Վատիկանի մէջ երէկ պաշտօնապէս սկսան Հռոմի նոր պապի ընտրութեան դռնփակ եւ խիստ գաղտնի նիստերը՝ մասնակցութեամբ ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք ունեցող կարտինալներուն: Սկիզբը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ էր, ուր երիցագոյն կարտինալը՝ իտալացի Ճիովանի Պաթիսթա Ռէն, հանդիսապետեց սրբազան նոր քահանայապետի ընտրութեան նուիրուած սուրբ պատարագին, որմէ ետք կարտինալները ուղղուեցան Սիսթինեան մատուռ, ուր ամբողջական գաղտնի եւ դռնփակ պայմաններու մէջ տեղի կ’ունենան նոր պապի ընտրութեան նիստերը: