Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Հայոց Ողիմպոսը` Արարատ

Անի Թորանեան (Երեւան)

October 21, 2025
in Յօդուածներ
0
Հայոց Ողիմպոսը` Արարատ

Բարձրանում է նա տիեզերքի սրտին՝

Ալեզարդ գլուխը Աստծու կրծքին…

Աւետիս Ահարոնեան

 

…Մեր հորիզոնին յաւերժ դաջուած անոր երկգագաթ ուրուանկարը կը բարձրանայ հանդարտ վեհութեամբ, իր ձիւնէ պսակով նախանձելի փայլք հաղորդելով մեր արեւագալերուն ու մայրամուտներուն… Հայ մանուկը իր անունը չգրած կը սկսի նկարել անոր զոյգ գագաթներն ու անոնց ընդմէջէն ծագող արեգակը…

Կարեւո՞ր է, թէ սահմանի ո’ր կողմն է։ Մեզի համար այդ լեռը հայրենիքի առանցքն է, որ ոչ միայն կը տեսնեն, այլեւ կ’երազեն, կը յիշեն, կ’երգեն, կը վրձինեն ու կը գրեն: Աշխարհագրութիւնը միայն տեղանք չէ։

Արարատի մասին խօսիլ չի նշանակեր խօսիլ սահմաններու, քարի, գագաթներու կամ ձիւնի մասին, այլ այն ամէնի մասին, որ կ’ապրի ժողովուրդի երեւակայութեան մէջ:

Լեռը, նախեւառաջ, փաստ է: Իսկ այս փաստը վեր կը խոյանայ 5165 մեթր ու կ’իշխէ ամբողջ Արարատեան դաշտին վրայ, եւ երբ օրը պայծառ է ու յստակ, տեսանելի է հարիւրաւոր քիլոմեթրեր անդիէն:

Անոր փէշերուն տակ փռուած հարթավայրը տարածաշրջանի ամէնէն բերրիներէն է, իսկ մայր Արաքսը կը հոգայ, կ’ոռոգէ խաղողի եւ ծիրանի այգիները, որոնք կ’երկարին որպէս կանաչ ու ոսկեգոյն գորգեր:

Հազարամեակներով, արեւելքէն ու արեւմուտքէն շատ ճանապարհորդներ մօտեցած, դիտած, հմայուած ու գրած են այս ազատ ու միայնակ լեռան մասին, որ չէ շղթայուած ուրիշ գագաթներու, այլ բացարձակ ազատ է ու գերիշխող:

Միայնակ այդ վեհութիւնը չի նմանիր ոչ մէկ ուրիշ գագաթի:

Անոր մասին հիացումով գրած են օտար հանրածանօթ աշխարհագրագէտներ ու հետազօտողներ՝ Սթրապոնէն մինչեւ Մարքօ Փոլօ, ներքին այն մղումով, որ իրենց կատարած գրառումները կը վերաբերին ոչ միայն լեռան, այլեւ առեղծուածի մը։

Մեզի՝ հայերուս համար, Արարատն ու անոր նշանակութիւնը միշտ աւելին եղած են, քան տեղագրութիւնը։ Ան անբաժանելի է Նոյեան տապանի աստուածաշնչեան առասպելէն, որ, ըստ «Ծննդոց»-ի, ջրհեղեղէն ետք կանգ առած է անոր լանջերուն վրայ։

Այդ առասպելը Արարատը վերածած է համընդհանուր խորհրդանիշի, ճանչցուած հրէական, քրիստոնէական եւ այլ  աւանդոյթներու մէջ, բայց հայերուս համար նաեւ տեղային է ու շօշափելի, մարմին առած մեր մշակած հողին ու մեր հայեացքին մէջ։

Յակոբ Յակոբեան՝ «Արարատը Սաղմոսավանքէն»

Մեծ աղետէն ետք Արարատի վրայ հանգրուանած տապանը Հայկական լեռնաշխարհը կապեց վերականգնումի ակունքին՝ մարդկութեան վերածնունդին։ Ապրիլ այդ լեռան ստորոտին կը նշանակէ նոյնիսկ ամէնէն մութ ու դժնդակ օրերուն ապրիլ նոր սկիզբի մը խոստումը…։

Արարատի հոգեւոր իմաստը աճած է դարեր տեւած պայքարին զուգընթաց։ Պատերազմներու եւ տեղահանութեանց ընթացքին իր հողը կորսնցուցած հայը լեռը կրած է իր յիշողութեան մէջ։ Ժայռերու վրայ հսկող վանքերէն մինչեւ խոհուն ձեռքերով լուսաւորուած ձեռագրեր՝ Արարատը հանդէս եկած է որպէս տոկունութեան նշան։ Աշխարհի հեռաւոր մէկ անկիւնը աքսորուած հայը նոյնիսկ  գոց աչքերով կը տեսնէ, թէ ինչպէս իր ներաշխարհին մէջ գլուխ կը ցցեն անոր երկուորեակ գագաթները։

Լեռը ոչ միայն հեռու չէ, այլեւ «շարժական» է, կը բնակի մեր հոգիին մէջ։ Արտաբերել անոր անունը կը նշանակէ յիշել ոչ միայն վայր մը, այլեւ ժողովուրդի մը հաւատքի ու յամառութեան պատմութիւնը։

Սակայն Արարատը ընկալել միայն որպէս խորհրդանիշ, պիտի նշանակէր նսեմացնել իրականութիւնը։ Այս լեռը ապրող էութիւն է, մենք ամէն օր կը տեսնենք, կ’ապրինք զայն, ան իր տրամադրութիւնը ունի, փոխ առնուած եղանակէն, նաեւ իր ժողովուրդէն։

Մեր երեխաները կը մեծանան՝ օրերն ու տարիները չափելով իրմով, ուխտաւորներ իւրօրինակ յուզումով կը մատչին անոր լանջերուն ու գագաթին, ինչպէս ամպերը, որոնք կը հպին անոր ուսերուն ու կը հեռանան ակնածանքով, ինչպէս մարդը։

Լեռան հետ նմանօրինակ եզակի հոգեկցութիւնը իր արտայայտութիւնը գտած է արուեստի տարբեր ճիւղերու մէջ, ուր Արարատը անվերջ կը վերիմաստաւորուի։

Յովհաննէս Այվազեան-Այվազովսքին զայն վրձինած է անզուգական վեհութեամբ, թոյլ տալով, որ լոյսը հանգրուանէ անոր ձիւներուն մէջ, տպաւորութիւն ստեղծելով, թէ երկինք-անվերջութիւնը կ’օրհնէ այդ երկիրը։

Մարտիրոս Սարեան Արարատը իր վառ գոյներով պատկերեց ո՛չ թէ որպէս սառցէ հեռու գագաթ, այլ որպէս շողարձակող լոյս, ուրախութեան ու շունչի աղբիւր։ Իսկ Արշիլ Կորքի, օտար ափերու մէջ, Արարատը վերածեց վէրքի եւ յիշողութեան ցիրուցան ձեւերու, բայց միշտ… ներկայ։

Ուրիշ մեծեր ալ պատկերած են աստուածաշնչեան այս լեռը. Գէորգ Բաշինջաղեան, Մհեր Աբեղեան, Եղիշէ Թադեւոսեան, Մինաս, Յակոբ Յակոբեան… Այս վարպետներէն բացի անթիւ հայ ձեռքեր նկարած են զայն կտաւներու վրայ, հիւսած՝ գորգերու մէջ…։ Մտնենք ոեւէ հայու տուն եւ բնաւ զարմանալի պիտի չըլլայ տեսնել անոր շրջանակուած ներկայութիւնը պատի մը վրայ։

Արարատ նկարել կարծես կը նշանակէ մաս կազմել լուռ երդումի մը՝ որ լեռը, սահմանէն այս կամ այն կողմ, կարելի չէ ջնջել մեր տեսադաշտէն։

Այսպիսով, Արարատը միաժամանակ ֆիզիքական է եւ բնազանցական, լեռ է եւ սուրբ գրութիւն, փաստ է եւ երազանք։ Ան հայը կը կապէ իր հողին, իր պատմութեան, նաեւ հայը՝ հայուն։

Ան այն կէտն է, ուր աշխարհագրութիւնը կը բարձրանայ մինչեւ աստուածաբանութիւն, ուր արուեստը յիշողութիւնը կը վերածէ ձեւի, ուր տեսանելի աշխարհը կը մատչի անտեսանելիին։

Նրա ամէն մի անշունչ, անկենդան աւազահատը

Մեր արեան կարմիր գնդիկների’ն է կենսահիւթ տանում:

 Այսպէս բանաստեղծած է Սիլվա Կապուտիկեան։

Հայը կ’ապրի’ Արարատը։ Անոր ձիւնը մաքրութեան խորհրդանիշ է, բարձունքը՝ հպարտութեան, իսկ հեռաւորութիւնը՝ կարօտի։

Արարատը հայոց համար լեռ չէ, որ կարելի է նուաճել ուժով, ան արեան մէջ է։ 

Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ՝ ես իմ Մասիս սա՛րն եմ սիրում։

Share63Tweet40
Previous Post

Հաւատքի Վկայ Եւ Սրբավայրեր Վերանորոգող` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Next Post

Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Սիրավէպը

Next Post
Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Սիրավէպը

Գէորգ Պետիկեանի «Մեծ Բակին Փոքրիկ Աղջիկը» Սիրավէպը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.