Յուշագիրքին սկիզբը ընթերցողին ուղղած իր խօսքին մէջ, Յովսէփ Տէր Վարդանեան Մեծ Եղեռնի տարիներուն Ինթիլլիի-Այրանի կոտորածին մասին կը գրէ. «Ներկայիս մութ մնացած կէտ մը պիտի կարենամ երեւան հանել: … Անձնական յուշերս եւ ապրումներս են, որ գրի առած եմ համառօտ, նկատելով որ անոնց մէջ, գուցէ, ապագայ պատմաբանին համար պիտանի ատաղձ մը գտնուի, քանզի տարագրութեան եւ հայաջինջ քաղաքականութեան մը բազմաթիւ դրուագներէն ու տռամներէն մին է եւ սա, որ գրեթէ մեծ մասամբ անծանօթ մնացած է, եւ որուն անձամբ ենթակայ ու բաժնեկից եղած եմ օրեր, շաբաթներ եւ ամիսներ շարունակ» (էջ 3):
Յովսէփ Տէր Վարդանեանի սոյն յուշագիրը՝ «Ինթիլլի-Այրանի Սպանդը (1916 – Մութ մնացած էջ մը Եղեռնէն)» խորագիրով ունի հետեւեալ հրատարակչական տուեալները.- մեկենաս՝ գերաշնորհ Տ. Եղիշէ Ս. Եպս. Չիլինկիրեան, տպարան Սրբոց Յակոբեանց, Երուսաղէմ, 1928, փոքր չափի 64 էջ։
Յովսէփ Տէր Վարդանեան «Յառաջաբանի տեղ» գրութեան մէջ (էջ 8-12) կը յիշէ, թէ Թալաաթ 1915-ի վերջերը քանի մը հրամանագրեր յղած է Ինթիլլիի թուրք պատասխանատուներուն, յատկապէս երկաթուղագիծի քոմիսեր Խայրի պէյին ու Ճեմալ պէյին` այդ շրջանի հայերը կոտորածի ենթարկելու համար: Երկու պատասխանատուները մարդասիրութիւն ցոյց կու տան ու հրամաններուն գործադրութիւնը կը ձգձգեն: Իր վայրագութեամբ եւ ջարդարարութեամբ ծանօթ՝ Վանի նախկին եւ Ատանայի նորանշանակ կուսակալ Ճեւտէթ պէյ [Ատանայի կուսակալ կարգուած էր Էնվեր փաշայի քեռայր եւ Վանի նախկին կուսակալ Ճեւտէթ պէյ, որ Վանէն ետք Բաղէշի մէջ հայերը կոտորած էր (սխալ է հեղինակին յիշածը թէ Ճեւտէթ պէյ Բաղէշի նախկին կուսակալն էր)- Յ.Ի.] դէպի Ատանա ճամբուն վրայ ան կ՛անցնի դէպի իր պաշտօնատեղին ճամբորդած ատեն երբ կ՛անցնի Պաղչէ աւանէն ու կը տեսնէ տարագրեալ հայերը, Պաղչէի զօրաց հրամանատար Եաշար պէյի անմիջապէս կը հրահանգէ հայերը խումբ առ խումբ տեղահանել, ճամբան զանոնք չարչարել, կողոպտել ու սպաննել: Այրան գիւղին մէջ աշխատող Յովսէփ Տէր Վարդանեան կրկին կ՛աքսորուի հազարաւորներու հետ: Կը տեղահանուին նաեւ իր կինը՝ Մարիամը եւ երկու զաւակները, որոնք Ինթիլլիի հիւանդանոցին մէջ ապաստան գտած էին:
Տէր Վարդանեան իր տեսածները հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ. «Տեղահանութիւն չէր տեղի ունեցածը, այլ` կատարեալ ջարդ մը իսկապէս: Բոլորս ալ տարագրուեցանք Մարաշ-Այնթապի վրայով: Ճակատագիրը զիս ալ հոս նետած էր, հետեւաբար մին էի անոնցմէ: Ամէնէն առաջ ճամբայ հանուեցան զատուած 1800 երիտասարդ կամ ամուրիներ, որոնք գրեթէ մեծ մասամբ սպաննուեցան հոս, հոն, ճամբու ընթացքին. միւս խումբերս անոնց դիակները կոխոտելով անցանք այդ ցաւի եւ խաչի ճամբաներէն, ուր կը տեսնէինք մերկ աղջիկներ, սուինածակ կիներ, անթաղ դիակներ, որոնք սպաննուած էին պղծուելէ յետոյ ու անխնայօրէն» (էջ 11): Ականատես վկայ Տէր Վարդանեան կ՛ըսէ, թէ զուիցերիացի ճարտարագէտներուն պետը՝ պարոն Քոբէլը (Coppel) – որ մինչեւ այդ ատեն մեծ ճիգ թափած էր իր միջամտութիւններով կոտորածը կանխարգիլելու համար – յոյժ մարդասիրական կեցուածք կ՛ունենայ հայոց հանդէպ: Ան կոտորածէն վերապրող մանուկները կը հաւաքէ եւ Ինթիլլիի մէջ իր հաստատած որբանոցին մէջ կը պատսպարէ:
Մէջբերելով Արամ Անտոնեանի հեղինակած «Մեծ ոճիրը» գիրքէն հատուած մը, Յովսէփ Տէր Վարդանեան ցոյց կու տայ, թէ թուրք ու գերմանացի պատասխանատուները հայերը կոտորած են ամենայն սառնասրտութեամբ` վստահ թէ ապագային ոչ ոք այդ մասին պիտի խօսի: Ահա՛ այդ հատուածը. «Գերման Էմտէն մարտանաւի հրամանատար ֆոն Միւքքէ պատերազմի ընթացքին կը հանդիպի Ճարապլուս. պատահաբար հոն կը գտնուի նաեւ Պաղտատի գիծի ընկերութեան բժիշկներէն եդեսիացի տոքթ. Յ. Հրեշտակեանի տիկինը` գերմանուհի մը, եւ սա երբ կը հարցնէ ֆոն Միւքքէի թէ «խաղաղութիւն կնքուելէն յետոյ Գերմանիա ի՞նչ պատասխան պիտի տայ քաղաքակիրթ աշխարհին այն ջարդերուն եւ բարբարոսութեանց նկատմամբ, որոնք իր աչքին առջեւ կը գործուին», ֆոն Միւքքէ կը պատասխանէ. «Հոգ ընելիք բան չկայ, տիկի՛ն, խաղաղութիւն կնքուելէն յետոյ կարգադրելիք ա՜յնքան խնդիրներ պիտի ըլլան, որ հաւ մը անգամ իր փետուրը պիտի չշարժէ հայերուն համար…»»:
Յովսէփ Տէր Վարդանեան Ինթիլլի-Այրանի կոտորածին մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնայ իր յուշագիրքի «Տարագրութենէն էջ մը (Ականատեսի պատմուածք)» խորագրեալ գլուխին մէջ, որ ամփոփ կերպով կը ներկայացնեմ ստորեւ:
Յովսէփ Տէր Վարդանեան իր ծննդավայր Մարաշէն բռնագաղթեցուած էր ու հասած Հիւսիսային Սուրիոյ Մումպուճ գիւղը: Ան ձեւով մը կը յաջողի իր կնոջ ու զաւակներուն հետ ապաստանիլ Հալէպ` բարեկամի մը տունը, ուր փակուած կը մնար ձերբակալութենէ զերծ մնալու համար: Հալէպի երկաթուղիի կայարանի պաշտօնեաներէն մէկը կաշառելով` ան կը յաջողի իր ընտանիքին հետ շոգեկառքով անցնիլ Իսլահիէ, հոնկէ ալ 1916-ի գարնան` Ինթիլլի: Հոն Յովսէփ կ՛աշխատի իբրեւ հիւսն, իսկ կինը՝ հիւանդանոցին մէջ:
Ամանոսի լեռներուն վրայ Ինթիլլի-Այրանի փապուղին աշխարհի մեծագոյն փապուղիներէն էր: Ան Պաղչէ աւանէն մէկ ժամ հեռու կը գտնուէր: Հազարաւոր հայ աքսորեալներ այդ փապուղիի շինարարութեան վրայ կ՛աշխատէին: Գերմանացի երկրաչափներ «կառավարութեան ի՛նչպիսի խաղով կամ արտօնութեամբ» յաջողած էին բռնագաղթեալ հայեր հոն բերել Հալէպէն, Համայէն, Հոմսէն եւ ուրիշ վայրերէ ու աշխատցնել: Շրջանին օդը առողջարար էր, ջուրն ալ` հաճելի: Հոն աշխատող հայերը իրենք զիրենք այլեւս ազատ կը զգային տարագրութեան ուրուականէն: Փապուղիին երկու բերաններն էին Ինթիլլի եւ Այրան աւանները, ուր տեսակ մը ինքնավար վարչութիւն հաստատուած էր: Անոնք հայաւան դարձած էին: Այստեղի հայերը թէեւ տաժանակիր աշխատանք կը տանէին, բայց գոհ էին իրենց վիճակէն:
Տէր Վարդանեանի Ինթիլլի հասնելէն երկու ամիս ետք, թրքական իշխանութիւնները բոլոր գաղթականներուն անունները կ՛արձանագրեն նոր վեսիքաներ տալու պատրուակով: Այս քայլը Յովսէփի մտքին մէջ կասկած կ՛արթնցնէ: Ան կը գրէ. «Պաշտօնեաներուն նայուածքը, շարժուձեւը, վարուելակերպը եւ մերթ դիտումնաւոր կամ անգիտակցաբար ըսած խօսքերը կը մատնանշէին, կը մատնէին մանաւանդ անոնց ներքին մարդը եւ հոն թաքնուած ու անթեղուած ժահրն ու մօտալուտ հրդեհը»: Ան կ՛աւելցնէ. «Մօտիկ ապագայի մէջ ծագելիք փոթորիկը կռահելու համար մարգարէական յայտնութեանց պէտք չկար. արտաքին երեւոյթները եւ վարուելակերպերը` սպառնալիք, ծեծ, գործէ արձակում եւ մասնակի ձերբակալութիւններ՛ կը մատնէին ամէն ինչ»:
Հեղինակը յուշագիրքի 17-րդ էջին մէջ կը յայտնէ, թէ բռնագաղթուածներէն ոմանք կը մերժեն յանձնուիլ թուրքին եւ զէնքը առած` Ամանոսի լեռները՝ յատկապէս Կեավուր Տաղլարը կոչուած վայրը կը բարձրանան իրենք զիրենք պաշտպանելու համար: Անոնք մահը կ՛արհամարհեն եւ կը վճռեն մինչեւ վերջ կռուիլ: Պատերազմի չորս տարիներու տեւողութեան անոնք լեռներուն վրայ կը մնան ու կը պայքարին իրենց գոյութեան համար:
Ինթիլլիի մէջ աշխատող հայոց սպառնացող մօտալուտ վտանգը նախազգալով, զուիցերիացի պաշտօնեաներ Մ. Մ. Քոբէլն ու Մորֆը թուրք պատասխանատուներու եւ զինուորականներու կը դիմեն` կոտորածը կանխարգիլելու յոյսով: Թուրքերը խորամանկաբար կը հանգստացնեն երկու զուիցերիացիները` հաւաստելով, թէ հայոց գէշ բան պիտի չպատահի: Սակայն շուտով կը սկսի հայոց տեղահանութիւնը: Թուրքերը մէկ առ մէկ կը խուզարկեն Ինթիլլիի եւ Այրանի հայոց տուներն ու սենեակները եւ բոլոր հայերը կը քշեն յաջորդական կարաւաններով: 2100 հոգինոց կարաւանի մը հետ Յովսէփ Տէր Վարդանեանն ալ կը տեղահանուի: Կարաւանը երբ Պաղչէ կը հասնի, թուրքերը չոր հաց բաշխելու պատրուակով մարդահամար կ՛ընեն: Գաղթականներուն կ՛արտօնուի գիշերը բաց դաշտի մը մէջ անցընել: Այդ գիշեր չեթէները կարաւանը կը կողոպտեն: Աքսորականները առտուն ճամբայ կը հանուին անտառային ուղիներով: Հոն թուրքերը հայուհիներ կը պղծեն ու կ՛առեւանգեն: Ստեղծուած սարսափելի վիճակին ականատես, հեղինակը կը գրէ. «Խնդիրը պարզուած էր, ոստիկանները ամէն ամօթ ու խիպ մէկդի թողած, խիղճն ու բանականութիւնը լռեցուցած, միայն իրենց անբանի ստորին կիրքերուն յագուրդ տալու ետեւէն էին ինկած: Չէ՞ որ զոհերը հայ էին ու հայը դատապարտուած էր մահուան»:
Առեւանգումներուն կը յաջորդեն սպանութիւնները: Հեղինակը ականատես կը դառնայ չորս հայ երիտասարդներու գնդակահարութեան: Թուրքերը կարաւանը Մարաշէն անցընելով Այնթապ կը քշեն, ուրկէ Պերեճիկ կը տանին: Յովսէփ մօտակայ գիւղի մը մէջ աքսորեալ հայ ընտանիքի մը քով կը մնայ եւ հողագործութիւն կ՛ընէ: Գաղթականները կրկին ճամբայ կը հանուին եւ Ճարապլուս կը տարագրուին:
Յովսէփ կառավարական շէնքի մը կառուցման կը տարուի մարաշցի, այնթապցի եւ նիկոմիդիացի 60 հայերու հետ: Տաժանակիր աշխատանք էր` փոխան չոր հացի կտորի մը, որ «աւելի շատ յարդ կը պարունակէր» քան ցորեն: Ճարապլուսի հիւանդանոցը կը գտնուէր նաեւ չորքմարզպանցի բժիշկ տոքթ. Միսաք Մամալեանը: Օր մը երեկոյեան ոստիկանները կու գան, հայ գործաւորներէն 51 հոգի կը ձերբակալեն ու միւտիւրի ապարանքին բակը կը տանին: Խեղճերը գիշերը հոն ոտքի վրայ կ՛անցընեն: Երկու կալանաւոր կը յաջողի փախուստ տալ: Առաւօտուն միւտիւրը եւ հազարապետ Հիւսնի պէյը անոնց կը խօսին սպառնական ոճով, ներում կը շնորհեն անոնց … չգործած յանցանքին համար, ապա իրենց խօսքը կը շարունակեն յորդորական ոճով եւ զանոնք կը ղրկեն կառավարական շէնքի մը կառուցման վրայ աշխատելու: Այս ձերբակալման պատճառը ի յայտ կու գայ աւելի ուշ: Արդարեւ, Ճարապլուսի մօտ գտնուող Եփրատի վրայ հսկայ կամուրջի մը պահակագունդին հարիւրապետը Ճարապլուսի միւտիւրին հետ գժտուած ըլլալով, անոր մասին Եդեսիոյ մութասարրիֆին բողոք ներկայացուցած էր, թէ միւտիւրը աւանը լեցուցած է հայ գաղթականներով, որոնցմէ ոմանք կը ծրագրեն կամուրջը օդը հանել: Նենգ հարիւրապետին դաւն ու սուտը երեւան հանելու համար, միւտիւրը կը խորհի քաղաքին մէջ պահել հայ գաղթականները եւ անձնապէս պատժել խառնակիչը:
Ճարապլուսի մէջ թէեւ Յովսէփ սնունդի եւ հագուստի մտահոգութիւն չունէր, սակայն կը փափաքէր Հալէպ անցնիլ: Երկաթուղագիծի հայ պաշտօնեայի մը օգնութեամբ ան շոգեկառք կը նստի եւ կը յաջողի Հալէպ մտնել: Յովսէփ գիշերով կը թակէ իրենց խնամի Լեւոն Փարթամեանի տան դուռը: Լեւոնին մայրը գրկաբաց կ՛ընդունի զայն եւ ապաստան կու տայ անոր: Տան մէջ էին արդէն Յովսէփի ծնողներն ու ընտանիքը, որոնք Մարաշէն բռնագաղթուած էին նախապէս:
Յուշագիրքի երկրորդ գլուխի «Բարի սամարացին» խորագրեալ հատուածին մէջ Յովսէփ Տէր Վարդանեան կը պատմէ իր եւ ընտանիքին Մարաշէն բռնագաղթին ու մինչեւ Մումպուճ աքսորին մասին: Հատուածը համառօտ կը նկարագրեմ ստորեւ:
Յովսէփ Տէր Վարդանեան 1915-ի Հոկտեմբերի վերջերը 60 ընտանիքներու հետ ընտանեօք կը տարագրուի Մարաշէն: Անոնց առաջին հանգրուանը կ՛ըլլայ Գաբու-Չամ գիւղը: Հակառակ գաղթողներու վրայ հսկող հարիւրապետին հաւաստիքներուն, բոլորն ալ ահ ու սարսափի մէջ էին, թէ ինչ պիտի ըլլար իրենց վերջը: Բռնագաղթեալները առտուն ճամբայ կը հանուին: Երկու հոգի փախուստ կու տան, բայց երբ երեկոյեան անոնք կը վերամիանան կարաւանին, ոստիկանները զանոնք կը ձերբակալեն եւ իսկոյն կը գնդակահարեն:
Կարաւանը Այնթապ կը հասնի: Տարագրեալները քաղաքէն դուրս Գավաքլըք ըսուած վայրը կը հանգստանան: Այնթապի հայերն ալ աքսորի հանուած էին, բացի քանի մը հոգիէ, որոնք անփոխարինելի արհեստաւորներ էին հաւանաբար: Վերջիններս կը մօտենան եւ գաղթականներուն հետ կը զրուցեն, բայց ոստիկանները արգելք կ՛ըլլան զրոյցի շարունակման:
Կարաւանը մինչեւ Պապ յարաբերաբար հանգիստ կ՛ընթանայ: Նախորդ կարաւաններէն ճամբուն վրայ աջ ու ձախ մնացեր էին դիակներ, որոնց տէրերը երկար ճամբու յոգնութենէն եւ հիւանդութիւններէն մահացած էին կիսամերկ ու գլխաբաց: Կարաւանին այրերը հազիւ կը կարողանան այդ դիակներէն քանի մը հատը հողով ծածկել, որովհետեւ ոստիկանները զանոնք առջեւ կը քշեն բռնութեամբ: Աքսորեալները Պապի մէջ ուրիշ մարաշցիներու, այնթապցիներու եւ հաճընցիներու կը հանդիպին: Ազգականներ զիրար կը գտնեն ու կ՛ողջագուրուին:
Պապէն հանուելով կարաւանը կ՛ուղղուի չերքէզաբնակ Մումպուճ աւանը: Թուրքեր չերքէզները հոս բերած էին 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմին: Աւանին մէջ կային փռապանութիւն ընող աքսորական սասունցիներ: Հսկող ոստիկանները կը փոխանակուին նորերով: Վերջիններուս տասնապետը, կարեկից զգացումներէ մղուած, քանի մը աքսորեալի կը հարցնէ, թէ արդեօք հանգի՞ստ հասած էին: Անոր ազնուութենէն քաջալերուած, քանի մը հայեր կը բողոքեն կարգ մը ոստիկաններու դրամաշորթութեան դէմ: Տասնապետը իսկոյն կը հարցաքննէ այդ ոստիկանները: Սկիզբը անոնք կ՛ուրանան, բայց յետոյ կը խոստովանին իրենց յանցանքը: Տասնապետը զանոնք խոշոր բիրով մը կը գանակոծէ եւ շորթուած դրամները թշուառներուն կը վերադարձնէ: Այս առթիւ Յովսէփ Տէր Վարդանեան կ՛ըսէ. «Տարագրութեան փշալից ճամբուն վրայ նման դէմքեր ու դէպքեր շատ ցանցառ ու հազուագիւտ էին», ու կ՛աւելցնէ. «Սոյն տասնապետին այս անակնկալ եւ մարդասիրական ընթացքն ու արարքը տակաւին չմեռած խղճի ձայն մըն էր»:
Մինչեւ Մումպուճ ճամբու ընթացքին այդ բարի տասնապետը կարաւանին կ՛ընկերանայ իբրեւ թոյլերու պաշտպան ու պահապան: Ան տկարները գրաստի վրայ կը տեղաւորէ: Ո՞վ կրնար հակառակիլ այդ վճռական մարդուն…
Հեղինակը հոս կ՛աւարտէ իր ականատեսի վկայութիւնը:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
Յովսէփ Տէր Վարդանեան (մէջտեղ կայնած պատանին)