Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

September 4, 2024
in Այլազան
0
ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

 

 

Յետոյ Ալմիտրա դարձեալ խօսեցաւ եւ ըսաւ.

Տէր, ամուսնութի՞ւնը ինչ է։

Եւ ան պատասխանեց, ըսելով․

Միասին ծնած էիք եւ յաւիտեանս միասին պիտի ըլլաք,

Միասին պիտի ըլլաք, երբ մահուան սպիտակ թեւերը տարտղնեն ձեր օրերը,

Այո՛, միասին պիտի ըլլաք նոյնիսկ Աստուծոյ լուռ յիշողութեան մէջ,

Բայց ձեր միասնութեան մէջ թող միջոցներ ըլլան:

Եւ թող երկինքի հովերը ձեր միջեւ պարեն։

 

Սիրեցէ՛ք զմիմեանս, բայց սէրը կապտումի մի՛ վերածէք,

Այլ, ձեր հոգիներուն ափերուն միջեւ, սէրը շարժուն ծով թող ըլլայ,

Լեցուցէ՛ք իրարու բաժակները, բայց միեւնոյն բաժակէն մի՛ խմէք,

Զիրար կերակրեցէ՛ք, բայց միեւնոյն նկանակէն մի ուտէք,

Երգեցէ՛ք ու պարեցէ՛ք միասին եւ ուրախ եղէք, բայց թող իւրաքանչիւրդ առանձին ըլլայ,

Ինչպէս որ վինին լարերը առանձին են, թէեւ միեւնոյն երաժշտութեամբ կը թրթռան։

Տուէ՛ք ձեր սիրտերը, բայց ոչ պահ դնելու ձեւով,

Որովհետեւ միայն Կեանքի ձեռքը կրնայ ձեր սիրտերը պարփակել,

Եւ միասին կանգնեցէ՛ք, բայց ոչ իրարու շատ մօտ,

Որովհետեւ տաճարին սիւները իրարմէ անջատ կը կանգնին

Եւ կաղնին ու մշկենին իրարու շուքին մէջ չեն աճիր։

 

Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» հատորէն, հրատարակութիւն ՀԵՀՈՄ-ի, Անթիլիաս 1983

Share61Tweet38
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Next Post

ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ԱՑՐՈՒԱԾՔ

Next Post
ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ  ԱՑՐՈՒԱԾՔ

ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ԱՑՐՈՒԱԾՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.