Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՊԻԿԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՋԱՆՔԵՐԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԵՆ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՑՄԱՆ»

February 13, 2025
in Հայաստան
0
ՊԱՊԻԿԵԱՆ.  «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ՋԱՆՔԵՐԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԵՆ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՑՄԱՆ»

 

 

Աշխատանքային այցով Հնդկաստան գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան մասնակցած է «Aero India» ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ տեղի ունեցող պաշտպանութեան նախարարներու՝ «Կառուցել դիմադրողականութիւնը միջազգային պաշտպանութեան եւ համաշխարհային ներգրաւման միջոցով» թեմայով առանձնաժողովին:

Նախարարը իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Հայաստանի ու Հնդկաստանի համատեղ ջանքերը ուղղուած են ոչ միայն երկիրներու պաշտպանունակությեան բարձրացման, այլեւ միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման։

Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ Հայաստանի մօտեցումները, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։

Սուրէն Պապիկեան նաեւ զրոյց ունեցած էր Հնդկաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Անիլ Չաուհանի հետ:

«The Times of India» պարբերականը, վկայակոչելով իր աղբիւրները, անցեալ տարուայ Հոկտեմբերի վերջը հաղորդեց, որ Հայաստան, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա 2023-2024 ֆինանսական տարուան մէջ դարձած են հնդկական պաշտպանական արտադրանքի խոշորագոյն ներկրողները։

Հրապարակման համաձայն՝ Հայաստանը վերջին չորս տարուայ ընթացքին շարք մը գործարքներ կնքած է Հնդկաստանի հետ՝ հրթիռներու, հրետանիի, հրթիռային համակարգերու, ռատարներու, զրահաբաճկոններու եւ գիշերային տեսողութեան սարքերու, ինչպէս նաեւ զինամթերքի եւ հրետանիի լայն տեսականի ներկրելու համար։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը չէ մեկնաբանած ռազմական գնումները։

Share66Tweet41
Previous Post

ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ՝ ԵՄ-ԻՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ՄԵԿՆԱՐԿԵԼՈՒ ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Next Post

«ՀՀ ՏԱՐԱԾՔԻ ՄԻՋՈՎ ԱՐՏԱՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՄԻՋԱՆՑՔ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ» Կ’ԸՍԷ ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Next Post
«ՀՀ ՏԱՐԱԾՔԻ ՄԻՋՈՎ ԱՐՏԱՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՄԻՋԱՆՑՔ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ»  Կ’ԸՍԷ ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

«ՀՀ ՏԱՐԱԾՔԻ ՄԻՋՈՎ ԱՐՏԱՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ՄԻՋԱՆՑՔ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ» Կ'ԸՍԷ ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.