«ԱՆՑՈՐԴ, ԳՆԱ՛, ԸՍԷ ՍՊԱՐԹԱՅԻՆ ԹԷ ՄԵՆՔ ՄԵՌԱՆՔ ՀՈՍ ԻՐ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒՆ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»
Երկրորդ յունա-պարսկական պատերազմի ժամանակ յոյներու Լէոնիտաս Ա. թագաւորը կը գլխաւորէր յունական զօրքերը (Ք. Ա. 480): Տերմոբիլէի կիրճին մէջ Լէոնիտաս Ա. պարսկական ահեղազօր բանակին անցքը փակելու համար իր 300 քաջերով զոհուեցաւ մինչեւ վերջին մարդ։ Անոնց անունը արձանագրուեցաւ առասպելներու մէջ որպէս հերոսներ: Ճիշդ է, որ յոյները պարտուեցան այս ճակատամարտին մէջ, սակայն յաջորդ տարի անոնք յաջողեցան դուրս վտարել պարսիկ զաւթիչները:
Հետագային տեղւոյն վրայ շինուեցաւ տապանաքար կոթող մը, վրան առիւծի արձանով մը, եւ հետեւեալ արձանագրութիւնը դրոշմուեցաւ անոր վրայ, անմահացնելու համար փառապանծ պարտեալներուն յիշատակը:
«Անցորդ, գնա՛, ըսէ Սպարթային թէ մենք մեռանք իր օրէնքներուն հնազանդելու համար»:
«Արարատ»ի այսօրուան թիւը նուիրուած է Հաճնոյ Հերոսամարտին՝ պանծացնելու յիշատակն անթառամ այն քաջակորով ժողովուրդին, որ 104 տարիներ առաջ ութ ամիսներ առիւծաբար կռուեցաւ, մարտնչեցաւ անհաւասարօրէն գերակշիռ ուժերու դէմ եւ իր պապենական հողին վրայ նահատակուեցաւ, զէնն ի ձեռին պատուով մեռնիլը նախընտրելով:
ԲԻ՜ՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔ ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՊԱՆԾԱԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ:
Ինչպէս արդէն ծանօթ է, զոյգ իրադարձութիւններուն առիթով անցնող շաբաթավերջին Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ անոր շրջաբակին մէջ տեղի ունեցան աւանդական դարձած միջոցառումներ: Լիբանանի քաղաքական կացութեամբ եւ հայրենակիցներուն ապահովութեամբ մտահոգ պատասխանատուները բացառաբար այս տարի գտնուած էին շարք մը ծրագրուած ձեռնարկներ զեղջելու հարկադրանքին առջեւ:
Արդարեւ, Շաբաթ, 12 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ Աւ. Քհնյ. Հեճինեան օրհնեց մատաղացու ոչխարները, ներկայութեամբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ Տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն, Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Փօլ Եագուպեանին եւ անդամներուն, Ս.Դ.Հ.Կ.ի «Ժիրայր Մուրատ» մասնաճիւղի անդամներուն: Ոչխարներու զենումէն ետք, կամաւոր տիկիններ եւ օրիորդներ շարունակեցին ճիտապուրի համար անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքները: Կէսօրէն ետք, ճիտապուրներուն կաթսաները սկսան ծխալ: Հայրենակիցներ, վարչականներ բարեպաշտ անցորդներ, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտներ, տխրունիական երիտասարդներ ճիտապուրը փոխնիփոխ խառնելով մասնակցեցան մատաղի պատրաստութեան: Կարճ դադարէ ետք, Տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան տիկինները ճիտապուրը ամփոփեցին յատուկ տուփիկներու մէջ, յաջորդ օր եկեղեցական օրհնումէն ետք բարեպաշտ ժողովուրդին բաժնելու համար:
Կիրակի, 13 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Նոր Հաճըն թաղի պատասխանատուներ, Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղականութեան ատենապետին՝ ընկեր Աւագ Պարախեանի գլխաւորութեամբ դիմաւորեցին Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի միաբաններէն՝ Հոգշ. Տէր Առաքէլ Աբղ. Գատեհճեանը, որ յատուկ հրաւիրուած էր զոյգ առիթներուն՝ Հաճնոյ Հերոսամարտի նահատակներուն յիշատակի 104-ամեակին, ինչպէս նաեւ Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 86-ամեակի եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան համար: Ապա, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն պատարագեց եւ քարոզեց Հայր Սուրբը:
Պատարագէն ու հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնէք, ապա մատաղը բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններէն ետք ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ սրահը, Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու եւ Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ 86-ամեակին նուիրուած կարկանդակը հատելու համար: Սրահին մէջ ներկայ էին նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմնոյ ատենապետ տէր եւ տիկին ընկեր Վանիկ Տագէսեանը, Վարիչ մարմնոյ անդամ ընկեր տոքթ. Սարգիս Պետիկեանը, եկեղեցւոյ «Գայիանէ» երգչախումբի նախկին խմբավար ընկեր Ղազարոս Ալթունեանը, եկեղեցւոյ բարերարներէն տէր եւ տիկին Վաչէ Գալինճեանը: Զոյգ իրադարձութիւններուն խորհուրդը ներկաներուն ներկայացուց «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն ընկեր Նազօ Ճէրէճեանը:
Յարգելի ընկերը նախ հաճընցի հայրենակիցներուն, Թաղական խորհուրդին, Տիկնանց յանձնախումբին, «Գայիանէ» երգչախումբին եւ բարեպաշտ ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Հայր սուրբին՝ զոյգ իրադարձութիւններուն նուիրուած եկեղեցական արարողութիւնները կատարելու համար: «Մեր աննման երազային Հալէպի ծնունդ Տէր Առաքէլ Աբղ. Գատեհճեանին կը մաղթենք, որ հոգեւոր սանդղամատերնէն քայլ առ քայլ բարձրանայ մինչեւ հոն, ուր Աստուած յարմար կը դասէ», ըսաւ ընկեր Ճէրէճեան: Ապա շնորհաւորական սրտագին խօսքեր յայտնեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ Աւագ Քհնյ. Հէճինեանին, Թաղականութեան ատենապետ ընկեր Աւագ Պարախեանին, անդամներուն եւ եկեղեցւոյ յարակից բոլոր օղակներուն, շնորհաւորելով Սուրբ Գէորգի անուանակոչութիւնը եւ հիմնարկութեան 86-ամեակը:
Յարգելի խօսնակը ապա կեդրոնացաւ Հաճնոյ հերոսամարտի նահատակներու սխրագործութեանց վրայ, զանոնք համեմատելով ներկայ միջինարեւելեան ռազմական գործողութիւններուն հետ: «Անոնք իմացեալ մահով կռուեցան իրենց պապենական հողը պաշտպանելու համար, առանց հզօր «մօրեղբայր» մը ունենալու որպէս հովանաւոր: Անոնք հանդերձեալ կեանքին մէջ երեւակայական 40 հուրիներու համար չպայքարեցան: Արեւմտեան նաւատորմիղներէն գալիք յոյսեր ալ չէին փայփայեր: Միակ «օդանաւ մըն էր որ եկաւ», ան ալ հաճընցիներէն աւելի թուրքերուն օգնելու համար: Եղան, կան ու միշտ ալ պիտի գան մարդիկ, որոնք խաղաղութեան միջավայրէն պիտի հարց տան թէ՝ «Եղբար, ի՞նչ գործ ունէիք ինքնապաշտպանութեան հետ, դուք ո՜ւր, օսմանեան բանակը ուր: Խելօք ու հանգիստ ապրէիք: Հաճընը չէր քանդուեր ու ձեր երեխաներն ու ընտանիքները չէին զոհուեր»: Սիրելիներ, հաճընցին 600 տարիէ ասդին խաղաղութիւն կը փնտռէր: Մեր պապերը որոշեցին նահատակուիլ իրենց իսկ հողին վրայ, քանի որ լաւ կը գիտակցէին, որ սպիտակ դրօշ պարզել ու փախուստի դիմելով օտար երկիրներու մէջ քանի մը տարին անգամ մը կրկին պիտի նահատակուէին: Քանի որ՝ կարճ ժամանակ անց, օտար ափերուն մէջ հայերէնը պիտի զիջէր անգլերէնին, ֆրանսերէնին, արաբերէնին, սպաներէնին: Քանի որ՝ 104 տարի ետք սեփական զաւակը իրը պիտի չըլլար, քանի որ՝ մեծ հայր ու մեծ մայրերուն կեանքը պիտի փճանար պատուհանին առջեւ իրենց զաւակներն ու թոռները սպասելով: Քանի որ՝ 2-3 սերունդ ետք Վիգէնը պիտի դառնար Վիգ, Շողիկը՝ Շէրըն, Սիմոնը՝ Սայմըն, Սամուէլը՝ Սէմ, Գէորգը՝ Խորխէ: Ինչո՞ւ պէտք էր մտածէին մինչեւ վերջին ռազմամթերքը չօգտագործած Հաճընէն փախչելու մասին, երբ ապագային տարուան մէջ ոչ իսկ մէկ օր ընտանիքի անդամներով պիտի չկարենային մէկտեղուիլ ճաշի սեղանին շուրջ: Անոնք նախընտրեցին մահը, իմացեալ մահը, այսինքն ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆԸ», ըսաւ ընկեր Նազօ Ճէրէճեանը:
Ընկերոջ խօսքէն ետք, Թաղականութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում Հայր Սուրբին, հոգեւոր հովիւին, Վարիչ մարմնոյ ատենապետին, Թաղականութեան ատենապետին, ու օրուան պատգամաբերին ձեռամբ: