Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ԱՆԴԱԴՐՈՒՄ ԵՒ ԱՆԽՆԱՅ

October 11, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ  ԱՆԴԱԴՐՈՒՄ ԵՒ ԱՆԽՆԱՅ

 

         

 

Լիբանանցիները եթէ մասամբ վարժուեցան իսրայէլեան թռչող սարքերուն եւ ռումբերու ձայներուն, սակայն միւս կողմէ վախը մնաց գերակշռող, մանաւանդ երբ պատերազմի հրադադարի նշոյլները շատ դանդաղ են, չըսելու համար՝ յոյս ալ չկայ ներկայիս: Իսկ թիրախները՝ անխնայ, նոյնիսկ ծերունիներ, մանուկներ, երիտասարդներ, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու անդամներ: Նախանցեալ գիշերուան ռմբակոծումները երէկ դադար չառին Հարաւային Լիբանանի, Պեքաայի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ: Իսրայէլեան օդուժը Երեքշաբթի ուշ գիշերին եւ Չորեքշաբթի օր յարձակում գործեց Հարաւային Լիբանանի Սրիֆա, Տարտղիա գիւղաքաղաքներուն վրայ: Վերջինիս թիրախաւորումը Քաղաքացիական պաշտպանութեան կեդրոնն ու եկեղեցւոյ սրահն էր: Արձանագրուեցան հինգ զոհեր Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերէն: Յարձակում գործուեցաւ նաեւ Հարաւային Լիբանանի Մլիխ, Քֆարհունա, Խիամ, Արզուն գիւղաքաղաքներուն վրայ եւ Շըպաայի շրջակայքը: Երէկ կէսօրէ ետք իսրայէլեան բանակը հարուածեց նաեւ Պեքաայի նահանգի Զահլէ գաւառի Քարաք շրջանի մէջ գտնուող երկու շէնք: Արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:

Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց Հըզպալլայի  անդամի մը սպանութիւնը Սուրիոյ մէջ: Աւելի ուշ, այլ յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլացի սպայ մը սպաննուած է եւ զինուոր մը վիրաւորուած:

Հըզպալլա իր պատասխան յարձակումները շարունակեց: Ան յայտնեց, որ մեծաթիւ հրթիռներով (աւելի քան 100 հրթիռ) հրթիռակոծեցին Քիրիաթ Շմոնայի եւ անոր մերձակայքը գտնուող բնակեցման վայրը:

Share62Tweet39
Previous Post

ԱԼԻԵՒ Ե՞ՒՍ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ

Next Post

ՊԷՅՐՈՒԹ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒԵՑԱՒ

Next Post
ՊԷՅՐՈՒԹ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒԵՑԱՒ

ՊԷՅՐՈՒԹ ՀՐԹԻՌԱԿՈԾՈՒԵՑԱՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.