Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ բանակը տիրապետած է Ուքրանիոյ արեւելեան Տոնեցք շրջանի Նիւ Եորք բնակավայրին՝ շարունակելով յառաջընթացը երկրի այդ հատուածին մէջ: Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ ուքրանական ուժերը այժմ կը տիրապետեն ռուսական Քուրսք նահանգի 72 բնակավայրերու: