Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ Մ19 ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱԶՄԻՆ ԴԷՄ

August 22, 2024
in Մարզական
0
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ Մ19 ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱԶՄԻՆ ԴԷՄ

 

 

Լիբանանի մինչեւ 19 տարեկան ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Թրիփոլիի «Ռաշիտ Քարամէ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած նախապատրաստական հաւաքի աւարտին, իր երկրորդ բարեկամական խաղին՝ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած է Սուրիոյ մինչեւ 19 տարեկան ֆութպոլի ազգային հաւաքականի կազմէն:

Այս հանդիպումը կը կայանար յառաջիկայ Սեպտեմբերի վերջը Քուէյթի Ասիոյ բաժակի զտումի փուլին՝ Լիբանանի մինչեւ 19 տարեկան ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախապատրաստական ծիրէն ներս:

Լիբանանի հաւաքականը ցուցաբերած է փոքր յառաջդիմութիւն մը, տրուած ըլլալով, որ անցեալ Հինգշաբթի օր կայացած առաջին բարեկամական խաղին 0-2 արդիւնքով պարտուած էր սուրիացի մրցակիցէն։

 

ԱՐԻՆԱ ՍԱՊԱԼԵՆՔԱ՝ «ՍԻՆՍԻՆԱԹԻ» WTA-1000 ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՅԱՂԹՈՂ

Աշխարհի երրորդ թենիսի մարզուհի Արինա Սապալենքա նուաճեց ԱՄՆ-ի Սինսինաթի քաղաքին մէջ կայացած WTA-1000 մրցաշարքի տիտղոսը, որուն համար ան ստացաւ 523 հազար տոլար պարգեւ։

Աւարտական մրցումին, Պելոռուսիոյ ներկայացուցիչը 6:3 եւ 7:5 արդիւնքով յաղթեց աշխարհի 6-րդ համարուող, ամերիկացի Ճեսիքա Փեքուլային։ Մրցախաղը տեւեց 1 ժամ եւ 16 վայրկեան։

Այս նուաճումը 26-ամեայ Արինա Սապալենքայի ասպարէզի 15-րդ տիտղոսն էր։

Համաշխարհային դասակարգման աղիւսակով ան, 8016 միաւորով շարջանցելէ ետք ամերիկացի Գօգօ Կաֆը, գրաւեց երկրորդ հորիզոնականը: Կանանց թենիսի աշխարհի առաջին դիրքը 10695 միաւորով կը գրաւէ լեհ Իքա Սուէյթաքը: Նշենք որ Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Էլինա Աւանէսեան Սինսինաթի WTA-1000 մրցաշարքէն ետք բարձրացաւ 51-րդ հորիզոնական:

 

ԹԵՆԻՍ WTA-500

 ԱՒԱՆԷՍԵԱՆԻ ՆՈՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

 

Հայրենի ներկայացուցիչ, թենիսի մարզուհի Էլինա Աւանէսեանը յաջողութեամբ մեկնարկեց Մոնթերէյի WTA-500 մրցաշարքը։

51-րդ հորիզոնականով դիրքը բարելաւած Աւանէսեանի մրցակիցն էր աշխարհի 64-րդը՝ իտալացի Էլիզապեթա Կոչարեթօն, որուն առաւելութեան հասաւ 7:6 (8:6), 6:1 արդիւնքով։ Մրցախաղը տեւեց 1 ժամ եւ 46 վայրկեան։

Երկրորդ փուլին Էլինա Աւանէսեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ աշխարհի 28-րդ դիրքը զբաղեցնող, ուքրանուհի Էլինա Սվիթոլինան։

Մոնթերէյի մրցաշարքի մրցանակային հիմնադրամը 922 հազար տոլար է։

 

ՔՈՓԱ ԼԻՊԵՐԹԱՏՈՐԵՍ.

«ՖԼՈՒՄԻՆԷՆՍԷ», «ՔՕԼՕ-ՔՕԼՕ» ԵՒ «ԱԹԼԵԹԻՔՕ ՄԵՆԵՐՕ»՝ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ

«Ֆլումինենսէ» հասաւ Քոփա Լիպերթատորեսիի քառորդ աւարտական՝ 16-րդ փուլին յաղթելով «Կրեմիոյին»: Երթի մրցումին միեւնոյն՝ 2 – 1 արդիւնքով պարտուած «Ֆլումինենսէ»ն իր «տան» մէջ միեւնոյն արդիւնքէն աւելին չկրցաւ կատարել: Ընդհանուր՝ 3-3-ի իրավիճակէն ետք, բախտը ժպտաց տանտէրերուն՝ 11 մեթրնոց հարուածներու արդիւնքով:

Պրազիլիական «Աթլեթիքօ Մեներօ»ն արժենթինեան «Սան Լորենցօ»ի հաշուոյն դուրս եկաւ քառորդ աւարտական փուլ՝ պատասխան խաղին յաղթելով 1-0 արդիւնքով, իսկ Չիլիի «Քոլօ-քոլօ»-ն նոյնպէս առաջ անցաւ Քոլոմպիոյ «Ճունիըր»ի նկատմամբ՝ դարձին 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք:

 

ՌՈՆԱԼՏՈՅԻ YouTube-ԵԱՆ ԱԼԻՔԸ

Միլիոնաւոր երկրպագուներու կողմէ լաւագոյն ֆութպոլիստ նկատուած Քրիսթիանօ Ռոնալտօն, որ ընկերային ցանցերու ամենաշատ հետեւորդները ունի (մօտաւորապէս 917 միլիոն հետեւորդ տարբեր հարթակներու վրայ) բացած է իր YouTube-եան ալիքը:

Ալիքը, որ կը կոչուի «UR», պիտի մեկնարկէ Չորեքշաբթի օր: Հոն պիտի պատմուի Փորթուկալի ազգային հաւաքականի խմբապետին մասին, ինչպէս նաեւ «անոր այլ հետաքրքրութիւնները՝ ներառեալ ընտանիքը, առողջութիւնը, սնուցումը, նախապատրաստումը, վերականգնումը, կրթութիւնը եւ գործարքները»։

 

ԲԵՐԴԱՊԱՀ ՄԱՆՈՒԷԼ ՆՈՅԷՐ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԷՆ

ՄանուԷլ ՆոյԷրը Գերմանիոյ ֆութպոլի վերջին վեթերանն ​​է, որ կը հեռանայ իր հաւաքականէն:

Գերմանիոյ ազգային կազմին եւ Միւնիխի «Պայերն»ի բերդապահը յայտարարած է, որ «հպարտութեամբ եւ երախտագիտութեամբ լեցուած է»:

Նոյէրը Գերմանիոյ հաւաքականի կազմէն ներս իր առաջին մրցումը կատարած է 15 տարի առաջ՝ բարեկամական խաղով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դէմ, եւ ընդհանուր հաշուով հանդէս եկած է 124 միջազգային հանդիպումներու, որոնցմէ վերջինը տեղի ունեցաւ սեփական յարկի տակ՝ «Եւրօ 2024»-ի քառորդ աւարտականին, ուր Գերմանիոյ հաւաքականը 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց ապագայ ախոյեան Սպանիայէն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՏԽՐՈՒՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՅՈՒԼԻՍ-ՕԳՈՍՏՈՍԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Next Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԽԱՂ

Next Post
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԽԱՂ

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԽԱՂ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.