Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐ. ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

October 2, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐ. ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

 

 

Զինեալ կազմակերպութիւններու ապազինումին եւ զէնքի մենաշնորհին վերաբերեալ կառավարութեան ծանօթ որոշումին, ինչպէս նաեւ անոր նկատմամբ Հըզպալլայի մեկնաբանութիւններուն լոյսին տակ, նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի, Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին զէնքի մենաշնորհին հարցով կառավարութեան 5 եւ 7 Օգոստոս 2025-ի որոշումներուն, կարեւորելով անոնց գործադրութիւնը առանց ձգձգումի՝ յանուն Սահմանադրութեան գործադրութեան: Նախկին վարչապետները հաղորդագրութեամբ մը կարծիք յայտնեցին, թէ լիբանանեան ազգային շահերը կ’ենթադրեն բոլոր կողմերուն ամբողջական համագործակցութիւնը կառավարութեան հետ՝ անյապաղ գործադրելու նշեալ որոշումները, որպէսզի պետութիւնը կրէ երկրի պաշտպանութեան պատասխանատուութիւնը: Նախկին վարչապետները անդրադարձան նաեւ տնտեսական ու ելեւմտական բարեփոխումներուն, այդ համարելով իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն հետեւանքով Լիբանանի կրած վնասները վերականգնելու առաջին քայլը: Անոնք դատապարտեցին հարաւի ուղղութեամբ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումները եւ Կազայի մէջ իրականցուող ցեղասպանութիւնը: Միքաթի, Սինիորա եւ Սալամ լիբանանեան գերագոյն նպատակ համարեցին ազգային միասնականութեան եւ միացեալ իշխանութեան պահպանումը:

Դատական առումով, Վճռաբեկ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ժամալ Հաժժար հրահանգեց որոնել երկու անձեր, որոնք մասնակից դարձած էին Ռաուշէի ժայռին վրայ Հըզպալլայի ահաբեկուած ընդհանուր քարտուղարներուն նկարներու ցուցադրութեան: Հետապնդումի յուշագիրը հրապարակուած է, որովհետեւ նշեալ անձերը մերժած են կամովին ներկայանալ դատական առնչակից մարմիններուն առջեւ:

 

Իսրայէլեան շարունակուող ոտնձգութիւններու ծիրին մէջ, անօդաչու սարքեր երէկ թիրախաւորեցին Քաֆրա շրջանը, ուր մահացաւ մարդ մը եւ վիրաւորուեցան հինգ ուրիշներ, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան յայտարարութեան: Իսկ լիբանանեւսուրիական սահմանային գօտիին վրայ մահացաւ Սուրիոյ ընդհանուր անվտանգութեան ուժերէն ծառայող մը, երբ պատերազմէն մնացած հրթիռ մը պայթեցաւ սահմանային Ժոսիէ շրջանին մէջ՝ գիւղի դպրոցին եւ եկեղեցւոյ միջեւ:

ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարին գրասենեակը յայտարարեց, թէ անցեալ տարուայ պատերազմին վերջ դրած զինադադարի յայտարարութենէն ետք, մինչեւ Սեպտեմբեր ամիսը հաստատուած է Լիբանանի մէջ 103 քաղաքացիի մահը՝ իսրայէլեան հարուածներուն պատճառով: Զեկոյցը դիտել տուաւ, որ զինադադարի որոշումի հրապարակումէն ի վեր Լիբանանի մէջ գրանցուած է իսրայէլեան քանի մը հազար ոտնձգութիւն:

 

Share94Tweet59
Previous Post

«ՏԱՐԱԾՈՒԱԾ ԽՕՍՈՅԹ Է, ԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՍՈՐ-ԱՆՈՐ ՊԱՀԱՆՋԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՈԵՒԷ ՄԷԿՈՒՆ ՊԱՀԱՆՋԸ ՉԻ ԿԱՏԱՐԵՐ» Կ’ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Next Post

10 ՔԻԼՕ ՔՈՔԱՅԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ

Next Post
10 ՔԻԼՕ ՔՈՔԱՅԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ

10 ՔԻԼՕ ՔՈՔԱՅԻՆ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.