Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանէն Պէյրութ ժամանած է հայկական պարարուեստի վաստակաշատ վարպետ՝ պարոն Ասատուր Կարապետեան, որ պիտի միանայ Միութեան պարախումբին եւ իր հարուստ փորձառութեամբ նորովի պիտի ներշնչէ համայնքային մշակութային գործունէութեան։
Ասատուր Կարապետեան Հայաստանի Պարի Պետական Անսամպլի երկարամեայ եւ նուիրեալ ղեկավարն է։ 2007-2023 տարիներուն եղած է անսամպլի գլխաւոր պարուսոյցը. ժամանակաշրջան մը, երբ պարախումբը հասաւ նոր մակարդակի՝ ներգրաւուելով նաեւ Ժողովրդական երաժշտութեան եւ Պարի ազգային կեդրոնի կազմին մէջ։ Իր ղեկավարութեամբ անսամպլը ունեցաւ բազում բեմադրութիւններ, միջազգային շրջագայութիւններ եւ ազգային պարային ժառանգութեան արժեւորում։
Անոր մասնագիտական ճամբան սկսած է իբրեւ նուիրեալ պարող եւ հետզհետէ վերածուած է ուսուցանող վարպետի, որ կարեւոր դեր ունեցած է հայ գեղարուեստական պարի սերունդներու կազմաւորման մէջ։ Ղեկավարած է նաեւ ու համագործակցած՝ Փարիզի «Նաւասարդ», Պէյրութի «Արեգ», Պուտաբեշտի պարի անսամպլներու եւ այլ համոյթներու հետ՝ իր պարերուն միջոցով վերարտադրելով հայու ոգին, շարժումը եւ ինքնութիւնը։
Այսօր, հայրենիքէն դուրս, սակայն հայութեան սրտին մէջ, պարոն Կարապետեան կը գտնուի Պէյրութ եւ պատրաստ է իր գործօն մասնակցութիւնը բերելու Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պարախումբի աշխատանքներուն։ Անոր ներկայութիւնը վստահաբար նոր աւիւն պիտի ներշնչէ երիտասարդ պարողներուն, խթանէ խմբային աշխատունակութիւնը եւ հարստացնէ կատարողական որակը։
«Արեգ» պարախումբին վարչական կազմը, խմբակից անդամ-անդամուհիները, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Մ.Միութեան բազմաթիւ համակիրներ ջերմ ու մեծ հաւատքով կը դիմաւորեն այս փայլուն արուեստագէտը, համոզումով որ անոր առաջնորդութեամբ կեանքի պիտի կոչուին նոր բեմադրութիւններ եւ պիտի զարթնին մոռցուած պարեր։
Բարի գալուստ կը մաղթենք պարոն Ասատուր Կարապետեանին եւ արդիւնաւէտ, ոգեւորիչ ստեղծագործական տարեշրջան մը՝ ի սպաս սփիւռքեան հայ մշակոյթի շարունակական զարթօնքին։