Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ՝ ՇԱՊԻՆ ԳԱՐԱՀԻՍԱՐԻ 1895-Ի ԱՊՏԻՒԼՀԱՄԻՏԵԱՆ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

September 4, 2025
in Յօդուածներ
0
ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ՝ ՇԱՊԻՆ ԳԱՐԱՀԻՍԱՐԻ 1895-Ի ԱՊՏԻՒԼՀԱՄԻՏԵԱՆ ԿՈՏՈՐԱԾՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

Արամ Հայկազ  իր ծննդավայր Շապին Գարահիսարի հերոսամարտին մասին առաջին անգամ գրած է անգլերէնով լոյս տեսած «Արծուեբոյնին անկումը» (The Fall of the Aerie) գրքոյկին մէջ, հրատարակուած 1935-ին, Պոսթընի մէջ։ Հայկական միջավայրին մէջ շատ յայտնի այս գրքոյկը գրողին դուստրը՝ Այրիս Չեքենեանը վերահրատարակեց հայերէն, 2012-ին, Նիւ Եորքի մէջ։ Գիրքին հրատարակչական տուեալներն են․ «Շապին Գարահիսար ու իր հերոսամարտը», Արամ Հայկազ, Նիւ Եորք, ԱՄՆ, Տպարան «Մշակ», Պէյրութ, Լիբանան, 1957, մեծ չափի 460 էջ։

Արամ Հայկազ «Երկու խօսք» վերնագիրով յառաջաբանին մէջ Շապին Գարահիսարի հերոսամարտին մասին հետեւեալը կը գրէ․ «Խառնուածքով ըմբոստ մարդոց կողմէ, ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի կիրառումն էր տխմար ու անօրէն պետութեան մը դէմ։ Գարահիսարցիք գալիք սեւ օրը նախատեսած էին (թէեւ ոչ իր ամբողջ տարողութեամբ եւ ահաւորութեամբ) եւ պատրաստուած որեւէ անակնկալ դիպուածի ու հաւանականութեան դէմ։ Ահա թէ ինչու երբ եկաւ սեւ պահը, մատերը բլթակին վրայ էին․․․

Ու եթէ իրենց սրբազան խոյանքը յաղթանակով չպսակուեցաւ, մեղքը իրենցը չէր»։

Արամ Հայկազ գիրքին առաջին մասին մէջ «Ընդհանուր ծանօթութիւններ» խորագիրին տակ կը խօսի պատմական Գարահիսարի եւ անոր բերդին մասին ու լայն տեղեկութիւններ կու տայ քաղաքին տնտեսութեան, մշակութային կեանքին եւ յեղափոխական խմորումներու մասին։ Ան քանի մը էջերու մէջ կը նկարագրէ 1895-ի ապտիւլհամիտեան կոտորածները, որոնց պիտի անդրադառնանք ստորեւ։ Գիրքին երկրորդ մասը Շապին Գարահիսարի հերոսամարտին մասին է ու մանրամասն տեղեկութիւններ կը պարունակէ, ինչպէս նաեւ ժամանակագրական զարգացումներու պատում։ Գիրքին երրորդ մասին մէջ Արամ Հայկազ կը ներկայացնէ իր ծննդավայր քաղաքի հայ երեւելի անձնաւորութիւններու կենսագրականները։ Վերջին եւ չորրորդ մասը՝ «Պատմական նամակներ» խորագիրով, յատկացուած է հերոսամարտին առնչուած յուշագրական կարեւոր նամակագրութիւններու։

1895-ի աշնան, Պապը Ալիի դէպքէն ետք, թուրքերու եւ հայոց միջեւ լարուածութիւն մը ծնունդ կ՛առնէ։ Շապին Գարահիսարի հայերը կը զգան թէ աղէտ մը կը մօտենայ իրենց։ Թուրքերը կը սկսին սպառնալի ոճով խօսիլ հայոց հետ։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւններն ու պատասխանատուները ամէն տեսակ հաւանականութիւններու դիմաց կը պատրաստուին։ Հնչակեան գործիչ Արամ Աչըքպաշեան թրքական հաւանական յարձակման դիմաց պաշտպանութեան եւ դիմադրութեան պատրաստութիւն կը տեսնէ։

1895-ի 15 Հոկտեմբերին թուրք խուժանն ու ոստիկանները Շապին Գարահիսարի շրջակայ գիւղերէն՝ Աներղիի, Պուտէիտի, Ծիպեռիի եւ Լթառիճի հայոց վրայ կը յարձակին։ Լեղապատառ կիներ, ծերեր եւ մանուկներ կը փախչին ու Շապին Գարահիսար կ՛ապաստանին։ Հայոց ինքնապաշտպանութեան յանձնախումբը թռուցիկ խումներ կ՛արձակէ բոլոր հայերը պաշտպանելու համար։ Քաղաքին հայերը ծուղակը չեն իյնար։ Թուրքերը Շապին Գարահիսար քաղաքի կեդրոնէն յարձակում կը գործեն հայոց վրայ, բայց հայոց դիմադրութեան բախելով՝ անմիջապէս կը նահանջեն։ Յարձակումը երեք-չորս անգամ կը կրկնուի, սակայն նոյն ճակատագրին կը յանգի։ Ծերունի հայ մը՝ Սերովբէ Պետրոսեան, կը նահատակուի թրքական նենգ փամփուշտէ մը։ Հայոց կորովը աւելի կը զօրանայ եւ անոնք, առանց տեղի տալու,  քաղաքին հեռաւոր թաղերու մէջ ապրող իրենց ազգակիցներուն զինեալ ոյժերու պաշտպանութեան տակ եկեղեցին եւ քովի յարակից երկու շէնքերը կը տեղաւորեն։ Հրացանաձգութիւնը ամբողջ օրը կը շարունակուի։ Թուրքերը չեն յաջողիր հայկական թաղերը մտնել։ Հազարաւոր հայեր բաւականաչափ ուտելիքի պաշարով եւ սեփական արժէքաւոր իրերով կը յաջողին եկեղեցին ապաստանիլ։ Քաղաքը կ՛ամայանայ եւ շուկաները փակ կը մնան։ Բարեբախտաբար քաղաքին հայատեաց կառավարիչը բացակայ էր այդ օրերուն։

Եկեղեցին ապաստան գտած հայերը կ՛իմանան թէ թուրքերը Թամզարա, Աներղի եւ Պուսէիտ գիւղերը տակնուվրայ ըրած են։ Երկրորդ օրը երկու թուրք ոստիկաններ յանկարծ եկեղեցի կը մտնեն ու Առաջնորդական փոխանորդը եւ երկու ժողովականներ հեռագրատան տնօրէնին քով կը հրաւիրեն։ Հոն կը գտնուէր նաեւ Սեբաստիոյ Առաջնորդ Պետրոս սրբազանը, որ կ՛ուզէր ժողով գումարել նոր հասնողներուն հետ ու զեկուցել կառավարիչ Ալի Հասան փաշային։

Յաջորդ օրը, կուսակալէն ստացած հրամանով, քաղաքին հազարապետը 8-10 ոստիկաններով կը կրակէ թուրք խուժանին վրայ եւ զայն կը ցրուէ։ Խուժանը գլխիկոր եւ յուսաբեկ կը հեռանայ դէպի գաւառները։

Share64Tweet40
Previous Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Next Post

ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԷ՝ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՈՒՂԻՆ

Next Post
ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԷ՝ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՈՒՂԻՆ

ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԷ՝ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՈՒՂԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.