205 տարի առաջ էր, Ապրիլ 4-ին, որ Վան քաղաքին մէջ իր աչքերը լոյսին պիտի բանար մանուկ մը, որ իր ժողովուրդին կողմէ անվերապահօրէն պիտի կոչուէր ՀԱՅՐԻԿ:
Ամէն ոք կ’ունենայ հայր մը: Մէկ հոգի ու վերջ: Այս բառը իր էութեամբ աղապատանքի, սիրոյ եւ գուրգուրանքի արտայայտութիւն ըլլալու կողքին՝ կ’ենթադրէ նաեւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն: Իսկ ո՞վ էր տառապահար, չարչարեալ, խաչեալ եւ ոչ-թաղեալ ժողովուրդի մը հայրիկը՝ որ այդ ծանր լուծին բովանդակ դառնութիւնը ըմպեց ցմրուր՝ մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը:
Հայրի՛կ ու վերջ: Խրիմեանը՝ Մկրտիչ, որ իր յաղթահասակ մարմինով պիտի կոթողուէր մեր պատմութեան ամենադժուարին օրերուն: Իր անունը պիտի դառնար հոմանիշը ողջ ժամանակաշրջանի մը՝ երբ պիտի սերմանուէին հունտերը հայոց ազատագրական շարժումին, երբ Պերլինի վեհաժողովի դահլիճէն ներս պիտի նիւթուէին չարանենգ խարդաւանքներ հայոց դէմ, երբ քիւրտ-թրքական եաթաղանը վայրագօրէն պիտի հնձէր իր զոհերը, երբ հայը իր զայրոյթը պիտի ժայթքէր ցարական կապանքներուն դէմ եւ վերջապէս երբ պարթեւահասակ Հայրիկին ընդմէջէն հայը պիտի տեսնէր իր յոյսն ու հաւատքը, մխիթարանքն ու սփոփանքը իր անդադրում գուպարին:
Հայրի՛կ եւ վերջ: Անհնար է գրել մեր պատմութեան նոր ժամանակահատուածին պատմութիւնը առանց Հայրիկի: Պատահական չէ, որ անոր շուրջ կարելի է գտնել ծաւալուն գրականութիւն՝ քանզի բազմաոլորտ գործունէութիւն ծաւալեց ան եւ մի՛շտ առաջին գիծի վրայ: Եկեղեցական ոլորտէ ներս՝ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ՝ հասնելու համար ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան գահին: Գրականութենէն ներս՝ բազմաթիւ գործեր՝ մերթ արեամբ թաթախուն, մերթ՝ արտասուալից ողբերգութիւն, երբեմն՝ բարոյախրատական գիրքեր, յաճախ՝ բանաստեղծութիւններ եւ ի հարկէ՝ գիւղագրութեան սրտառուչ գրիչ մը: Մանկավարժական ու դաստիարակչական գրութիւններ՝ որոնք հմտաշատ գրիչով վերլուծած է Վազգէն Ա. վեհափառ հայրապետը: Քաղաքական եւ վարչական կապեր՝ ի պաշտօնէ: Աքսոր ու հալածանք, ցաւ ու տառապանք միշտ ուղեկից իրեն: Փափուկ սիրտ մը՝ որ չդադրեցաւ արիւնոտելէ եւ թախծոտ աչքեր՝ որոնք չցամքեցան արցունք ծորելէ:
Հայրի՛կ եւ վերջ: Նմանեցաւ Աստուածաշնչեան մարգարէներուն, որոնք ակնածելի կերպարանքով, խորիմաստ յորդորներով եւ հեռահայեաց նախատեսութիւններով պատգամներ եւ պատուիրաններ կը փոխանցէին ժողովուրդին: Անոնց բնորոշ էր նաեւ առակապատումները՝ որոնց ետին կային բարոյական թելադրանքներ ի հարկէ: Այս առումով, Հայրիկին «Երկաթէ Շերեփ»ը դարձած է ուղենշային առակ մը՝ իրաւազուրկն ու ճնշեալը զինեալ պայքարի մղող: Ցայսօր, այս առակը կը մտաբերենք յաճախ յիշելու եւ յիշեցնելու միջազգային ատեաններէ ներս խօսելու անհրաժեշտ նախապայմանի մը մասին՝ զինու զօրութեան: Հայրիկն էր առաջին ահազանգիչը այս ուսանելի խրատին: Ակնյայտ է, որ խրատը կրկնուած եւ յանկերգուած է տեւապէս:
Սակայն, նկատելի է, որ Հայրիկին ուրիշ երկու պատուիրանները լուսանցքի եզրին յայտնուած են անիրաւաբար: Նո՛յնքան կարեւոր եւ եթէ կ’ուզէք՝ աւելի՛ կարեւոր: Եւ երկուքին համար ալ կան ուղղորդիչ եւ օգտաւէտ հատորներ: Առաջին՝ հայրենի հողին պաշտամունքը, հողին փարելու հրամայականը, հողը խնամելու եւ մշակելու հրահանգը եւ… հողը չլքելու հրամանը: Եւ ինք անձամբ Պոլիսը ձգելով գնաց Վան: Երբ Պոլսոյ պատրիարք էր՝ կատաղիօրէն պաշտպանեց հողի մարդկանց իրաւունքները, արտայայտեց անոնց կսկիծներն ու պահանջները եւ երբ տեսաւ քաղքենի եւ փափկամորթ ազգային երեսփոխաններու անտարբերութիւնը, անհոգութիւնը, հրաժարելով ուղղուեցաւ դէպի հող: Ի՞նչ է «Պապիկ եւ Թոռնիկ» զրոյցներու գիրքին միտք բանին՝ սիրել հողը, սերունդէ-սերունդ կապուիլ հողին: Եւ երբ կաթողիկոս էր անընդհատօրէն հայ պանդուխտները կը հրաւիրէր վերադառնալու հայրենիք, չմոռնալ օճախ ու բնօրրան, հայրենի թուփ ու կածան: Բարկաճայթ արտայայտութիւններ ունեցած է արտագաղթող եւ պանդխտութեան ցուպը ձեռին թափառող հայրենակիցներու հասցէին: Ինք էր որ գնաց Վասպուրական-Տարօն, հիմնեց դպրոց, տպարան ու մամուլ եւ իր սեփական օրինակով ցոյց տուաւ՝ որ հողն է ակունքը հայրենիքի բարգաւաճման:
Երկրորդ՝ հայեցի եւ տոհմիկ ընտանիք, քանզի ամուր եւ պինդ ընտանիքն է կորիզը ազգութեան, առողջ միջավայրի, սիրոյ եւ ծաղկումի: Ահա եւ ունինք «Դրախտի Ընտանիք» խրատական-բարոյական գործը՝ որպէս ուղեցոյց: Ի՜նչ երանելի պիտի ըլլար որ այդ գործը դասագիրքի պէս մեկնաբանուէր եւ օգտագործուէր ընտանեկան յարկերէ ներս, ըլլար պսակն ու սեղանի գիրքը նորակազմ զոյգերու եւ ընտանիքներու: Ո՞վ չուզէր իր ընտանեկան տանիքը դարձնել դրախտավայր մը սիրելի: Եւ անոնց համար Հայրիկը տառապած, տքնած եւ աշխատած է օրին, գրած է դրախտավայել ընտանիքի մասին: Ուզած է տեսնել սիրոյ եւ յարգանքի վրայ կառուցուած ընտանիքներ, հոգատար հայրերու կողքին՝ ջերմաջերմ սիրով կողակիցներ եւ մայրեր: Ուրեմն՝ Հայրիկը ապրեցաւ ու գործեց, քարոզեց ու յանդիմանեց, սաստեց ու խրատեց ոչ թէ իր ժամանակակիցներուն համար սոսկ, այլեւ՝ բոլոր ժամանակներու մարդկանց, չէ՞ որ Աստուածաշնչեան մեր նահապետ-մարգարէն է Խրիմեանը, այսինքն՝ Հայրիկը: Հայրի՛կ եւ վերջ:
Հայրենիքը թողլքած ու արտագաղթած եւ իրենց ընտանիքները լքած ու շնացած մարդկանց չէ՞ր արժեր Հայրիկէն շառաչուն ապտակ մը ուղարկել մէկիկ-մէկիկ: Վստահաբար, պիտի ներուի նման արարք՝ որովհետեւ՝ Հայրի՛կն է ու վերջ:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ