Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն ուղերձ յղած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով։
Ան իր ուղերձին մէջ ընդգծած է, որ Ցեղասպանութեան տարելիցին ոգեկոչումը սոսկ ցաւալի պատմական իրադարձութեան յիշատակ չէ, այլ՝ արդարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ մարդկային արժանապատուութեան հիմնարար արժէքներու վերահաստատում։ «Ան կը յիշեցնէ աշխարհին բռնութեան, ծայրայեղականութեան եւ մեկուսացման բոլոր ձեւերու դէմ կանգնելու կարեւորութեան մասին»,- ըսած է Աուն:
Նախագահ Աուն վերահաստատած է Լիբանանի անսասան համերաշխութիւնը հայ ժողովուրդին հետ՝ այս սկզբունքները պահպանելու համար անոր խաղաղ պայքարին մէջ։ Ան նաեւ բարձր գնահատած է Լիբանանի ծագումով հայ քաղաքացիներու ներդրումը` ընդգծելով անոնց երկարամեայ եւ կառուցողական դերը Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ գեղարուեստական կեանքին մէջ: «Անոնք միշտ եղած են Լիբանանի բազմազան եւ միահիւսուած ինքնութեան անբաժանելի մասը»,- ըսաւ Աուն:
Եզրափակելով իր ուղերձը նախագահը յայտնեց, որ խաղաղութեամբ հանգչին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը, անարդարութեան ու բռնագրաւման բոլոր զոհերը ամբողջ աշխարհին մէջ։ «Թող Աստուած պահապան ըլլայ Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին բոլոր չարիքներէն», ըսաւ ան։