխաններ Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը, Միքայէլ Քոթանեանը եւ նախարար Լէոնարտ Պետրոսեանը: Նայիրի Յունանեանի գլխաւորած ոճրագործներուն դատավարութիւնը աւարտեցաւ 2003-ին եւ վեց անձ դատապարտուեցաւ ցկեանս բանտարկութեան, մէկ հոգի ալ՝ 14 տարի ազատազրկումի:

Share64Tweet40
Previous Post

Հին Եւ Նոր Արժէքներ

Next Post

Տիկին Արեւ Մուտեանի Վիճակը․ Կը Ճանչնա՞ք Զայն

Next Post
Տիկին Արեւ Մուտեանի Վիճակը․ Կը Ճանչնա՞ք Զայն

Տիկին Արեւ Մուտեանի Վիճակը․ Կը Ճանչնա՞ք Զայն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.