Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԱՄՆ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆԻ ԵՒ ԳՈՆԿՐԷՍԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

February 6, 2025
in Հայաստան
0

 

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Ծերակոյտի եւ Գոնկրէսի ներկայացուցիչներ՝ ծերակուտական Ռոճըր Ուիքըրի (Հանրապետական կուսակցութիւն), գոնկրէսական Էնտի Հարրիսի (Հանրապետական կուսակցութիւն), գոնկրէսական Ֆրանք Փալոնի (Դեմոկրատական կուսակցութիւն) եւ գոնկրէսական Ռիչըրտ Հատսընի (Հանրապետական կուսակցութիւն) հետ։

Վարչապետ Փաշինեան կարեւորած է ՀՀ եւ ԱՄՆ միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ փաստաթուղթի ստորագրումը՝ ընդգծելով ՀՀ կառավարութեան յանձնառութիւնը խորացնելու եւ ընդլայնելու համագործակցութիւնը ԱՄՆ-ի հետ բոլոր ուղղութիւններով։

Հանդիպման մասնակիցները կարեւորած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան իրականացումը։ Վարչապետ Փաշինեան վերահաստատած է Հայաստանի կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին եւ կարեւորած է ԱՄՆ դերակատարութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ամրապնդման հարցով։

Ծերակուտական Ուիքըր եւ գոնկրէսականները վերահաստատած են իրենց աջակցութիւնը Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ընդգծած են ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթով նախատեսուած ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան խորացման կարեւորութիւնը։ Անոնք նշած են նաեւ ԱՄՆ նոր վարչակազմին հետ աշխոյժ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը՝ երկկողմ օրակարգի շարունակական յառաջմղման նպատակով։

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին, տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն։

Share66Tweet42
Previous Post

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ԱՄՆ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Next Post

ԻՐԱՆ ԴԷՄ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

Next Post
ԻՐԱՆ ԴԷՄ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

ԻՐԱՆ ԴԷՄ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.