Այս բանալիներէն գլխաւորն է իրերու չկապուիլը։ Ճիշդ է, որ մեզի անհրաժեշտ են բնակարան մը ունենալ, չափաւոր եւ լաւ սնանիլ։ Այս հիմնական անհրաժեշտութիւններէն դուրս երջանկութիւնն ու դժբախտութիւնը հիմնականօրէն կախուած են այլ գործօններէ, ինչպէս՝ սէրը, ազատութիւնը, առողջութիւնը եւ ինքնակառավարումը։ Ուրեմն անհրաժեշտ է, որ կեանքը ընդունինք այնպէս, ինչպէս որ ան կը ներկայանայ մեր դիմաց, իր վերիվայրումներով, երբեմն ամենանպաստաւոր, երբեմն ալ դժուար պահերով։
Պուտտայական փիլիսոփայոթիւնը կ՛ըսէ, որ ամէն ինչ ոչ-շարունակական բնոյթ ունի, որովհետեւ ամէն ինչ կը փոխուի, շարժական է։ Այս փիլիսոփայութիւնը հիմնուած է իրերու չկապուելու սկզբունքին վրայգ պէտք չէ կապուինք այն ինչի` որ անցողիկ է, փոփոխական, շարժական։ Օր մը առողջ ենք, մենք մեզ լաւ կը զգանք, յաջորդ օրը կրնանք հիւանդանալ, նոյնպէս շրջան մը բարեկեցիկ կեանք կը վարենք, որուն կրնայ հետեւիլ աղքատ, նոյնիսկ ուրիշներու կարօտ օրեր։ Ինչպէս նաեւ երջանկութիւնը վաղանցիկ բնոյթ ունի։ Ոչինչ, ոչ մէկը կրնայ երաշխաւորել առողջութեան, բարօրութեան կամ երջանկութեան տեւական ըլլալը։ Պուտտայական փիլիսոփայութիւնը իր արմատները կը գտնէ նաեւ հին հելլեն փիլիսոփաներու մօտ, ինչպէս ստոյիկեաններն ու եպիկուրեանները-հեշտասէրները։ Ընդհանուր առմամբ աշխարհի բոլոր վարդապետութիւնները կը դատապարտեն նիւթական արժէքներու սեւեռումն ու արծաթապաշտութիւնը։ Յիսուս իր առաքեալներուն հրահանգած է անջատուիլ, հեռանալ նիւթապաշտութենէ, առանց անոնցմէ պահանջելու լքել իրենց ունեցածը։ Ան ըսած է. «Ոչ մէկը միաժամանակ կրնայ ծառայել երկու արժէքներու `մամոնային եւ Աստուծոյ»։
Նիւթեղէնի չկապուիլը փիլիսոփայութիւն մըն է, որուն հրամայականը ոչ ճգնաւոր դառնալ է եւ ոչ ալ նիւթական բաները արհամարհել, այլ պարզապէս մերժել ամէն գնով կապուիլ նիւթեղէնի, իրերու եւ մերժել արծաթապաշտութիւնը։ Շատ բնական է հաճոյք առնել տիրանալու սեփական բնակարանի մը, կառուցել զայն ամենայն հանգստաւէտութեամբ եթէ կարելի է, ունենալ համակարգիչ մը, ինքնաշարժ մը, նաեւ ճամբորդել եւ վայելել այլ հաճոյքներ։ Էականը արթուն եւ գիտակից մնալն է, ըլլալ ժուժկալ, զսպուած, չափաւոր եւ զգաստ։ Չտարուիլ կապուած մնալէ բացարձակ կերպով հարստութեան, չմոռնալ որ մէկ օրէն միւսը, որ կրնանք կորսնցնել նիւթեղէն բաներ, յարկաբաժին, ինքնաշարժ կամ այլ թանկագին իրեղէններ։ Նիւթական արժէքներն են, որոնք մեզի կը ծառայեն, բայց ոչ՝ մենք անոնց։ Չկապուիլ իրեղէն արժէքներու կը նշանակէ չըլլալ անոնց գերին։ Այսուհանդերձ արգիլուած չէ խնամք տանիլ անոնց, սկսելով գուրգուրալ մեր մարմնական առողջութեան վրայ։
Եթէ իրերու չկապուելու փիլիսոփայութիւնը պաշտպանելի է իր ամբողջութեամբ, զայն ընդհանրացնել ապրող էակներու համար նոյնքան ընդունելի չէ։ Ի դէպ պուտտայականութիւնը կը քարոզէ չկապուիլ բոլոր ապրող էակներու անխտիր, ի մէջ առեալ մեզի ամենասիրելի անձերը, մեր ծնողները, կին թէ ամուսինը, զաւակները, մեր բարեկամները եւլնգ։ Այս վերջիններէն ոմանք օր մը պիտի անհետանան, մեզմէ պիտի բաժնուին եւ մենք պիտի տառապինք անոնց մեկնումէն։ Այսուհանդերձ վերոյիշեալ վարդապետութիւնը կը հրահանգէ ամենեւին չկապուիլ այս անձերուն, կանխելու համար ամէն տեսակի տառապանք։ Սակայն այս պարագային ի՞նչ է արժէքը տրուած թէ ընդունուած սիրոյ, որուն բացակայութիւնը կը չորցնէ հոգին։ Ապրող էակներու կապուածութիւնը պուտտայի համաձայն մարդկային տկարութիւն է, սակայն եւ այնպէս սէրը մարդ արարածը գեղեցկացնող բաղկացուցիչն է եւ այդպէս կը մնայ։
Պատրաստեց`
ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ