Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ուսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոավ Կալանթի հետ հաղորդակցութեան ընթացքին անոր կոչ ուղղեց յանգելու զինադարդարի համաձայնութեան եւ վերջ տալու Կազայի պատերազմին: Իսկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը Լիբանան գտնուող իր քաղաքացիներուն վերստին կոչ ուղղեց անյապաղ հեռանալու՝ ապահովելու օդանաւային յարմարագոյն տոմսերը: