Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱԳՆ ԽՕՍՆԱԿ. «ՍԱՊՈԹԱԺԻ ՉԵՆԹԱՐԿԵԼ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ»

August 21, 2024
in Հայաստան
0
ԱԳՆ ԽՕՍՆԱԿ.  «ՍԱՊՈԹԱԺԻ ՉԵՆԹԱՐԿԵԼ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ»

 

https://civic.am/news/74839

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը պատասխանած է լրատուամիջոցէն ստացուած հարցումին:

Հարց. ՌԴ ԱԳ նախարարը յայտնած է, որ Հայաստանը սապոթաժի կ’ենթարկէ Սիւնիքի մարզով կապուղիներու ապաշրջափակման պայմանաւորուածութիւնը։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:

Պատասխան. Հայաստանի վերաբերեալ ՌԴ ԱԳ նախարարութեան զանազան պաշտօնեաներու՝ իրականութեան չհամապատասխանող, ակնյայտօրէն կողմնակալ, յաճախ անյարգալից մեկնաբանութիւնները, ցաւօք, վաղուց արդէն նորոյթ չեն, եւ եթէ նկատած էք, տեւական ժամանակ է մենք նոյնիսկ չենք անդրադառնար անոնց:

Այնուամենայնիւ, չենք կրնար չըսել, որ ՌԴ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարին երէկուայ յայտարարութիւնը ոչ միայն զուտ ափսոսանք կը յառաջացնէ, այլեւ կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան կառուցողական ներգրաւուածութիւնը:

Երբեմնի միջնորդական առաքելութիւն ստանձնած, 2020թ. Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը ստորագրած, անոր հիման վրայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղապահ զօրախումբ տեղակայած պետութեան արտաքին գործերու նախարարը չի կրնար չտեսնել, որ չկայ այդ յայտարարութեան գէթ մէկ առանցքային կէտ, որ անդառնալիօրէն խախտուած չըլլայ՝ չնայած անոր ներքոյ ՌԴ ստորագրութեան եւ անով նախատեսուած գործընթացներուն մէջ ՌԴ մասնակցութեան ու պատասխանատուութեան: Կը կարծենք նաեւ, որ ՌԴ ԱԳ նախարարը քաջատեղեակ է, որ հրապարակային փաստաթուղթերէն դուրս՝ Հայաստանը որեւէ այլ պայմանաւորուածութեան մաս չի կազմեր, հետեւաբար չի կրնար սապոթաժի ենթարկել զանոնք:

Հարկ կը համարենք ընդգծել նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը արդէն իսկ լայն ճանաչում ունի միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ, այն քանի մը անգամ ներկայացուած է նաեւ ՌԴ ներկայացուցիչներուն։ Կը վերահաստատենք, որ անոր շրջանակներուն մէջ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացումը հնարաւոր է բառացիօրէն ամէն պահի։ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը դրական արձագանգի արժանացած է շարք մը միջազգային գործընկերներու կողմէ, եւ ՌԴ ԱԳՆ գործընկերներուն կոչ կ’ընենք կողմնակալ յայտարարութիւններով սապոթաժի չենթարկելու զայն, ոչ ալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու ջանքերը:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը բազմիցս վերահաստատած է եւ հիմա ալ կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին եւ իր բաժին աշխատանքը պիտի կատարէ այդ օրակարգը բարեյաջող իրացնելու համար։

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՄ-Ն ՊԱՔՈՒԻՆ ԿՈՉ Կ’ԸՆԷ COP29-ԷՆ ԱՌԱՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ

Next Post

ԱՄՆ ԱԳՆ. ԱՄՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՈՐԵՒԷ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ

Next Post
ԱՄՆ ԱԳՆ.  ԱՄՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՈՐԵՒԷ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ

ԱՄՆ ԱԳՆ. ԱՄՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՈՐԵՒԷ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.