Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ԱՆԱՄՕԹՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄԸ ՑՈՒՑԱԲԵՐԱԾ Է՝ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ «ՕՐՀՆԵՐԳԸ»

August 15, 2024
in Միջազգային
0
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ԱՆԱՄՕԹՈՒԹԵԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԴՐՍԵՒՈՐՈՒՄԸ ՑՈՒՑԱԲԵՐԱԾ Է՝ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ «ՕՐՀՆԵՐԳԸ»

 

«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը դատապարտած եւ անթոյլատրելի համարած է միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութեան մայրաքաղաքի (Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի – խմբ.) մասին ատրպէյճանական կամ թրքական օրհներգի պատրաստումն ու տարածումը։

«Ալիեւեան վարչակարգի նկրտումները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին նկատմամբ շարունակաբար կ’աճին։ Միջազգայնօրէն ճանչցուած անկախ պետութեան տարածքը Ատրպէյճանի պատմական հողեր հռչակելէ զատ՝ Պաքուի քարոզչամեքենան աշխուժօրէն կ’աշխատի նաեւ մշակոյթի, այդ շարքին՝ երաժշտագիտութեան ոլորտին վրայ։

Օրերս հրապարակուեցաւ, իրենց կեղծ բնորոշմամբ, «Իրեւանի թրքական հանրապետութեան» պետական օրհներգը, որուն բովանդակութիւնը Երեւանը «օտար ձեռքերէ ազատելու եւ վերադարձնելու» մասին է։

Օրհներգին հեղինակը Ատրպէյճանի ժողովրդական արուեստագէտ, երաժշտահան Ճավանշիր Կուլիեւն է, որ, ինչպէս ինք կը նշէ, Իլհամ Ալիեւի նախասիրածն է եւ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն աջակցած է անոր։ «Օրհներգը» գրելու պատուէր Կուլիեւը ստացած էր 2021 թուականին։

Այստեղ ակնյայտ է «մեծ պատմաբան» Ալիեւի նկրտումը՝ երաժշտագիտութեան ոլորտին մէջ եւս բարձունքներ նուաճելու եւ այդ բնագաւառին մէջ նոյնպէս յաւերժանալու։

Յատկանշական է, որ Ատրպէյճանի Օփերայի եւ պալետի պետական ակադեմական թատրոնին շէնքը, ուր հնչած է «ստեղծագործութիւնը», նախագծած է ազգութեամբ հայ ճարտարապետ Նիքոլա Պաեւը, եւ այն ժամանակին պատկանած է Մայիլեան եղբայրներուն»,- նշուած է Հիմնադրամին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ եւ անթոյլատրելի կը համարէ միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութեան մայրաքաղաքին մասին ատրպէյճանական կամ թրքական օրհներգի պատրաստումն ու տարածումը։

Զօրավար-գնդապետ Նիքոլայ Մարքով բացման խօսքին մէջ նշած է, որ միջազգային ներկայիս իրավիճակը կը պահանջէ պատրաստ ըլլալ մարտական գործունէութեան։ Այդ իսկ պատճառով զօրավարժութիւններու ընթացքին պիտի փորձարկուին նոր զինատեսակներ, պիտի մշակուին ուժային խումբերու փոխգործակցութեան նոր մեթոտներ։

«Քոպալթ-2024»-ին յատուկ մասնակցելու համար Ռուսաստան ժամանած են ներկայացուցիչներ Պելառուսիայէն, Ղազախիստանէն, Տաճիկիստանէն եւ Ղրղզիստանէն։ Հայաստանը ներկայացուած չէ զօրավարժութիւններուն, քանի որ սեփական նախաձեռնութեամբ հրաժարած է:

Share61Tweet38
Previous Post

ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐԸ ՌՈՊՈԹ-ՇՈՒՆԵՐ Կ’ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ

Next Post

ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՂՆԱԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԱՐԷ. ԻՏԱԼԱՑԻ ՓՐՈՖԵՍԷՕՐ

Next Post
ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՂՆԱԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԱՐԷ. ԻՏԱԼԱՑԻ ՓՐՈՖԵՍԷՕՐ

ՑԵՂԱՅԻՆ ԶՏՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԳՈՂՆԱԼՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԱՐԷ. ԻՏԱԼԱՑԻ ՓՐՈՖԵՍԷՕՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.