ԿԱԶԱՅԻ ՄՂՁԱՒԱՆՋԸ ԱՌԱՅԺՄ ՎԵՐՋԱՑԱՒ
Կազայի պատերազմին վերջ տուած Համաս-Իսրայէլ միջնորդուած համաձայնութիւնը պաշտօնապէս ստորագրելու նպատակով, երէկ եգիպտական Շարմ էլ Շէյխ քաղաք ժամանեցին միջազգային եւ շրջանային բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ՝ ներառեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ եւ Ծոցի արաբական երկիրներէն բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ: Խաղաղութեան համաժողովին մասնակցելու համար Գահիրէ հրաւէր յղած էր նաեւ Իրանի նախագահին, սակայն Թեհրան մերժեց զայն, շեշտելով որ վստահութիւն չկայ Իսրայէլին վրայ: Շարմ էլ Շէյխ չուղղուեցաւ նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն: Նշենք, որ երթեւեկային արկածի մը հետեւանքով մահացաւ Շարմ Շէյխի ժողովին մասնակցող քաթարցի երեք դիւանագէտ:

Կազայի զինադադարին առաջին փուլի համաձայնութիւնը յաջողութեամբ գործադրուեցաւ: Համաս շարժումի զինեալ թեւը հաստատեց, որ զինադադարի համաձայնութեան հիման վրայ որոշած է յանձնել ողջ մնացած իսրայէլացի քսան գերի եւ մահացած չորս հոգիի աճիւնները: Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը ստանձնեց փոխադրութեան պարտականութիւնը: Միւս կողմէ, Իսրայէլի բանտային իշխանութիւնը յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բանտերէն ազատ արձակուած է 1968 պաղեստինցի գերի: Անոնք նախ տեղաւորուած են երկու բանտերու մէջ, ուրկէ ազատ արձակուած՝ Կարմիր խաչին օգնութեամբ: Պաղեստինցի գերիներուն մէկ մասը ազատ արձակուեցաւ Կազայի մէջ, իսկ միւս մասը՝ Այսրյորդանանի: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ալ վստահեցուց, որ գալիք տարիները պիտի ըլլան խաղաղութեան տարիներ Իսրայէլի մէջ եւ անկէ դուրս:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ այցելեց Թել Աւիւ եւ խօսք մը արտասանեց իսրայէլեան Քնէյսէթին մէջ: Ան Կազայի համաձայնութիւնը համարեց Միջին Արեւելքի ապագային նոր արեւածագը, նշելով որ վերջ գտած է ոչ միայն պատերազմը, այլեւ ահաբեկչութեան եւ մահուան ժամանակաշրջանը: Ան միաժամանակ աջակցութիւն յայտնեց Լիբանանի նախագահին՝ Հըզպալլան ապազինելու եւ բարգաւաճ պետութիւն մը կառուցելու իր ջանքերուն մէջ:
ԲՈՂՈՔ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ արտաքին գործերու նախարար Եուսէֆ Ռեժժիին յանձնարարեց ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչէն պահանջել, որ բողոք ներկայացնէ Իսրայէլին դէմ՝ հարաւային Մսէյլէհ շրջանի ուղղութեամբ 11 Հոկտեմբերին գործուած օդային հարուածին պատճառով: Իսրայէլեան այդ յարձակումը թիրախաւորած էր երկրագործական եւ շինարարական մեքենաներու հաւաքավայր մը՝ պատճառելով քանի մը զոհ եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր սարքերու կործանում:
Այլ գիծի վրայ, ԵՈՒՆԻՖԻԼ յայտարարեց, որ խաղաղապահ ուժերու զինուորներէն մէկը թեթեւօրէն վիրաւորուած է Քֆարքիլայի կեդրոնին մէջ, իսրայէլեան օդային հարուածի մը պատճառով: Ըստ յայտարարութեան, ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի զինուորները հարուածէն առաջ նկատած էին շրջանին մէջ սաւառնող իսրայէլեան երկու անօդաչու սարք:
ԱՈՒՆ. «ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ԴՈՒՐՍ ՄՆԱԼ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԷՆ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն շեշտեց, որ զէնքի մենաշնորհին հարցով կարեւորը զէնքը չէ, այլ անոր գործածութեան մտադրութիւնը, ուստի անհրաժեշտ է պետութեան տիրապետութեան չենթարկուող զէնքը զրկել դերակատարութենէ, ինչ որ կը կարօտի որոշ ժամանակի: Ան ժխտեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն համար ամերիկացիներուն խոստացած օգնութիւնը պայմանաւորուած ըլլայ Հըզպալլայի ապազինումով: Խօսելով ընտրութիւններուն մասին, նախագահը կարեւորեց անոնց կազմակերպումը, խորհրդարանին վերապահելով ընտրական օրէնքը ճշդելու պարտականութիւնը: «Նեպիհ Պըրրիի եւ Նաուաֆ Սալամի հետ յարաբերութիւնը բացառիկ է եւ կը փորձենք մեր ունեցած սահմանափակ հնարաւորութիւններով իրականացնել կործանուած շրջաններուն վերակառուցումը», ըսաւ Աուն: Ան շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար դուրս մնալ տարածաշրջանի ուղղութենէն, որ այժմ հակամարտութիւնները լուծելու հոլովոյթն է:
ՍՈՒՐԻԱՆ ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ԾԱԽՍԸ

Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կործանուածը վերակառուցելը կը համարուի պետութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնը: Ըստ նախագահին, վերակառուցումին համար անհրաժեշտ է 600-900 միլիառ տոլար, ուստի դիմեց միջազգային ընտանիքին աջակցութեան: Շարաա բողոքեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցները կը խափանեն վերակառուցումի ջանքերը: Սուրիոյ մէջ կռուող քրտամէտ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր կազմակերպութեան ղեկավար Մազլում Ապտի պահանջեց Սուրիոյ մէջ գործադրել ապակեդրոնացումի դրութիւն, աւելցնելով որ սկզբունքային համաձայնութիւն կայ իր ուժերը ձուլելու սուրիական բանակին մէջ:
ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերստին զրուցած են: Ներկայ գտնուելով եգիպտական Շարմ Շէյխի մէջ գումարուող Կազայի խաղաղութեան համաժողովին, Փաշինեան եւ Ալիեւ ունեցած են կարճատեւ զրոյց մը: Անոնց շուտով միացած է Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆը: Նշենք, որ երկու ղեկավարները կողմնակի զրուցած էին նաեւ քանի մը օր առաջ գումարուած մէկ այլ ժողովի աշխատանքներու ծիրին մէջ, իսկ Փաքիստան տակաւին վերջերս յարաբերութիւն հաստատած էր Երեւանի հետ:

