Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՔԱԹԻ. «ՀԱՐԱՒԻ ՀԱՐՑՈՎ ԵՐԱՇԽԻՔ ՉԿԱՅ»

July 25, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՄԻՔԱԹԻ. «ՀԱՐԱՒԻ ՀԱՐՑՈՎ ԵՐԱՇԽԻՔ ՉԿԱՅ»

 

 

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի մտահոգիչ համարեց հարաւի զարգացումները եւ շեշտեց, որ անրաժեշտ հաղորդակցութիւններ կը կատարուին առնչակից կողմերուն եւ դիւանագէտներուն հետ՝ կանխելու իրավիճակի վատթարացումը: «Չենք կրնար ըսել, որ երաշխիքներ կան, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ վստահիլ թշնամիին, սակայն պէտք եղածը կ’ընենք՝ լուծումներ գտնելու համար», ըսաւ Միքաթի: Խօսելով ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգելու թղթածրարին մասին, վարչապետի պաշտօնակատարը հաստատեց, որ հաղորդակցութիւններով աշխատանք կը տարուի համապատասխան որոշումի հրապարակումին ուղղութեամբ:

Այլ գիծի վրայ, Միքաթի ողջունեց Լիբանանին տրամադրուած Իրաքի աջակցութիւնն ու երկկողմանի համագործակցութեամբ եղբայրական յարաբերութիւնները աւելի խորացնելու Պաղտատի մտադրութիւնը: Վարչապետարանի այցելուներուն հետ ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին Միքաթի ներկայացուց Իրաք կատարած այցելութիւնն ու իրաքցի պաշտօնակիցին հետ ունեցած տեսակցութիւնը: Միքաթի նշեց, որ բոլոր նիւթերու արծարծումը պիտի շարունակուի Սեպտեմբերին՝ Պէյրութի մէջ կայանալիք տնտեսական համագործակցութեան յանձնաժողովի նիստին ընթացքին, որ առիթ պիտի ըլլայ աշխուժացնելու արդէն ստորագրուած համաձայնագրերը եւ քննարկելու նոր պայմանագրեր կնքելու հնարաւորութիւնը: Վարչապետի պաշտօնակատարը երախտագիտութիւն յայտնեց միշտ Լիբանանի կողքին կանգնող Պաղտատի դիրքորոշումին համար:

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐՈՒ 109-ԱՄԵԱԿԸ

Next Post

ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post
ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

ՌՄԲԱԿՈԾՈՒՄ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.