«Ազատութեան Տուն» (Freedom House) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակեց աշխարհի մէջ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու վիճակը գնահատող իր տարեկան զեկոյցը, որ կու գայ ցոյց տալու, թէ ազատութիւնը նահանջի մէջ է աշխարհի տարածքին։
Այս տարի եւս Հայաստան դասուած է «մասամբ ազատ երկիրներ»ու շարքին՝ նոյնը ինչ որ էր նախորդ քանի մը տարիներուն։ Տարածաշրջանին մէջ միակ այլ երկիրը, որ դասուած է մասամբ ազատ՝ Վրաստանն է։ Մնացեալ բոլոր երկիրները՝ Ատրպէյճանը, Իրանը, Թուրքիան, Ռուսաստանը համարուած են ոչ-ազատ։
Եթէ համեմատելու ըլլանք 2018-ին նախորդող ժամանակաշրջանին հետ, Հայաստան կատարած է զգալի յառաջընթաց՝ մենատիրական երկիրներու շարքէն անցնելով համեմատաբար աւելի ազատ երկիրներու շարքը։ Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջորդող ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած բարեփոխումները նպաստեցին, որ վերափոխուի երկրին ընդհանուր դիմագիծը։ Արդար ընտրութիւնները, խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը, տնտեսական մենաշնորհներու ոչնչացումը ու համակարգային փտածութեան վերացումը կարեւոր քայլեր էին այդ յառաջխաղացքի իրականացման մէջ։
Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստան ունի երկար ճանապարհ՝ ժողովրդավարութեան աւելի բարձր աստիճանին հասնելու համար։ Այս ճանապարհին կան խանգարող քանի մը հանգամանքներ։ Անոնցմէ առաջինն է երկրին կիսապատերազմական վիճակի մէջ գտնուիլը, որ խոչնդոտ կը հանդիսանայ կայուն զարգացման գործընթացին։ Ատրպէյճանի ամէնօրեայ սպառնալիքներու պայմաններուն տակ Հայաստան ստիպողականութեան տակ կը գտնուի հսկայական գումարներ յատկացնելու իր պաշտպանական կարողութիւնները հզօրացնելու եւ բանակը արդիականացնելու համար։ Այլապէս միլիառաւոր տոլարներ պիտի ուղղուէին ժողովուրդին կեանքը բարելաւելու նպատակին։ Հասարակութիւններու բարեկեցութեան մակարդակը եւ վայելած ազատութիւնները շատ անգամ փոխկապակցուած են իրար հետ։ Տնտեսապէս զարգացած երկիրները ընդհանրապէս կը վայելեն աւելի լայն ազատութիւններ, քան աւելի աղքատ երկիրները։
Հայաստանի մէջ ազատութիւնները խանգարող կարեւոր հանգամանք է նաեւ դասական ընդդիմադրութեան բացակայութիւնը։ Ազատ երկիրներուն մէջ ընդդիմութիւնը կը կատարէ իրեն վերապահուած վերահսկողի դերը ու, քննադատելով իշխանութեան վրայ եղող կուսակցութեան ներքին ու ու արտաքին քաղաքականութիւնը, կը պատրաստուի յաջորդ ընտրութիւններուն։ Հայաստանի պարագային իրավիճակը տարբեր է։ Գոյութիւն ունի արմատական ընդդիմութիւն, որ խորհրդարանէն ներս ներկայացուած ըլլալով հանդերձ կը նախընտրէ փողոցային պայքարի միջոցաւ տապալել գործող իշխանութիւնը։ Այդ ճանապարհին չի վարանիր հանդէս գալու նաեւ բռնութեան կոչերով ու կը դիմէ ոստիկանութեան հետ բախումներու։ Նման երեւոյթները անյարիր են ժողովրդավարական երկիրներուն եւ ուշադրութեան կ’արժանանան «Ազատութեան Տուն»-ի նման կազմակերպութիւններու ուշադրութեան ու կը գնահատուին ըստ այնմ։
Մինչեւ այն ատեն, որ ընդդիմադրութիւնը չի հետեւիր ժողովրդավարութեան սահմանած խաղի կանոններուն ու յանուն իշխանութեան հասնելու նպատակին լծուած է երկիրը քայքայելու աշխատանքին, դժուար թէ տեսանելի ապագային Հայաստան կարենայ «մասամբ ազատ երկիրներ»ու շարքէն անցում կատարել դէպի «ազատ երկիրներ»ու շարքը։
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«Մասիս»