2017–ի ամառնային հիանալի օր մը ես մտայ «Masterpiece», «գլուխգործոց» ցուցահանդէսը։ Սկսած 2010 թուականէն, Լոնտոնի Royal Hospital-ի՝ Թագաւորական հիւանդանոցի այգիներուն մէջ տեղի կ’ունենայ «Masterpiece» ցուցահանդէս-տօնավաճառը, երբ աշխարհի լաւագոյն արուեստի բազմաթիւ գլուխգործոցներ կը բերուին եւ կը ցուցադրուին հսկայական վրանի մէջ, որ սովորաբար մէկ շաբաթով կը բարձրացուի ճիշդ 18-րդ դարի յայտնի ճարտարապետ Քրիսթոֆըր Ռենի նախագծած հիւանդանոցի՝ անգլիական դասական ճարտարապետութեան լաւագոյն շէնքերէն մէկուն կողքին։
Իմ սիրած տեղերէն մէկն է այցելելու։ Որպէս արուեստագէտ եւ որպէս նուիրեալ հին ու նոր արուեստներու, ես այստեղ կը զգամ ինչպէս ձուկը ջուրին մէջ։
Հսկայական վրանը քօղարկուած է, կարծես թէ` աղիւսէ կառուցուած շէնք մը ըլլայ։ Յուզուած եւ անհամբեր՝ տեսնելու ԼԱՒ արուեստ, որ սովորաբար կը պարփակէ արուեստի պատմութեան 6000 տարիները՝ ես շտապեցի դէպի ցուցահանդէս։
Անցայ մագնիսական անցումը, պայուսակս տուի անվտանգութեան աշխատողին ստուգման համար եւ մտայ շքամուտքէն ներս։ Ամէն անգամ, երբ կու գամ այս ցուցահանդէս, զգացումս նոյնն է, ինչ՝ երբ լողալ սիրողը կ’ընկղմուի ծովի զովացնող ջուրերուն մէջ ամռան տաք օրը։ Ես զգացի մօտաւորապէս նոյնը՝ եւ ընկղմուեցայ արուեստի «ծովին» մէջ։
Անգլիոյ, Եւրոպայի եւ աշխարհի տարբեր վաճառասրահներ եւ հաւաքածուներ բերած էին լաւագոյնը ՝ վաճառելու կամ պարզապէս ցոյց տալու։
Եւ այսպէս, ես սկսայ քալել հսկայական սրահներու միջանցքներով՝ մօտենալով աջին եւ ձախն տեղադրուած ցուցանմուշներուն։ Սկսած Միջագետքի մէջ պեղումներու ժամանակ գտնուած քարէ արձաններէ մինչեւ Տեմիան Հըրսթի «քլոն» կատարուած կլոր գունաւոր շրջանագծիերը՝ ամէն ինչ մէկ հսկայ վրանի տակ ՝ ծայրայեղ հաճելի էր նայիլ, համեմատել, երազել, մտածել եւ վայելել։
Յանկարծ հեռուն նկատեցի քանի մը մեծ կտաւ։ Վերացական արտայայտչապաշտութեան սիրահար եմ: Եւ այն ինչ տեսայ, նորութիւն էր։ Սեւ, կանաչ, սերուցքագոյն, զօրաւոր վրձինահարուածներ, որոնք ինձ քաշեցին իրենց մագնիսական ուժով։
Մօտեցայ անմիջապէս։
«Ռեյչըլ Սմիթ,- ներկայացաւ շէկ մազերով, լեցուն մարմնով, բարեհամբոյր ժպիտով միջին տարիքի կինը,- իսկ սա հայրս է՝ միասին կ’աշխատինք, Նիւ Եորքի մէջ»։
Ան նկատեց, որ հմայուած կը նայիմ վերացական համադրութեան։
«Մայքըլ Ուեսթ։ Չկարծէք, որ տղամարդ է։ Անոր իսկական անունը Միշէլ Քորին Ուեսթ էր։ Արշիլ Կորքին բազմիցս անոր առաջարկեց ամուսնանալ, բայց ան մերժեց։ Ըլլալով Կորքիի ընկերուհին եւ որոշ չափով հետեւորդը, ան չուզեց ամուսնութեան պատճառով իր հետագայ կեանքը որպէս նկարչուհի անցընել Կորքիի ստուերին մէջ»: «Ափսոս,- մտածեցի ես,- թերեւս Կորքիի ճակատագիրը ուրիշ ըլլար, եթէ ամուսնանար այս կնոջ հետ եւ ոչ թէ Ակնէս Մակրուտըրի»։ Կորքին անձնասպան եղաւ, երբ կինը երկու դուստրերուն հետ լքեց զինք իր կեանքի ամենադժուար պահուն, երբ ունէր քաղցկեղ եւ նկարող ձեռքը ինքնաշարժի արկածի պատճառով չէր աշխատեր։
Սակայն բարձրաձայն ըսի.
– Ինչպէ՞ս թէ, մե՞ր Արշիլ Կորքին։
Ան զարմացած նայեցաւ ինծի եւ հարցուց.
– Դուք հա՞յ էք։
Ես ժպտեցայ։
– Մենք կը վաճառենք նաեւ Կորքիի գծանկարը, եկէք ձեզ ցոյց տամ։
Կորքիի գծանկարները հնարաւոր չէ մէկ երկվայրկեանի մէջ իւրացնել, երկար ժամանակ է հարկաւոր։ Տեսնելով, թէ խօսքը Կորքիի որ գծանկարին մասին է, ես վերադարձայ Մայքըլ Ուեսթի գործերուն, որոնք առաջին անգամ կը տեսնէի։
Ատիկա այն պահն էր, որմէ սկսեալ ես գտայ հմայուածութեան աստիճան մը իմ մէջ, որ ինձ այսուհետեւ կապեց այս նկարչուհիի գործերուն։
Ռեյչըլ Սմիթը հակիրճ պատմեց Մայքըլ Ուեսթի՝ ամերիկեան վերացական արտայայտչապաշտութեան ներկայացուցիչին՝ անյայտ, մինչեւ հիմա կորսուած նկարներուն մասին։
– Մայքըլ Ուեսթ… ան անունը փոխեց Արշիլ Կորքիի թելադրութեամբ, սկիզբը զայն կոչեց Միքայէլ, յետոյ աւելի ամերիկեան ձեւով՝ Մայքըլ։
– Ո՞ւր էր այս նկարչուհին, ինչո՞ւ երբեք մինչեւ հիմա անոր գործերը չեն երեւցած արուեստի շուկային մէջ, – հարցուցի։
– Մենք առաջիններէն մէկն ենք, որ գտած ենք եւ կը ցուցադրենք անոր որոշ աշխատանքները։
Միշէլ Քորին Ուեսթը ծնած է 1908 թուականին Շիքակոյի մէջ։ Յաճախած է Ցինցինաթիի արուեստի ակադեմիան։ 1932 թուականին տեղափոխուած է Նիւ Եորք։ Այդ ժամանակ ծանօթացած է Արշիլ Կորքիի հետ։ Անոնց միջեւ սկսած է մտերմութիւն, աւելի շուտ՝ ռոմանտիկ բարեկամութիւն։ Միասին այցելած են թանգարաններ, ժամերով քննարկած են արուեստ եւ փիլիսոփայութիւն, կազմած են իրենց անձնական գեղագիտական տեսութիւնները։ Կորքին էր, որ առաջարկեց Միշէլ Քորին Ուեսթ անունը փոխել՝ քաղքենի հարսնցուի անուն է կարծես, ըսաւ ան։ Եւ նկարչուհին ինքն իրեն կոչեց Մայքըլ Ուեսթ, յուսալով որ իր նկարչական գործերը տեղ կը գտնեն պատերազմի ժամանակ եւ պատերազմէն յետոյ՝ տղամարդոց գերակշռութեամբ՝ վերացական արուեստի ասպարէզին մէջ։
Կորքիի եւ Մայքըլ Ուեսթի բարեկամութիւնը տեւեց երկար տարիներ 30-ական թուականներու ընթացքին։ Ակնյայտօրէն բարեկամութենէն աւելի էր անոնց մտերմութիւնը, քանի որ յայտնի է, որ Կորքին վեց անգամ ամուսնութեան առաջարկ ըրած է Մայքըլին, որոնք ան չէ ընդունած։
Չէ ընդունած ոչ թէ այն պատճառով, որ չէ սիրած Կորքին, այլ որովհետեւ վախցած է, որ իր նկարչութիւնը պիտի ճնշուի Արշիլ Կորքիի արուեստի հզօրութեան եւ գեղագիտական արժէքին տակ։ Կորքին, որպէս նկարիչ, կ’ոչնչացնէր զինք։ Սակայն Կորքին էր, որ բացաւ անոր աչքերը եւ փոխեց անոր հայեացքները։ Կորքիի ազդեցութիւնը, կ’ըսէին որոշ արուեստագէտներ, հսկայական էր Մայքըլ Ուեսթի կեանքին եւ աշխատանքին մէջ։
Արշիլ Կորքին հիմնադրեց ամերիկեան վերացական արտայայտչապաշտութիւնը եւ ունեցաւ բազմաթիւ հետեւորդներ, այդ շարքին՝ Փոլոքը, Միրօն, Մատըրուելը, Տէ Քունինկը։ Կորքիի անձնասպանութիւնը 45 տարեկան հասակին, իրականութեան մէջ բացաւ ճանապարհները իր հետեւորդներու համբաւին համար։
Վերադառնանք Մայքըլ Ուեսթին։ Ան գեղեցկուհի էր՝ դատելով լուսանկարներէն եւ ժամանակակիցներու թողած յուշագրութիւններէն։ Անոր ընտանիքը առանձնապէս հետաքրքրուած չէր արուեստով եւ ան նախ ընդունուեցաւ Ցինցինաթիի երաժշտանոցը, որուն հետեւեցաւ կարճատեւ ամուսնութիւն, որ ընդհատելով՝ աւ եկաւ Նիւ Եորք եւ սկսաւ ուսանիլ վերացականութիւն Հանս Հոֆմանի մօտ։ Հոֆմանը, որ գերմանացի էր, դարձած էր Նիւ Եորքի ամենայայտնի ժամանակակից արուեստի ուսուցիչը։
Հոֆմանը սորվեցուց Մայքըլին օգտագործել իր «ներքին աչքը» իրերը վերացական ձեւով զգալու եւ հոգիի խորքէն վերացականը արտայայտելու տեխնիկան։ Այս դասընթացքը տեւեց միայն վեց ամիս, քանի որ Մայքըլը յայտարարեց «սա ոչ թէ դասընթացք է, այլ՝ պաշտամունք»։ Հոֆմանի մօտ կ’ուսանէր նաեւ Ճեքսոն Փոլոքի կինը՝ նկարչուհի Լի Քրասները։ Հոֆմանը յատուկ թերագնահատանքով կը վերաբերէր կին նկարիչներուն։ Յայտնի է անոր ըսածը Լի Քրասների յաջողած նկարի մը մասին. «Այնքան լաւն է այս նկարը, որ չես ըսեր, որ կին մը նկարած է»։
Եւ չնայած տղամարդ վերացականականներու պատնէշին՝ Ամերիկայի մէջ մօտ երեսուն կին վերացական արտայայտչապաշտողներ կայացան յետպատերազմական տարիներուն եւ 60-ական թուականներուն՝ երկու սերունդ, ինչպէս օրինակ՝ Հելեն Ֆրանքենթալերը, Էլեյն Տէ Քունինկը, Լի Կրասները, Ճոան Միթչելը։
Կորքիի եւ Մայքըլի երկար զրոյցները թանգարաններուն մէջ, յատկապէս Նիւ Եորքի Մեթրօփոլիթենին մէջ, ուր անոնք կը պատճէնէին հին վարպետներու գծանկարները, յանգեցուցին անոր, որ Մայքըլը հիանալիօրէն տիրապետեց գծանկարին եւ անոր մօտ կատարելագործուեցաւ գծանկարը գեղանկարի փոխակերպելու վարպետութիւնը։
Արշիլ Կորքիի հետ երկար տարիներու զրոյցները գեղագիտութեան մասին եւ մեծ քանակութեամբ գրականութեան ընթերցումը, Մայքըլ Ուեսթին տուին մտաւորական խորութիւն, որ արտայայտուած է անոր արձակ գրութիւններուն եւ բանաստեղծութիւններուն մէջ։ Ան գրած է 52 բանաստեղծութիւն, որոնք նոյնքան վերացական են, որքան անոր նկարները։ Ան միշտ կը փորձէր մակերեսէն թափանցել ներս եւ տեսնել իրերուն եւ աշխարհի խորքը։ Ան կը համարէր, որ տիեզերքը խորհրդաւոր է։
Ուեսթը հետաքրքրասէր եւ ոչ-մակերեսային անձնաւորութիւն էր։ Ան կը տեսնէր այն, ինչ սովորական աչքերը չէին տեսներ։ Ինչպէս ըսած է ժամանակակից արուեստի քննադատ մը, «ան իր կտաւներուն վրայ կրնար արտայայտել իրերու եւ երեւոյթներու ներքին հոսանքները»։
Ուեսթի երկրորդ ամուսնութիւնը աւելի երկար տեւեց՝ 1948 թուականէն մինչեւ 1960: Ամուսինը լուսանկարիչ եւ ֆիլմ կարահանող Ֆրենսիս Լին էր։ Ամուսնութենէն մէկ տարի յետոյ ծնաւ առաջին եւ միակ զաւակը՝ Լայոնէլ Սարտոֆոնթանա Լին։
Անոր հազուագիւտ ցուցահանդէսներէն էին Ռոչեսթերի մէջ-Նիու Եօրք՝ առաջին միանձնեայ ցուցահանդէսը 1935-ին, անոր մահէն յետոյ՝ Փոլոք-Քրասներ տուն թանգարանին մէջ 1996-ին եղաւ ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուէր «Մայքըլ Ուեսթ. նկարիչ եւ բանաստեղծ» եւ քանի մը այլ աննշան ցուցադրումներ անոր կեանքի ընթացքին Նիւ Եորքի ոչ-յայտնի ցուցասրահներու մէջ։
Դուք երբեւէ տեսա՞ծ էք նկարիչ մը, որ բոլորովին հետաքրքրուած չէ ինքզինք յայտնի դարձնելով եւ նկարները վաճառելով կամ ցուցադրելով։ Այո՛, ես անցեալին տեսած եմ, եւ մէկ կամ երկու սերունդ յետոյ այսպիսի նկարիչները կը կորսուին, անոնց անունը կը մոռացուի, իսկ կտաւները կը փոշիոտին նկուղներուն կամ ձեղնայարկերուն մէջ։ Մայքըլ Ուեսթը այդպիսին էր։ Ան մահացաւ 1991 թուականին, աղքատութեան մէջ, Մանհեթընի իր բնակարանին մէջ, ուր կուտակուած էին անոր բոլոր աշխատանքները եւ արխիւը։
Մայքըլ Ուեսթի պարագային, բարեբախտաբար, անոր անունը վերակենդանացաւ, քանի որ, հրաշք կատարուեցաւ։ Մէկը՝ Սթյուարթ Ֆրիտման անունով, գնեց Ուեսթի բնակարանին ամբողջ պարունակութիւնը՝ կտաւները, արխիւը, նիւթերը՝ միայն 5000 տոլարով, այնուհետեւ վաճառելով արուեստի նիւյորքեան յայտնի սրահներէն մէկուն՝ Hollis Taggart-ին, որ այժմ ունի Ուեսթի ժառանգութիւնը ներկայացնելու առանձնայատուկ իրաւունքը։
«Mediamax»
(2020)