Հայոց ցեղասպանութեան՝ Հայասպանութեան ոճրային գործընթացքի իբրեւ վերջին հանգրուան, Թուրքիա կ’ուրանայ իր գործած Մեծ Ոճիրը: Անոր թիկունք կը կանգնին Ամերիկայի Միացեալ նահանգները, Մեծն Բրիտանիան եւ ուրիշ պետութիւններ Հայասպանութեան հանդէպ լռութեամբ եւ ուրացումով, առիթ տալով աշխարհի տարածքին նոր ցեղասպանութիւններու եւ հաւաքական սպանդներու, որոնք կը գործադրուին զանազան ձեւերով՝ պատերազմական գործողութիւններով կամ յայտնի ու ծածուկ արիւնալի ահաբեկչութեամբ:
Թէ ի՞նչ ազդեցութիւն կը ձգէ Ա.Մ.Ն.-ի մեղսակցութիւնը Թուրքիոյ ուրացումին մէջ հայոց նոր սերունդի վրայ, ուրացման պատճառներն ու հետեւանքները ընկերաբանական հարթակէն դիտուած, Մարալ Աթալլահ՝ ամերիկաբնակ հայուհին կը քննարկէ իր մագիստրոսի թէզով՝ «Նախընտրելով Լռութիւնը. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Թուրքիա Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», (123 էջ) (Choosing Silence: The United States, Turkey and the Armenian Genocide by Maral N. Atallah) վերնագրեալ, Համպոլտթ պետական համալսարանի ընկերաբանութեան բաժնին մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Մայիս 2007-ին:
Այս ուսումնասիրութեան հիմնական նպատակը Հայասպանութիւնը ճանչնալ է եւ գիտակցիլ, որ ցարդ միջազգային ընտանիքը իր առջեւ ունի Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ջախջախիչ կերպով ամրապնդող տուեալներ, բոլորին տրամադրութեան տակ: Ուսումնասիրութեան մէջ կը շեշտուի, թէ Հայասպանութիւնը կատարուած իրողութիւն մըն է եւ ան հովանաւորուած էր Օսմանեան պետութեան կողմէ: Մարալ Աթալլահ կը ներկայանայ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան երկրորդ սերունդին պատկանող հայ ամերիկուհի մը, որ լուսարձակի տակ կ’առնէ այն իրողութիւնը, թէ Թուրքիա եւ Ա.Մ.Ն. պատմութիւնը կը խեղաթիւրեն միասնաբար: Ան այսպիսով շարժում մը կը յառաջացնէ ընկերաբանական գրականութեան մէջ, իր ներդրումը կատարելով Թուրքիան համոզելու միջազգային ջանքերուն առնչութեամբ որպէսզի ճանչնայ Հայասպանութիւնը:
Մարալ Աթալլահի հայրական մեծ հայրը Սուրիոյ անապատներու բռնագաղթի ճանապարհէն փրկուելով ու վերապրելով, մեծ քրոջ հետ հասած է Հոմս երբ չորս տարեկան էր, եւ քոյրը զինք հացի մէկ նկանակի փոխարէն տուած է արաբ քրիստոնեայ Խալիլ ընտանիքին: Վերջինս զայն վերանուանած է Աթալլահ, որ արաբերէն կը նշանակէ Աստուածատուր կամ Աստուծոյ տուած պարգեւը իրենց: Այս պատճառաւ անոր ընտանիքը առած է Աթալլահ մականունը:
Ամերիկեան ուրացումի դառն իրականութիւնը շատ վատ ազդեցութիւն ձգած է հայ ամերիկացի քաղաքացիներու վրայ եւ անոնցմէ շատեր արտայայտելով իրենց ընդվզումը դատապարտած են զայն: Այս մասին Աթալլահ հետեւեալ մէջբերումները կատարած է զանազան հայ եւ օտար դէմքերէ: Ամերիկայի Հայկական Ազգային Կոմիտէի (Armenian National Committee of America – ANCA) նախագահ Արամ Համբարեան կ’ըսէ.
«Հակառակ բոլոր փաստերուն, դժբախտաբար թրքական կառավարութիւնը պիտի շարունակէ մեծ թափով ուրանալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ամերիկեան մեղսակցութեան պատճառաւ: Ամերիկայի վարչակարգը Թուրքիոյ ճնշումով դէմ կը կենայ իր Քոնկրէսի՝ օրէնսդրական մարմինի որոշումներուն եւ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ նշանակած է իր դեսպանը, յանձին Տիք Հոկլընտի, որ իր կարգին կ’ուրանայ Հայասպանութիւնը» (էջ vii):
«Դժոխային Հարց Մը. Ամերիկա եւ Ցեղասպանութեան Դարը» (A Problem From Hell: America and the Age of Genocide) երկին հեղինակը՝ Սամանթա Փաուր կը գրէ. «Ամերիկացի ո՛չ մէկ նախագահ ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցին նախապատուութիւն տուած է: Ո՛չ մէկ նախագահ պատժուած է իր այս անտարբերութեան համար: Այս պատճառաւ, զուգադիպութիւն մը չէ որ ցեղասպանութիւնը կը կրկնուի» (էջ vii):
Վերջապէս, հրեայ պատմաբան Սիմոն Տիւպնովի վերջին խօսքը, երբ ան բռնի ոյժով կը տարուէր նացիական թունաւոր կազի խցիկը. «Արձանագրէ ամէն ինչ ու յիշէ՛» (էջ vii): Ուրեմն, որքա՜ն անհրաժեշտ է արձանագրել պատմութիւնը: Այս է պատճառը որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին ականատես վկաներու յուշերու արձանագրութիւնները գիտականօրէն փաստացի են:
Տարիներ ետք, երբ Մարալ Աթալլահի հայրը ընտանիք կազմած էր եւ մեծ հայրը իրենց հետ կ’ապրէր, Մարալ կը յիշէ թէ մեծ հայրը յետցնցումային խանգարում (Posttraumatic Stress Disorder – PTSD) ունեցած էր: Այս մասին հեղինակին հայրը ըսած է, թէ երբ դրացիներն ու ընտանիքին բարեկամները իրենց այցելութեան կու գային, մեծ հայրիկը կը պահուըտէր եւ անոնց չէր երեւար, պարզապէս անոր համար որ, թէեւ անոնք բարեկամներ էին, սակայն իսլամ էին, որոնցմէ կը վախնար ան, իր մտքին մէջ զանոնք յարակցելով թուրքերուն, որոնք նոյնպէս իսլամ էին: Մեծ հայրը մտովի կը մեկնէր դէպի անցեալը՝ Հայասպանութիւն: Ան պաշտպանուելու համար բնազդաբար կը հակադարձէր պահուըտելով իսլամներէն, այսինքն՝ թուրքերէն: Արաբներու իսլամ ըլլալն ու թուրքերու իսլամ ըլլալը երկու տարբեր իրականութիւններ էին, որ մեծ հայրը չէր կրնար զանազանել իր վախի ազդեցութեան տակ (էջ 2):
Յետցնցումի հիւանդութեան մասին Մարալ Աթալլահ ընկերաբան Ճէյմս Վ. Ուերչի խօսքերէն կը մէջբերէ՝ ըսելով. «Յետցնցումային խանգարումէ տառապող հիւանդները ցնցիչ դէպքերէ նոյնիսկ ամիսներ ու տարիներ ետք ակամայօրէն ենթակայ կ’ըլլան անցնելու տագնապի պահերէ, երբ կ’երեւակայեն դէպքեր, կը պատկերացնեն պատահարներ կամ կը տեսնեն երազներ»:
Բացի յետցնցումային խանգարումէ, Մարալ Աթալլահ կ’ըսէ թէ մեծ հայրը լաւ կը գիտակցէր իր հայ ըլլալը եւ այդ զգացումը անոր հոգեկան հանգստութիւն կու տար: Սակայն մեծ հայրը բուռն փափաք ունէր գտնելու իր արմատները, իր ընտանիքին եւ գերդաստանին մանրամասն պատմութիւնը: Ափսոս սակայն, որ ան տարիքով շատ փոքր էր Մեծ Եղեռնի տարիներուն: Թուրքիոյ ուրացումի քաղաքականութիւնը շատ կը նեղէր զայն: Անոր ինքնութեան գիտակցութիւնը կիսատ եւ վիրաւոր էր: Մեծ հայրը թէեւ հոգեկան որոշ հանգստութիւն մը գտած էր իր հայ ըլլալու գիտակցութեամբ, սակայն Հայոց ցեղասպանութեան փաստին անտեսումը եւ ուրացումը խոր վէրք կը պատճառէր անոր սրտին: Հոս Մարալ Աթալլահ կ’ըսէ. «Հակառակ այն իրողութեան, որ միջազգային ընտանիքը իր ձեռքին մէջ ունի աւելի քան բաւարար փաստարկներ, որոնք կ’ամրապնդեն Հայասպանութեան ճշմարտութիւնը՝ Ցեղասպանութիւն մը գործադրուած թրքական կառավարութեան հովանաւորութեամբ, տակաւին Թուրքիա կ’ուրանայ զայն: Ուրանալ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու վերապրողներու յուշերը կը նշանակէ խեղաթիւրել պատմութիւնը: Ուրացումը կը նսեմացնէ 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակը եւ կ’անարգէ հայոց նոր սերունդները, որոնք իրենց ինքնութիւնը կը հիմնեն Հայ դատին վրայ:
Ուրացումը միայն կը զօրացնէ հայկական ինքնութիւնը…» (էջ 3)
Մէկ կողմէ ձերբակալութիւններ, բանտարկութիւններ, ծեծ, խոշտանգում, սպանութիւն, բռնագաղթ, հիւանդութիւններ, անօթութիւն, ծարաւ եւ ի վերջոյ աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակներ պատճառեցին թուրքերը: Վերապրող հայերը վրաններու կամ խրճիթներու տակ իրենց կեանքը հիւանդութիւններով, յետցնցումային տագնապներով եւ մեծ դժուարութիւններով քարշ տուին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ: Նոր սերունդը այսօր մեծ ուժականութեամբ կը գոյատեւէ, բայց հարց կու տայ թուրքին, ամերիկացիին, բրիտանացիին եւ ուրիշներու ու կ’ըսէ կարծէք. «Ինչո՞ւ սուտին իրաւ կ’ըսէք եւ իրաւին՝ սուտ…»
Միւս կողմէ, գոյութիւն ունին փոխադարձ շահեր Ա.Մ.Ն.-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ, առանց մոռնալու Մեծն Բրիտանիան իր լարախաղաց դիւանագիտութեամբ, նաւթատար խողովակներու ցանցերը եւ անոնց հնչուն ոսկիները, ամերիկեան «ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» (Freedom and democracy) տարածելու ծառայող զանազան երկիրներու մէջ (մանաւանդ 1951-ին հիմնուած Ինճիրլիք, Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ եւ սկսած է գործել 1955-էն մինչեւ օրս- Յ. Ի.) հաստատուած ամերիկեան զինուորական խարիսխները, ջուրի եւ հանքերու համար տեղի ունեցող քաշկռտուք պատերազմները եւ Հայոց ցեղասպանութեան Ուրացումը…
Այս երկու հակադրութիւններու միջեւ ներկայ պայմաններու տակ անկարելի է որ ներդաշնակութիւն գոյանայ եւ հայ ազգը արդարութեան հասնի:
Մէկ բան սակայն կ’անգիտանան Հայասպանութեան թուրք, ամերիկացի, բրիտանացի եւ այլ ուրացողներն ու պատմութիւնը խեղաթիւրողները, թէ իրենք օր մը արժանի պիտի ըլլան միայն հնձելու նենգ ուրացումի դառն պտուղը՝ Բարձրեալն Աստուծոյ բարկութիւնն ու անէծքը:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ