ԼԻԲԱՆԱՆ
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԸ
Լիբանանի հանրօգուտ շինութեան եւ փոխադրութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիյէ յայտնեց, որ պիտի սկսի Պէյրութի նաւահանգիստի մաքրութեան հոլովոյթը: 2020 թուականի պայթումէն մնացած թափօնները պիտի հաւաքուին ու վաճարուին աճուրդով: Այս ձեւով եկամուտ պիտի ապահովուի կառավարութեան եւ մաքրուած 150 հազար քառակուսի մեթր տարածութիւնը պիտի վարձուի տարբեր ընկերութիւններու:
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան ժողով գումարեց Լիբանանի մէջ Լիբանանի դեսպանին հետ: Գոհունակութիւն յայտնուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական յարաբերութեան մակարդակին համար, որ ժառանգ մնացած է նախորդ սերունդներէ: Պուչիքեան իտալացի դեսպանին ներկայացուց Եւրոպական միութեան կեդրոն՝ Պրիւքսէլ կատարած իր այցելութեան եւ բանակցութեան արդիւնքները՝ լիբանանեան ապրանքին մուտքը դիւրացնելու համար եւրոպական շուկայ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍ
ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի տնտեսութեան մէջ սկսած է երեւիլ ժխտական ցուցանիշ մը, որ սպառողներու պարտքի յաւելումն է: Մայիս ամսուան ընթացքին սպառողներու պարտքը աւելցած է 24,9 առ հարիւր համեմատութեամբ: Այս ցուցանիշը ժխտական է այն իմաստով, որ աշխատավարձը չ’աւելնար եւ տնտեսական աճը բարձր չէ, ուրեմն միջին կամ երկար ժամանակի վրայ պարտք պիտի աւելնայ՝ ճնշելով սպառողին ու տնտեսութեան վրայ:
Ատրպէյճան սկսած է նոր ապատեղեկատուութիւն տարածել այն մասին, թէ Ֆրանսան Հայաստանը զինելով պատճառ պիտի դառնայ նոր բախումի մը Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ: Հայաստան այս թեզին պատասխանեց՝ ըսելով, թէ ամէն գերիշխան պետութեան իրաւունքն է զինուիլ իր սահմանները պաշտպանելու համար: Դժբախտաբար ներկայիս Ռուսիա եւ Ատրպէյճան կը գտնուին նոյն դիրքին վրայ՝ չընդունելով Հայաստանի զինումը Արեւմուտքի կամ Հնդկաստանի կողմէ, նոյն ատեն Ռուսիոյ պարագային թոյլ չտալով որ Հայաստան իրենցմէ գնուած զէնքերը գործածէ պատերազմի ատեն:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ
ՆՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ԵՒ ԲՈՂՈՔ
Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը յայտարարեց, թէ համաձայնագիր ստորագրած է Իրանի հետ, երկրին մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի պաշարները զարգացնելու համար: Երկրու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը կը կատարուի երկաթուղագիծով, որ կ’անցնի Ատրպէյճանէն եւ Ռուսիան կը կապէ Հնդկաստանին, Իրանի միջոցով: 2022 թուականին, Իրան Ռուսիայէն գնած էր 40 միլիառ ԱՄՆ տոլարի քարիւղ եւ բնական կազ:
Քենիոյ նախագահը, որ խոստացած էր ժողովուրդին կեանքի պայմաններու բարելաւում, գործեց հակառակը եւ խորհրդարանին մէջ անցընել տուաւ տուրքերու յաւելումի օրէնքը: Այս քայլը դուռ բացաւ մեծ արիւնահեղութեան: Ամբոխը յարձակեցաւ խորհրդարանին վրայ եւ կրակի տուաւ զայն: Ոստիկաններ սպաննեցին տասնեակ մը երիտասարդ բողոքողներ:
ԱՍԻԱ
ՃԱՓՈՆԻ ԾԱՆՐ ՎԻՃԱԿԸ
Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներու ընթացքին ճափոնական եէնը շարունակեց իր անկումը: Այս ընթացքը պատճառ դարձաւ որ Ճափոնի Կեդրոնական դրամատունը միջամտէ: Դրամատունը շուկայ մտցուց 61,6 միլիառ ԱՄՆ տոլար զսպել կարենալու համար իր դրամանիշին անկունը: Եէնը մէկ ԱՄՆ տոլարին դիմաց հասաւ 160.245-ի, որ ամենացածն է 34 տարիէ ի վեր: Այս միջամտութեան պատճառով ԱՄՆ-ի Գանձային նախարարութիւնը Ճափոնը աւելցուց իրենց դրամանիշի փոխարժէքին վրայ ազդող երկիրներու ցանկին վրայ:
ԵՒՐՈՊԱ
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԵՒ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Ֆրանսայի մէջ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի աջ կեդրոն կուսակցութիւնը գրաւեց երրորդ դիրքը երկրին մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական արտակարգ ընտրութեան: Այս ձախողութեան պատճառը եւ ծայրագոյն աջ կուսակցութեան յաջողութեան պատճառները պէտք է փնտռել երկրի տնտեսական ծանր վիճակին մէջ: Մաքրոն գործեց մեծ սխալ մը, երբ միացաւ ԱՄՆ-ի հակառուս քաղաքականութեան եւ դադրեցուց Ռուսիայէն աժան կազ գնելը: Սղաճը եւ անոր յաջորդող տնտեսական տագնապը առիթ տուին իր հակառակորդներուն քուէ շահելու: Երկրորդ փուլին նախագահ Մաքրոն կրնայ վերագտնել իր կորսնցուցածէն մաս մը, սակայն հարուածը հասած է:
Միացեալ Թագաւորութեան ընտրութեան ալ Պահպանողական կուսակցութիւնը վճարեց գինը իր կատարած սխալներուն: Տնտեսութեան ծանր վիճակը եւ սղաճը չզսպելը հիմնական պատճառներն էին այդ ձախողութեան: Ընտութեան յաղթանակ տարած Աշխատաւորական կուսակցութիւնը մեծ գործ ունի կատարելիք երկրին տնտեսութեան շարժիչը անգամ մը եւս աշխուժացնելու համար:
ԱՄՆ
ԱՀԱԶԱՆԳ
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը (IMF) քննադատեց ԱՄՆ-ի վարչակազմը իր վարած անպատասխանատու քաղաքականութեան համար, մանաւանդ երկրին արձանագրած իրերայաջորդ առեւտուրի եւ ամավարկի կամ պիւտճէի բացը մեծ պահելուն համար: Երկրին պետական պարտքը շատ արագ կը մօտենայ 35 հազար միլիառ ԱՄՆ տոլարի սահմանին: Երկրին պիւտճէի բացը այս տարի պիտի հասնի 1,9 հազար միլիառ ԱՄՆ տոլարի որ կը ներկայացնէ երկրի համախառն արդիւնքին 7 առ հարիւրը: Ըստ հիմնադրամին, այս պարտքին անհաշիւ մեծնալը մեծ վտանգ կը ներկայացնէ ԱՄՆ-ի եւ միջազգային տնտեսութեան համար: Մեծ պարտք կը նշանակէ տոկոսի վճարելի մեծ գումար, որ կը վնասէ երկրի զարգացումին: Դժբախտաբար երկու կուսակցութիւններն ալ չեն կրնար գօտի սեղմելու քաղաքականութիւն վարել տարբեր պատճառներով եւ իշխողը ամէն բան կը նետէ իր յաջորդին վրայ:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ՇՈՒԿԱՅԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
Ըստ Ռուսական Դաշնութեան երկրագործութեան նախարար Օքսանա Լոի, ՊՐԻՔՍ կազմակերպութեան անդամ երկիրները կ’ուղղուին հաստատելու հատեղէնի առեւտուրի շուկայ իւրաքանչիւր արտադրութեան գինը ճշդելու համար ըստ առաջարկի եւ պահանջարկի: Այս շուկային մէջ երկիրներ ուղղակի պիտի գնեն արտադրողէն: ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրներ կ’արտադրեն աշխարհի հատեղէնի, կաթնեղէնի եւ միսի 40 առ հարիւրը: Անոնք կ’արտադրեն ձկնեղէնի եւ ծովային ուտելիքի 50 առ հարիւրը:
Թուրքիա որոշեց անդամակցութեան դիմումնագիր ներկայցնել՝ անդամակցելու համար ՊՐԻՔՍ-ին: Պատճառը այն է, որ Թուրքիա տեղեակ է թէ ապագան զարգացող այս համախմբումին է: Ուրեմն, ան կ’ուզէ միանալ օգտուելու համար անոր հսկայ շուկայէն եւ ներդրումի կարելիութիւններէն: Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը միշտ կաշկանդած է Թուրքիան իր պայմաններով: ՊՐԻՔՍ-ի Զարգացումի դրամատունը շատ աւելի շահաւէտ պայմաններ ունի: Նկատի առնելով որ Թուրքիա կ’ուզէ զարգացնել իր գերիշխանութիւնը, ՊՐԻՔՍ-ին միանալը աւելի շահաւէտ է: Սակայն, Արեւմուտքը ո՞ր աստիճանի թոյլ պիտի գտնուի Թուրքիոյ նման կարեւոր դաշնակից մը կորսնցնելու համար:
Աղբիւրներ՝ «Տը Էքոնոմիսթ», «Ռաշա Թուտէյ», «eurasianet.org» «Առաւօտ» եւ «Ալ Տիյար»
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ