Թուրքիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Երեքշաբթի օր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեան բնականոնացումի թղթածրարի պատասխանատուներ ժողով գումարած են սահամանային գօտիին մէջ: Օրակարգի հիմնական նիւթն էր երկաթուղագիծի բացումը երկու երկիրներուն միջեւ: Երկու կողմերը համաձայնեցան թեքնիք պահանջքին շուրջ երկաթուղագիծի բացումի պարագային: Նաեւ համաձայնեցան վիզայի տուչութեան հարցին շուրջ պետական եւ դիւանագիտական անցագիր ունեցողներու համար: Հարկ է նշել, թէ Թուրքիա փակած էր սահմանային անցքը 1993 թուականին, Արցախի մէջ պատերազմը սկսելէն ետք: