Սարդարապատի ճակատամարտը իր վճռական աւարտին հասնելու օրերուն, 26–28 Մայիսին, Անդրկովկասեան Սէյմը կը կազմալուծուի: Վրաստան եւ Ատրպէյճան կը յայտարարեն իրենց անկախութիւնները: Մայիս 28-ին, Ազգային Խորհուրդը կը յայտարարէ Հայաստանի անկախութիւնը:
Անկախ Հայաստանի իշխանութիւններուն քաղաքական առաջին փորձաքարը կ՚ըլլայ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն շարունակութիւնը, վերջինիս կողմէ գրաւուած Պաթում քաղաքին մէջ: 4 Յունիսին կնքուած Հայաստան-Թուրքիա հաշտութեան դաշնագիրին մէջ Սարդարապատի յաղթանակը չ՚արտացոլար: Այս պատճառով շատերու մօտ ան զայրոյթ եւ ընդվզում յառաջ կը բերէ: Ապագային ալ անոր կը տրուի «ստորնացուցիչ» որակումը:
Պաթումի դաշնագիրէն դժգոհ կը մնան Անդրանիկն ու արեւմտահայ հայդուկապետերէն շատեր: Անդրանիկ 12.000 քառ. քմ.-ի վրայ ծնունդ առած եւ իր տարածքին մէջ Արեւմտեան Հայաստանէն ոչ մէկ մաս ընդգրկող նորանկախ Հայաստանը կը մերժէ Հայաստանի Հանրապետութիւն կոչել եւ զայն կ՚անուանէ Արարատեան Հանրապետութիւն:
Պաթումի դաշնագիրէն դժգոհ մնացածներու շարքին կը յիշատակուի նաեւ Պանդուխտ:
Պաթումի դաշնագիրէն ետք, հայ-թրքական սահմանագիծը կ՚ընդունի յարաբերաբար խաղաղ վիճակ։ Պանդուխտ ինքզինք աւելորդ կը գտնէ մնալ հոն ու կը միանայ Զանգեզուր գտնուող Անդրանիկին:
Հասնելով Զանգեզուր՝ Անդրանիկ կը ստանձնէ շրջանի ինքնապաշտպանութիւնը եւ զայն կը դնէ յուսալի հիմերու վրայ։ Հոկտեմբերի սկիզբը, վիճակը ծայր աստիճան կը սրի Ղարաբաղի մէջ: Ղարաբաղցիք կը դիմեն Անդրանիկին, որպէսզի ան մուտք գործէ Ղարաբաղ եւ ստանձնէ նաեւ շրջանի ինքնապաշտպանութիւնը:
Անդրանիկի Զանգեզուր բարձրանալը դժգոհ կը պահէ Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք Պաթումի դաշնագրով Թուրքիոյ խոստացած էին Հայաստանէն հեռացնել բոլոր պանտիդական խումբերը, իմա՝ արեւմտահայ հայդուկապետերու խումբերը, ի մասնաւորի Անդրանիկը։ Այս մասին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Խալիլ փաշային կը յայտնէ. «Եթէ Անդրանիկի գնալը այդքան սխալ մեկնութիւնների տեղիք է տալիս, ապա Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է մի զօրամաս ուղարկելու նրան Զանգեզուրից վտարելու, եթէ Ատրպէյճանը սրա դէմ առարկութիւն չունի»:
Հոկտեմբերի սկիզբը, զինակիցներու խումբով մը, Պանդուխտ կը վերամիանայ Անդրանիկին: Ան կը փափաքի, որ իրեն միանայ նաեւ Սմբատ, որ իր խումբով նոր վերադարձած էր Անդրանիկի մօտէն եւ Պաթումի դաշնագիրին համաձայն՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ զինաթափուած:
Պանդուխտ Անդրանիկին կը վերամիանայ այնպիսի պահու մը, երբ Անդրանիկի հաւատարիմ եւ փորձառու զինուորականներէն շատեր՝ Սմբատ, Սարգիս Ճէպէճի, Փիլոս, Հասրաթ, Շաւարշ, Արտաշէս, Հայկ Պոնափարթեան եւ ուրիշներ, տարբեր պատճառներով եւ տարբեր ճամբաներով հեռացած էին, կամ հեռանալու տրամադրութիւնը ունէին Առանձին Հարուածող զօրամասէն. իսկ Հայաստանի իշխանութիւններէն թողլքուած Անդրանիկ, Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումէն ետք, տրամադիր էր նոյն առաքելութիւնը տարածել Ղարաբաղի վրայ: Այս դժուարին կացութեան մէջ Պանդուխտի նման փորձառու եւ վստահելի ուժի մը վերայայտնուիլը, բնականաբար, նոր եռանդ կու տայ բոլորին:
Առանձին Հարուածող զօրամասին վերամիանալէն ետք, Պանդուխտ կը նշանակուի Ղափան-Մեղրի շրջանին մէջ գործող զօրամասի հրամանատարներէն: Կարճ ժամանակ մը Ղափան հաստատուելէ ետք, կը տեղափոխուի Մեղրի, որուն վիճակը օրաւուր կը ծանրանար:
Նոյեմբերի վերջաւորութեան, Անդրանիկ, ընդառաջելով Ղարաբաղի հայ բնակչութեան փափաքին, կը շարժի դէպի Ղարաբաղ: 30 Նոյեմբերին, Անդրանիկի զօրքերը թուրք-թաթար-քրտական ուժերուն հետ ծանր մարտերու կը բռնուին Զաբուղ, Հագարոյ գետերու շուրջ եւ Մարքիզ լեռան վրայ:
1 Դեկտեմբերին, Անդրանիկ կը գրաւէ Մարքիզ լեռան ռազմավարական բարձունքները:
Այս ընդհանուր յարձակողականի ընթացքին, Պանդուխտ կը նախաձեռնէ Զանգեզուրի թաթարական վտանգաւոր որջերը հնազանդեցնելու արշաւը: Պանդուխտի մօտ կար նաեւ վրէժխնդրական զգացում. ան չէր ուզեր անպատիժ ձգել այն աւազակախումբերը, որոնք քանի մը ամիս առաջ Կապանի Գեղվա ձորին մէջ անխնայ կերպով ջարդած էին Նախիջեւանէն Զանգեզուր ընթացող, իրենց ճամբան շփոթած 2000 անօգնական հայ գաղթականները:
Ռազմական նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը վերցնելով՝ Պանդուխտ արագ յարձակողականներով մէկը միւսին ետեւէն կը չէզոքացնէ ու կը վտանգազերծէ հարաւային Զանգեզուրի թաթարական շատ մը զինեալ համախմբումներ:
Հարաւային Զանգեզուրի մէջ Պանդուխտի նախաձեռնած յարձակողականին մասին՝ իր 10 Դեկտեմբերի թիւով աղմուկ կը բարձրացնէ Պաքուի «Ատրպէյճան» թերթը. «Զանգեզուրի գաւառում, Օրդուբատից 15 վերստ հեռաւորութեան վրայ տեղի հայերը Անդրանիկի ջոկատի հետ աւերել են թաթարական աւելի քան 10 գիւղեր՝ Կիլիտը, Լեհվազը, Ներքին Վարդանաձորը, Վերին Վարդանաձորը, Տեյը, Կուգաքարը, Թագամիրը եւ ուրիշներ։ Անդրանիկի ջոկատները պատրաստւում են պաշարել հետեւեալ գիւղերը. Ալիդարա, Թուգութ, Մար զիիթ, Նյուվադի եւ Էրնազուր: Բնակչութիւնը խուճապի մէջ փորձել է փախչիլ Պարսկաստան, շատ կանայք ու երեխաներ կոտորուել են Արաքսում: Փրկուած բնակիչները թափառում են բաց երկնքի տակ, Արաքսի ափին»:
Երբ հայկական ուժերը Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ եւ Զանգեզուրի մէջ յաղթանակներ կ՚արձանագրէին, Պաքու տեղակայուած անգլիական բանակներու ընդհանուր հրամանատար զօր. Թոմսոնի պատուիրակները, մայոր Կիպօնի գլխաւորութեամբ, Անդրանիկի մօտ կու գան եւ զինադադար կ՚առաջարկեն: Անոնք իրենց մի քանի այցելութիւններով կը համոզեն Անդրանիկը, որ պատերազմը վերջ գտած է, Թուրքիա ընդունած է իր պարտութիւնը (Մուտրոսի դաշնագիրը ստորագրուած էր 30 Հոկտեմբերին), վիճելի հարցերը պիտի լուծուին խաղաղութեան վեհաժողովին, ուր դաշնակիցները անպայման նկատի պիտի առնեն հայութեան պահանջները:
Անդրանիկ կը դադրեցնէ դէպի Ղարաբաղ յառաջխաղացքը ու կը վերադառնայ Գորիս: Ան 22 Նոյեմբերի հրամանագրով Զանգեզուրի ազգային խորհուրդներուն միջոցով կռուող բոլոր ուժերուն կը հրահանգէ անյապաղ դադրեցնել ռազմական ամէն ձեւի գործողութիւն:
Զինական պայքարը դադրեցնելէ ետք, մարտերէն յոգնած ու վիրաւոր, նաեւ նեղսրտած իր զինուորական նախաձեռնութիւններուն առջեւ դրուած արգելքներէն, Պանդուխտին համար Զանգեզուրի լեռներուն վրայ ընելիք բան մը չէր մնար: Փետրուար 1919-ին, զինակիցներու փոքր խումբով մը ան կը վերադառնայ Երեւան:
Հայաստանի իշխանութիւններուն համար անբաղձալի դարձած, Դաշնակից ուժերէն թողլքուած Անդրանիկին համար եւս Զանգեզուրի մէջ ընելիք մը չէր մնար։ 22 Մարտին, ան իր բանակով Գորիսէն կը շարժի Սիսիան եւ Մայիսին՝ Արարատեան դաշտ: Անդրանիկ կը զօրացրէ բանակը, զէնքերը կը յանձնէ Էջմիածնայ կաթողիկոսութեան եւ ընդմիշտ կը հեռանայ Հայաստանէն:
1915-1920 կամաւորական Զ. գունդին թէ այլ զօրամասերու մէջ Պանդուխտի հրամանատարութեան տակ ռազմի փորձ ձեռք բերած զինուորներէն շատեր կը մեկնին Կիլիկիա ու կը մասնակցին ինքնապաշտպանական մարտերուն:
Բանաստեղծ Վահան Չուգասզեան Մեծ հայրենասէրի յիշատակին նուիրուած է սոյն քերթուածը:
ԿՌԻՒ, ՄԻՇՏ ԿՌԻՒ
(Ընկեր Պանդուխտին)
Քանի ոտքի տակ կ՚երթայ քու արդար
Բողոքդ ու զայրոյթ, դատդ դարաւոր,
Կռի՛ւ, միշտ կռիւ, գոչէ՛ անդադար,
Ու այդ կռւին միշտ եղիր կամաւոր:
Քանի շէնութիւնն ամէն հայրենի,
Վարդավառ դաշտեր, քաղաք, աւան, գիւղ
Կ’աւերուին քիւրտէն, թիւրքէն վայրենի,
Կռիւ մռնչէ, կռւէ՛ աներկիւղ։
Քանի տեսնես դուն գերի կամ պանդուխտ
Ցեղիդ զաւակներ եւ կամ ոտնակոխ
Սուրբ պատիւն անոնց, մի՛ դրժեր քու ուխտ,
Կռի՛ւ, միշտ կռի՛ւ, եղիր գոռացող։
Կռի՛ւ, մի՛շտ կռիւ, եղիր գոռացող,
Դիտելով արցունքն ու արիւնն հայուն,
Կատղած, փրփրած դուն կայծակնադող
Բազուկներդ շարժէ՛ արագ, աննկուն:
ՎԱՀԱՆ ՉՈՒԳԱՍԶԵԱՆ
Դոկտ. Եղիկ Ճէրէճեանի «Պանդուխտ (Միքայէլ Սերեան)», «Հրասիրտները Մատենաշար – թիւ 3» հատորէն, Պէյրութ 2018
Ոտքի ձախէն աջ՝ Խնուսցի Մխիթար, Կարնեցի Հնչակեան Քեռի, Սեդրակ Մարկոսեան
Նստած ձախէն աջ՝ Անդրանիկ Երէցեան, Պաքուցի Արծուիկ, Պանդուխտ, Նշան Միրաքեան, Սարգիս Արմաղանեան
Գետին նստած ձախէն աջ՝ Հայկ Բժշկեան, Արամ Փոթիկեան